Ի՞նչ Կ՛ըսէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
13 Մարտին անակնկալօրէն Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւնները աւարտած են, քանի որ Հայաստան ընդունած է վիճելի երկու կէտերու բանաձեւումը: Սովորաբար նման յայտարարութիւններ կը կատարուին միասնաբար, ցոյց տալով, որ տարակարծութիւնները լուծուած են եւ հաստատուած` բարեկամութիւն: Ատրպէյճանի միակողմանի յայտարարութեան աւելի ուշ միացաւ Հայաստան, աւետելով ցանկալի խաղաղութեան հաստատումը:
Ընդունուած 17 կէտերէ բաղկացած համաձայնագիրը, որ վերջ պիտի դնէ երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ հակամարտութեան, տակաւին գաղտնի կը մնայ: Անոր զանազան կէտերու պարունակութիւնը կարելի է կռահել Նիկոլ Փաշինեանի առաջ քաշած զանազան գաղափարներով: Օրինակ` երկու երկիրներու հողային ամբողջականութեան փոխադարձ ընդունումը, որ կ՛ենթադրէ Արցախի ճանաչումը իբրեւ Ատրպէյճանի մաս: Նիկոլ Փաշինեան քանի մը առիթներով յայտնած էր, որ Հայաստան ոչ մէկ հողային պահանջ ունի իր դրացիներէն: Աւելի՛ն, պահանջ պիտի չունենայ նաեւ ապագային:
Բազմաթիւ հարցեր անորոշ կը մնան: Ատրպէյճան պիտի հեռանա՞յ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ երկու հարիւր քառակուսի քիլոմեթր գրաւած տարածքներէն: Ատրպէյճան բնաւ չէ յայտարարած, որ կը ճանչնայ Հայաստանի ամբողջականութիւնը: 1988-էն առաջ Հայաստանի մէջ բնակող ազերիները պիտի արտօնուի՞ն վերադառնալ: Արցախեան շարժման սկզբնաւորութեան ազերիները ծախեցին իրենց կալուածները եւ ունեցուածքը եւ հեռացան: Իսկ Ատրպէյճանի մէջ ապրող երեք հարիւր հազար հայերը պարզապէս ձեռնունայն արտաքսուեցան նոյն թուականներուն. ասոնց իրաւունքները ճանչցուա՞ծ են:
Փաշինեան հակադրութիւն ստեղծեց պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի միջեւ: Իրական Հայաստանը այժմու Հայաստանն է, որ ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, իր վրայ կը կրէ հայոց մշտնջենական հայրենիքի եւ պետականութեան ստորոգելիները: Այս մօտեցումով, «իրական Հայաստանը» կը վերածուի ազգային գաղափարախօսութեան: Հայութեան ներկան ու ապագան տնօրինող այս գաղափարի ցոլացումը առկա՞յ է համաձայնագիրին մէջ:
Առարկայական վերլուծում մը կատարելու համար մեզի կը պակսի համաձայնագիրի տասնեօթը կէտերու պատճէնը: Պարտադրուած այս գաղտնիութիւնը կասկածներ կը յառաջացնէ անոր բովանդակութեան վերաբերեալ: Դարերով ապրած, նուաճուած ու ստրկացուած հայութիւնը, ընկճուած սակայն վերականգնումի յոյսը անդադար փայփայած հայութիւնը ստեղծած է ազգային գաղափարաբանութիւն մը, որ պահպանած է զինք, երաշխաւորած գոյատեւումը: Հիմա, սուտ մարգարէի մը յաղթական օտարի պարտադրած մտայղացումով նորատեսակ Հայաստան ու հայութի՞ւն կը կերտուի: Ինչ որ չկրցան ընել պարսիկն ու հռոմայեցին, արաբն ու բիւզանդացին, սելճուքն ու թաթարը, թուրքը, օսմանցին եւ ռուսը, այժմ կը նկրտի ընել Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան թիւրիմացութեամբ տիրացած վարչապետ մը:
Հակառակ համաձայնութեան վերջնականացման, Ատրպէյճան չ՛աճապարեր ստորագրելու զայն: Տակաւին պայմաններ ունի, որոնց մասին կարելի է կռահել, որ բանաւոր համաձայնութիւն գոյացած է: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը գլխաւորն է այդ պայմաններուն: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, նոր սահմանադրութիւնը պիտի ունենայ տարածաշրջանային տարողութիւն, այսինքն` գլխաւոր օրէնքով պիտի վաւերացնէ «իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը»:
Բախտորոշ օրեր կը սպասեն ոչ միայն «իրական Հայաստանի» քաղաքացիներուն, այլեւ համայն հայութեան: Խաղաղութեան ձգտումը բնական ու ցանկալի երեւոյթ է: Սակայն կարելի չէ խաղաղութիւն կերտել պատմութենէն շեղուելու եւ հայկականութեան դիմագիծը եղծելու ճանապարհով: Կեղծ է նման խաղաղութիւնը, ուրեմն` մերժելի: