ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․- Արշիլ Կորքիի Օր՝ Մարտ 1
Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) քաղաքապետութիւնը, յատուկ որոշումով մը հաստատեց, թէ Մարտ 1 թուականը պիտի նշուի Արշիլ Կորքիի օր, նկատի ունենալով, որ մեծ հռչակ սփռած այս վաղամերկ արուեստագէտը երկար ժամանակ աշխատած եւ գործած է շրջանէն ներս։
Ան Նիւ Ինկլընտ նահանգին մէջ տարբեր վայրեր կը բնակի, ուր նկարչութեամբ կը զբաղի: Կարճ ժամանակ մը գծագրութեան դասեր կ’առնէ Փրաւիտընսի արհեստից ուսումնարանին մէջ:
Կորքի 1922-ին կ’արձանագրուի Պոսթընի New School of Design համալսարանը: Հոն կիսաժամ ուսուցչութեան կը սկսի: Ան յաճախ աշակերտները կը խրախուսէր, որ նկար մը գեղարուեստական պէտք է ըլլայ` լաւ ըլլալու համար:
«Հոգեկան սնունդը արուեստագէտի սերմն է: Երեւակայութիւնը արուեստագէտին վրձինին մազերն են: Ինչպէս որ աչքը ուղեղին զգայարանն է, արուեստն ալ իմ ամէնէն խոր ըմբռնումովս, իմ աշխարհահայեացքովս հաղորդուելու միջոցս է», կ՛ըսէր Կորքի:
Հայոց ցեղասպանութէնէն ճողոպրած ընտանիքի զաւակ, իր ինքնութիւնը փոխելու ցանկութենէն մղուած, ան կ’որդեգրէ «Արշիլ Կորքի» անունն ու մականունը, ինքզինք վրացի ազնուական կոչելով (վրացական Արշիլ անունը առնելով), նոյնիսկ պնդելով, թէ ինք ռուս գրագէտ Մաքսիմ Կորքիին հարազատն է։
Այս առթիւ, յառաջիկայ ամրան, տեղացի արուեստագէտ Պրենտըն Կայա Մարշալի նշեալ եզակի գործը պիտի ցուցադրուի Ուաթըրթաունի մէջ։