Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Կոչը՝ Արդար Եւ Տեւական Խաղաղութեան
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «խաղաղութեան» պայմանագրի վերաբերեալ շրջան ընող վաղաժամ տեղեկութիւններուն առնչութեամբ.
«Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը ձգտի իրական խաղաղութեան՝ արդար եւ տեւական խաղաղութեան, որ կը յարգէ հայ ազգի իրաւունքները եւ կ՚ապահովէ հայերու վերադարձը Արցախ՝ եւ ոչ թէ կեղծ «խաղաղութեան»՝ Հայաստանի ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան միակողմանի զիջումով, որ Երեւանին պարտադրուած է զէնքի սպառնալիքով» յայտարարեց Համբարեան։
Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները աւարտած են, եւ երկու կառավարութիւններն ալ յայտնած են, որ պատրաստ են ստորագրելու տակաւին չյայտարարուած պայմանագիրը։ Ըստ հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն՝ այս համաձայնագիրը նպատակ ունի պաշտօնականացնել երկու երկիրներու յարաբերութիւնները՝ անտեսելով Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները, հայ ռազմագերիներու անօրինական կալանաւորումը ու խոշտանգումները, Հայաստանի դէմ շարունակուող գոյութենական սպառնալիքները, Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջները, ինչպէս նաեւ Արցախի հայերուն հաւաքական, պաշտպանուած ու արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը խափանելը։ 2020-ին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) եւ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած պատերազմի արդիւնքով, Ատրպէյճանը իրականացուց 10-ամսեայ դաժան շրջափակում մը, որ աւարտեցաւ Արցախի ցեղասպանական էթնիկ զտումով. 2023-ի Սեպտեմբերեան յարձակումներէն ետք, 120,000 հայ քրիստոնեաներ բռնի կերպով տեղահանուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն։
Վաղաժամ նկատուող յայտարարութեան մէջ, նկատի ունենալով արդար ու յարատեւ խաղաղութեան բազմաթիւ խոչընդոտները, Ա.Մ.Ն. Պետական Քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ նշած է.
«Միացեալ Նահանգները կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը։ Ասիկա առիթ մըն է երկու երկիրներուն համար՝ շրջելու տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան էջը՝ համաձայն նախագահ Թրամփի տեսլականին՝ աւելի խաղաղ աշխարհ մը ստեղծելու համար։ Հիմա ժամանակն է նուիրուելու խաղաղութեան, ստորագրելու ու վաւերացնելու պայմանագիրը՝ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն համար նոր բարեկեցիկ ժամանակաշրջան մը բերելու նպատակով»։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ պաշտպանել այնպիսի խաղաղութիւն մը, որ պիտի խթանէ Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, պիտի պահպանէ անոր սահմանադրական ամբողջականութիւնը, եւ պիտի վստահեցնէ Արցախի բռնի տեղահանուած հայերուն վերադարձի իրաւունքը իրենց պատմական հայրենիքը՝ Արցախ։