Ամերիկահայ

Կազմակերպութեամբ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի՝ Կիներու Միջազգային Օրուան Առթիւ Խորհրդաժողով

 

Նիւ Եորքի մէջ Մարտ 8-ին՝ կիներու միջազգային օրուան առթիւ, կազմակերպուեցաւ խորհրդաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 120 Հ․Օ․Մ․-ուհիներ եւ կիներու հարցերով հետաքրքրուած անձեր։

Բացման խօսքը կատարեց Նիրի Գաբրէլեանը (Նիւ Ճըրզիի «Շաքէ» մասնաճիւղ), ապա Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Լագիսեանի աղօթքէն ետք, մեկնարկը տրուեցաւ խորհրդաժողովին։

Սուզան Արփաճեան-Ժոլի խօսեցաւ Ցեղասպանութեան մասին, իր մեծ մօր՝ Արտեմիսի յուշերը նշելով։ Այս վերջինին անունը կը կրէ Ֆիլատելֆիոյ Հ․Օ․Մ․-ի մասնաճիւղը, որուն գործօն անդամներէն է, նոյնինքն Սուզան Արփաճեան-Ժոլին։

Ապա, խօսք առաւ Վիրժինի Թուլումեան, որուն կիզակէտն էր Հ․Օ․Մ․-ի կատարած եւ կատարելիք գործունէութիւնը, շարունակ ծառայելով հայրենիքին եւ սփիւռքին։

Թալին Լաչինեան անդրադարձաւ նոր սերունդ պատրաստութեան, կարեւորելով թէ զանազան բնագաւառներէ ներս, հետեւողական ձեւով պէտք է թրծել երիտասարդ սերունդ։

Անի Հոթոյեան-Ժոլի խօսեցաւ նոր մարտահրաւէրներու մասին, որոնք կրնան վերաորակաւորել եւ նոր հորիզոններ բանալ 115-ամեայ միութեան։

Քրիսթինա Մեհրանպոնտ-Պետրոս խօսեցաւ Մ․Ա․Կ․-ի կանանց կարգավիճակի նիւթին շուրջ։ Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հ․Օ․Մ․-ի դերակատարութեան մասին՝ Մ․Ա․Կ․-էն ներս։

Հ․Օ․Մ․-ը իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, 1976-էն ի վեր գործունեայ աշխատանք կը տանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ: 1998-էն ի վեր, ան կ՛անդամակցի որպէս գրանցուած խորհրդատու անդամ Մ.Ա.Կ.-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին (ECOSOC):

Հ․Օ․Մ․-ի պատուիրակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 69-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան:

Զուգահեռ այս նախաձեռնութիւններուն, Հ․Օ․Մ․-ը Մարտ 12-ին, Մ․Ա․Կ․-ի Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ կազմակերպեց հանդիպում մը, որ կը կրէ «Տոկունութիւն եւ Ապաքինում.- Կիներու Դերը Տագնապներու Գօտիներուն եւ Առողջութեան Պաշտպանութեան մէջ» խորագրով։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button