Յօդուածներ

 ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆԸ ՈՒՐՈՒԱԿԱ՞Ն Է, ԹԷ՞ …

Յ. Պալեան 

            Արագացած ժամանակը կրնա՞յ ընել այնպէս, որ Երրորդ Համաշխարհայինի ուրուականը դառնայ իրականութիւն: Այսօր ան հեռատեսիլէն դիտուած հէքիաթի նմանող սպառնալի՞ք է, վախի ռազմավարութի՞ւն: Առաջինը եւ Երկրորդը դեռ չեն մոռցուած: Երրորդէն ետք, ինչպէս ըսած է Այնշթայն, ողջ մնացողները, եթէ ըլլան, պիտի վերադառնան քարերով եւ բիրերով կռուող նախամարդու վիճակին:

            Աշխարհի ութը կամ տասը միլիառ բնակիչները չեմ գիտեր թէ քանի միլիոն «ղեկավարներ» ունին: Մեր փոքրիկ ածուի ղեկավարներն ալ բազմաթիւ են, անոնց թիւը չեմ գիտեր, ինչպէ՞ս գիտնալ աշխարհի ղեկավարներու թիւը եւ հասկնալ անոնց ըրածը, ընելիքը եւ չըրածը, մանաւանդ հիմա, երբ զօրահաւաքով, զօրասիւներով, հետեւակով եւ հեծելագունդերով պատերազմ պիտի չմղեն: Յաղթական եւ պարտուած զօրավարներ իրարու դիմաց նստելով խաղաղութիւն պիտի չկնքեն, քանի որ ողջ մնացածներ  պէտք է ըլլան խաղաղութեան դաշնագիր կնքելու համար: Յառաջդիմութիւնը եւ գերարդիական ժամանակը այլ ձեւով պիտի վճռեն: Թերեւս վճռողներ եւ վճիռը գործադրողներ ալ պիտի չըլլան, եւ պիտի ըլլայ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲ: Որո՞նց հետ եւ որո՞նց համար: Ինչպէ՞ս, եւ ո՞վ  կրնայ նախատեսել:  Դաշնագիր կնքող եւ իրաւասուներ պիտի ըլլա՞ն: Այդ  իրաւունքը այսօր  իրենք իրենց վերապահած են, անոնք որոնք իրենց սեղանին վրայ կամ պայուսակին մէջ ունին հիւլէական զէնքի ԿԱՐՄԻՐ ԿՈՃԱԿը: Անոնք տասնեակ մը անգամ չեն: Եթէ մէկը կամ միւսը սեղմէ կոճակը, ուրիշներ ալ պիտի հետեւին, եւ մարդկութիւն, քաղաքաքակրթութիւն եւ ԿԵԱՆՔ կրնան անհետանալ տիեզերքի անհունութեան մէջ: Հիմա կը խօսին, խօսողները բազում են: Ինչպէս կ’ըսուի պարզ հայերէնով, ամէն գլուխէ ձայն մը կ’ելլէ, իւրաքանչիւրը կը դաւանի ըլլալ գլխագիր իրաւունքի եւ տիեզերական ճշմարտութեան զրահուած պաշտպանը:  Այս արդէն երեւակայական գիտութիւն է, գիտնալու եւ նախատեսելու համար թէ, Մեծերու եւ Հզօրներու Կարմիր Կոճակներու խաղէն ետք ի՞նչ պիտի պատահի… Science fiction: Քաղաքական հանդէս կայ, կայ խօսքի առատութիւն, միշտ յանուն իրաւունքներու: Բեմ են լրատուամիջոցները, կարծիքներու շտեմարան համացանցը, ուր կ’ըսուի ամէն բան եւ ըսուածի հակառակը: Խօսքի ազատութեան եւ բանգիտութեան խառնիճաղանճ: Ի հարկէ նաեւ, ինչպէս միշտ,գոհունկութեամբ,  մեր «փոքրիկ ածու»ին մէջ:

            Որքա՜ն միամիտ եղած ըլլալու էր ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Ռընէ Տէքարթ, որ ըսած էր, թէ «ողջախոհութիւնը հաւասարապէս բաժնուած է աշխարհի մէջ», bon sens, common sens: Իր օրերուն «կարմիր կոճակներ» չկային:

            Եթէ մեծեր եւ նուազ մեծեր, համաշխարհային եւ թաղային հեղինակութիւններ, հիմա նաեւ համացանցի ինքնակոչիկ արքայիկներ, Տէքարթի «հաւասարապէս բաժնուած ողջախոհութենէն իրենց բաժինը ստացած ըլլային, անոնք տարբեր կ’ըլլային, աշխարհն ալ տարբեր կ’ըլար:

                        Աշխարհատարած լրատուամիջոցները կը խօսին նոր ժամանակներու կայսրութիւններու ծնունդի կամ վերածնունդի մասին, անոնց անունները եւ հասցէներն ալ կը հոլովուին, ինչպէս Ամերիկեան, Չինական, Թրքական, Իսլամական, Արաբական: Կարծէք մեր ծերացած մոլորակը տանտիկինի կրակի վրայ եղող «փրեսթօ»ն է, «cocote-minute»-ը, «pressure cooker»-ը… Ոչ մէկ տանտիկին կամ մեծանուն խոհարար անոր կափարիչը չի բանար, երբ ան կրակի վրայ է: Եթէ բանայ աղէտ կը պատահի:

            Կ’ենթադրեմ, որ «Աշխարհի Մեծեր»ը pressure cooker-ի դիմաց կանգնած տանտիկինի չափ խելք ունին անոր կափարիչը չբանալու կամ «կարմիր կոճակ» չսեղմելու համար …

            Հիմա աշխարհ prsessure cooker է, որուն շուրջ հաւաքուած են բազում «խելօք» առաջնորդներ, որոնք կարծէք մոռցած են առաջին եւ երկրորդ «համաշխարհայիններ»ու կիզող դասը, միլիոնաւոր մահերը եւ աւերները: Կը մտածեմ, որ թերեւս սպառնացող «հիւլէական պատերազմ»ը զիրար վախցնելու միտող «կարմիր կոճակ»ներու տէր մեծերու մանկական խաղ է: Ո՞վ չի գիտեր, որ եթէ մէկ կոճակ սեղմուի, պիտի սեղմուին միւս կոճակներն ալ: Յետոյ ի՞նչ կ’ըլլայ: Սեղմողները «հարա քիրի» ընելու պատրա՞ստ են: Այսօր «կարմիր կոճակներ»-ու խաղաղութեան ժամանակն է:

            Այս վտանգները գիտյ pressure cooker եռացող կաթսային առջեւ կանգնած համեստ տանտիկինը եւ կը վերաբերի ողջախոհութեամբ: «Կարմիր Կոճակ» ունեցողները Հայոց Արտաւազդ թագաւորին չափ իրատեսութին չունի՞ն, խորհելու, որ հիւլէական խարուկահանդէսէն ետք, եթէ ողջ մնացողներ ըլլան եւ իրենք ալ մնան, պիտի ըսեն, թէ  ո՞ր աւերակներուն ինչպէ՞ս եւ որպէս ի՞նչ պիտի թագաւորեն:

            Հիւլէական պատերազմը անկարելի է, քանի որ ան մասնակի երեւոյթ մը պիտի չըլլայ, սկսկող եւ             աւարտող ուժի ցուցադրութեան հանդէս եւ զուարճութիւն: Հետեւաբար, «Հիւլէական Սարսափ»-ի դրութիւնը պիտի առաջնորդէ նոր տեսակի հաւասարակշռութեան, պիտի ըլլայ վերադարձ նորատեսակ դասական մրցակցութեան՝ դասական զէնքերով: Արդէն ընթացքի մէջ են դասական զինանոցի ստեղծումով եւ աճով, դասական հաւասարակշռութիւններ ստեղծելու գիտակցութիւնը եւ անոր հետեւող սպառազինումը, որոնք պիտի յանգեցնեն  հիւլէական զէնքերը թանգարան դնելու, քանի որ ո՛չ մէկ երկիր, եւ ո՛չ մէկ ղեկավար պիտի ուզէ միլեառաւոր մարդոց դահիճը ըլլալ, սեղմելով «կարմիր կոճակ»ը… եւ «հարաքիրի» ընել:

            Լաւատեսութեամբ կրնանք ըսել, որ հիւլէական սպառնալիքը ուժի ցուցադրութիւն է, նախատեսելին առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ դասական-ճարտարարուեստական պատերազմն է, յոգնակի, բայց եւ միշտ մահասփիւռ:

            Ինչո՞ւ մարդիկ, ազգեր եւ ղեկավարներ կանգնած են աւերածին մարտահրաւէրներու դիմաց, երբ պատմութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ միշտ բանակցած են եւ  աւերակներու վրայ ստեղծած են խաղաղութիւն: Թէեւ իմաստութիւն եւ բարոյական միշտ մնացած են տեսութիւն, մարդիկ շարունակած են առաջնորդուիլ առակագիրի բանաձեւած դառն իմաստութեամբ, որ «զօրաւորին օրէնքը միշտ լաւագոյնն է»: (Ժան տը Լաֆոնթէն): (La loi du plus fort est toujours la meilleure)

            Մարդկութիւնը, մեր ապրած հարիւրամեակին, ունեցած է երկու համաշխարհայիններ, որոնց աւարտին, իրաւախոհութեամբ, մտածած է խաղաղութեան հաստատման եւ պահպանման մասին, ստեղծած է կառոյցներ, կայացուցած է որոշումներ, Խաղաղութեան Վեհաժողովէն մինչեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն, բայց ինքզինք չէ բուժած «աւազակի ախտէն», շարունակած է աւար պահել, աւար սեփականացնել, աւարը օրինականացնել եւ պատրաստուիլ նոր Համաշխարհայինի: Եթէ կազմուէր ցանկը զոյգ համաշխարհայիններու ընթացքին տրուած խոստումներու ցանկը եւ աւարտին կայացուած արդարութեան վճիռներու ցանկը, կը կազմակերպուէր հրաժարումներու, սուտի եւ կեղծիքի տօնահանդէս:

            Փորձութեան չեմ դիմադրեր եւ կը մտածեմ, ինչպէս միշտ, մեր «փոքր ածու»ին մասին: Եթէ Լորտ Սեսիլի խոստումը յարգուէր, եթէ Խաղաղութեան Վեհաժողովի որոշումով գործած Ամերիկայի նախագահի վճիռով գծուած Հայաստան մը կեանքի կոչուէր, արդարութիւն հաստատուած կ’ըլլար: Օրինակ մըն էր: Օրինակը կարելի է բազմապատկել:

            Հայ ժողովուրդը եղաւ պատմութեան փարիան, ինչպէս եղան ուրիշներ ալ: Կիսկատար արդարութիւնը նոր պատերազմի աճեցման պարարտ հող է:

            Թերեւս պէտք է եզրակացնել, որ մարդու  ստեղծած մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնները զինք միշտ բանտարկած են,  եւ ինքզինք պահած է նախնական բնազդներու մէջ, զորս երբեմն կոչած են պետութիւն, կայսրութիւն, դաշնակից, քաղաքակրթութիւն, բարոյականութիւն, զանազան անուններով օրէնքներ:             Բայց Գլխաւոր Օրէնքը մնացած է Լաֆոնթէնի բանաձեւած օրէնքը, ըստ որուն, կրկնենք, որ, «զօրաւորին օրէնքը լաւագոյնն է»: Ի հարկէ մեծ ու պզտիկ զօրաւորին, թաղային հեղինակութենէն մինչեւ նախագահներ, թազաւորներ եւ կայսրեր, այս կամ այն իշխանութիւն ունեցող «ՊԵՏ»եր:

            Համեստ քաղաքացիին վիճակուած է հանդիսատեսի դեր: Իր կեանքը եւ մահը կը տնօրինուին այլոց կողմէ, ինք աննշան հիւլէ է: Թէեւ, շահագործելով իր միամտութիւնը, կ’ըսեն, որ «մեծ մանիթու»ները, տեսակ մը աստուածները, ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքով  ինք ընտրած է: Ի՞նչ եզրակացնել: Միթէ՞ քաղաքակրթութիւններ, մշակոյթներ, իմաստասէրներ, գիրքեր եւ մատենադարաններ, նախնական բնազդներու հանդէ՞ս են, եւ մարդը, հին կամ նոր պաճուճանքով, մնացած է բնութեան կարգին մէջ, ուր մեծ ձուկը կ’ուտէ պզտիկ ձուկը:

            Նոր ժամանակներու հրաշքը կրնա՞յ պատահիլ, եւ իմաստուններով եւ կրօններով սնած մարդկութիւնը վճռէ, որ «զօրաւորին իրաւունքը լաւագոյնը չէ», եւ հաստատէ կեանքի եւ իրաւունքի կարգը, եւ «մաքրուելով» կը հետեւի Էմմանուէլ Քանթի պատգամին, ընելով եւ մտածելով այնպէս, որ «մեր արարքը դառնայ տիեզերական օրէնք»:

            Եթէ «կարմիր կոճակ» ունին ներկայի մեծերը եւ հզօրները, ինչո՞ւ պիտի չունենան նաեւ Աւստրալիոյ «Ապորիժեն»ները եւ Հարաւային Ամերիկայի «Նամպիքուարա»ները… եթէ կանոնը «սարսափի խաղաղութիւնն է»: Բառերը չարչարելով քաղաքագէտներ կ’ըսեն՝ հաւասարակշռութիւն:

            Մտածե՛լ Քանթի հետ՝այսօ՛ր: Վաղը ուշ կ’ըլլայ, այդ մասին խօսողներ ալ մնացած չեն ըլլար: Երբեմն հէքիաթի պէս կը պատմեն, որ այս կամ այն երկիրը իր միշտ սաւառնող օդանաւերուն կամ ծովերուն տակ թաքնուած ընդծովեաներուն մէջ բազմաթիւ լարուած հիւլէական ռումբեր ունի, որոնք անմիջպէս իրենց կանխորոշուած թիրախները հարուածելու պատրաստ են :

            Հիմա «կարմիր կոճակ»_ներու եւ prsessure cooker-ի  խաղաղութեան օրերն են: Ո՞վ կրնայ լաւատեսութեամբ ըսել՝ որ այս խաղաղութիւնը կրնայ տեւել:

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button