ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹ
Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընդդիմութիւնը համոզուած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի Սահմանադրութեան նոր բնագիրը պիտի ունենայ նաեւ շրջանային նշանակութիւն, ուղիղ խոստովանութիւն մըն է, որ ան ցանկութիւն ունի երկրին մայր օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու Ատրպէյճանի պահանջով։
Փաշինեան, որ նախապէս նոր Սահմանադրութեան անհրաժեշտութիւնը կը բացատրէր քաղաքացիներու կողմէ մայր օրէնքին նկատմամբ վստահութեան պակասով, առաջին անգամ ըլլալով խօսեցաւ Սահմանադրութեան նոր բնագրին շրջանային նշանակութեան մասին։
Ազգային Ժողովի Հայաստան խմբակցութեան դաշնակցական պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան նշեց, որ մէկը կրնա՞յ բացատրութիւն տալ, թէ ինչպէս կ՛ըլլայ, որ որեւէ երկրի մայր օրէնքը կրնայ ներպետականէն բացի շրջանային կամ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունենալ։ Նախապէս կը պնդէին, որ մայր օրէնքին փոփոխութիւնը ներքաղաքական օրակարգ է։Հիմա շրջանային ո՞ր խնդրին կը հասցէագրուի Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։
*
Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին նիստը, որուն ընթացքին խորհուրդը կոչ ըրաւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւններուն ղեկավարներուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան լիազօրութիւն ունեցող միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ առաւել ազդու միջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի նկատմամբ, պատերազմական հայ գերիները անյապաղ հայրենիք վերադարձնելու համար։
Խորհուրդը արձանագրեց, որ Ատրպէյճանի մէջ գերեվարուած հայ գերիներուն նկատմամբ արարքները հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական իշխանութիւններու շարունակուող թշնամանքի հերթական դրսեւորումներն են։ Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդը կարեւորեց Հայաստանի պետական մարմիններուն եւ համահայկական կառոյցներու ջանքերուն մէկտեղումը՝ հայ գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու համար։ Խորհուրդը Երեւանի իշխանութիւնները յորդորեց նախաձեռնելու գործուն եւ հնարաւորինս տեսանելի քայլեր՝ այս նպատակին իրագործման ծառայեցնելու հայկական եւ միջազգային շրջանակներու բոլոր հնարաւորութիւնները եւ ամբողջ ներուժը։
Խորհուրդը նաեւ կոչ ուղղեց Ռուբէն Վարդանեանի՝ դադրեցնելու հացադուլը։
*
Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը Երեւանի մէջ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին գնահատեց իր աշխատանքներուն յառաջընթացը, վերլուծեց ներքին, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, ծրագրեց իր յառաջիկայ քայլերը։
Յանձնախումբը նախապէս հանդիպումներ ունեցած էր Արցախի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Պաղունցի եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու հետ։ Քննարկման առարկայ եղան Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդին անվտանգ, հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձի ապահովումը, Պաքուի մէջ գերեվարուած պատերազմական հայ գերիներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան եւ ունեցուածքի պաշտպանութիւնը։
*
Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի տագնապի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ Անգարայի մէջ թուրք պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ՝ Հարաւային Կովկասի խնդիրներուն եւ հարցերուն շուրջ։
Եւրոպացի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ դրական այցելութիւն մը ունեցած է Անգարա, ուր քննարկած է Հայաստան- Ատրպէյճան եւ Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններուն կարգաւորման կապուած խնդիրներ։ Ան նշեց, որ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են կապերու եւ շրջանային համագործակցութեան կարելիութիւններուն վրայ, որոնք կրնան օգուտ բերել Հարաւային Կովկասի երկիրներուն, Թուրքիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն եւ Եւրոպական Միութեան։
*
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնը թուրք լրագրողներ հրաւիրեց Երեւան, որպէսզի անոնք հարցազրոյցներ ունենան վարչապետին, պետական պաշտօնատարներու եւ փորձագէտներու հետ։
Այս նախաձեռնութեան նպատակը, ըստ հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէն Գոռ Ծառուկեանի, լուսաբանութիւններ տալն էր թրքական հանրային կարծիքին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման, Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններուն կարգաւորման վերաբերեալ՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն մասին։ Նշենք, որ այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ թրքական Էն Թի Վի-ն հարցազրոյց մը ունեցաւ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ, հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի հետ, որ շեշտեց, թէ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմանի յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ։
*
Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը՝ ՍՈՔԱՐ, կը պատրաստուի իր մասնակցութիւնը բարձրացնելու, Իսրայէլի ուժանիւթի մարզին մէջ։ Ատրպէյճանական ընկերութիւնը երկու շաբթուան ընթացքին աշխատանքային ծրագիր մը պիտի ստորագրէ Իսրայէլի ուժանիւթի եւ ենթակառոյցներու նախարարութեան հետ։ Աշխատանքային այս ծրագրին ստորագրումը կը համարուի ռազմավարական քայլ մը։
ՍՈՔԱՐի վերջին մեծ գործարքը եղաւ այս տարեսկիզբին, երբ իսրայէլեան բնական կազի մեծագոյն հանքավայրերէն մէկուն՝ Թամար նախագիծին բաժնետոմսերուն տասը առ հարիւրին բաժնետէրը դարձաւ։ Այս քայլերը կը համարուին Ատրպէյճան- Իսրայէլ գործակցութեան նոր դրսեւորումներ, որոնք բնականաբար Իրանի ուշադրութենէն պիտի չվրիպին։
*
Մեծ գողութիւն մը կատարուած է Հայաստանի կորիզային կայանի ելեկտրակայանէն։ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան քրէական բաժանմունքի վարչութեան Արմաւիրի մարզի քրէական վարչութիւնը տեղեկութիւններ ստացած է, թէ Մեծամօրի կորիզային կայանին վարչական տարածքին մէջ գտնուող պահեստարաններէն մէկէն գողցուած է պղնձեայ եւ երկաթեայ խողովակներ։
Պարզուած է, որ տեղեկութիւնը հաւաստի է եւ գողութիւնը կատարուած է 28 Փետրուարէն 5 Մարտի միջեւ ինկած ժամանակահատուածին ընթացքին՝ կորիզային կայանին նիւթական մեծ վնաս պատճառելով։
Ոստիկանութեան Արմաւիրի բաժանմունքին մէջ կազմուած են փաստաթուղթեր, որոնք փոխանցուած են Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Արմաւիրի մարզյին քննչական վարչութեան, ուր դէպքին մասին «պետական ունեցուածքի գողութիւն» յատկանիշերով քրէական վարոյթ ընթացք առած է։