Յօդուածներ

Խոստովանութիւն (Մեծ Պահքի Առթիւ)

 

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

          «Եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղեք՝ թէ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը» (Ա. Յովհ.. 1. 9):

Պլէզ Փասքալ, ԺԷ դարու Ֆրանսացի նշանաւոր իմաստասէրը, իր գործերուն մէկուն մէջ կը գրէ. «Աշխարհի մէջ երկու տեսակ մարդիկ կան—արդար մարդիկ, որոնք կը հաւատան թէ մեղաւոր են, եւ մեղաւոր մարդիկ, որոնք կը հաւատան թէ արդար են»:

Մարդոց մեծամասնութիւնը այս երկրորդ դասակարգին կը պատկանի: Շատ մարդիկ կը հաւատան թէ իրենք արդար են, քանի որ Տասնաբանեայի պատուիրանները կը պահեն, բարոյական գիտակցութիւն ունին բարին եւ չարը զանազանելու եւ իրենց կարողութեան չափով կը յարին բարիին: Անոնք կը մոռնան, կամ կ’աշխատին մտահան ընել Պօղոս Առաքեալի վկայութիւնը. «Բոլոր մարդիկ մեղանչեցին» (Հռով. 3. 23): Յովհաննէս Առաքեալն ալ կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը երբ կը գրէ. «Եթէ ըսենք՝ մեղք չունինք մենք մեզ կը խաբենք» … եւ եթէ «մեղք չգործեցինք» ըսենք, ստախօս կը հանենք զԱստուած» (Ա. Յովհ. 1. 8, 10):

Աստուծոյ հետ հաշտուելու եւ Քրիստոսի միջոցաւ Անոր բերած փրկութեան արժանանալու նախապայմանն է մեղքերու խոստովանութիւնը: Բայց ի՞նչ է ճշմարիտ եւ լի-իրաւ խոստովանութիւնը: Խոստովանութիւններու տեսակները կան: «Ես մեղանչեցի» ըսել բաւական չէ լի-իրաւ խոստովանութեան համար: Օրինակներով խօսինք.-

Ա. Խոստովանութիւններ կան, որոնք շահախոյզ (expedient) են: Երբեմն մարդիկ երբ ճարահատ դառնան «մեղա» կ’ըսեն շահադիտական նպատակներով: «Կ’ընդունինք որ մեղաւոր ենք» կ’ըսեն որպէս զի փախուստ տան աւելի խիստ դատավճիռէ: Դատարաններու մէջ երբեմն քրէական ոճիր գործող «ոճրագործներ լալով «մեղա» կ’ըսեն, բայց իրականութեան մէջ լուրջ զղջումի հոգի չունին: «Մեղաւոր եմ» կ’ըսեն, որպէս զի դատաւորներու եւ դատական ատեանի բարեացակամութիւնը շահին:

Եգիպտոսի Փարաւոնը երբ մերժեց արձակել Իսրայելացիները, Աստուած իրերայաջորդ պատուհասներ ղրկեց Եգիպտոսի: Փարաւոն շուտով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Ձեր Տէր Աստուծոյն ու ձեզի դէմ մեղանչեցի» (Ելից 10. 16): Որոշապէս, ասիկա կեղծ խոստովանութիւն մըն էր:

բ.     Խոստովանութիւններ կան, որոնք ակներեւ են, մանաւանդ երբ մեղապարտը իր յանցանքն ու մեղքը գործած ատեն բռնուած է: «Այո, մեղաւոր եմ» ըսել բնական է, որովհետեւ ոճիրը անհերքելի է: Մեղապարտը ուրիշ հնարք չունի եթէ ոչ ըսել «մեղք գործեցի»: Հին Ուխտի մէջ Աքարի խոստովանութիւնը ասոր մէկ օրինակն է: Հակառակ Աստուծոյ պատուէրին աւարի ընթացքին գողութիւն կ’ընէ եւ կը բռնուի, Յեսուին առջեւ Աքար կը խոստովանի ըսելով. «Յիրաւի, ես Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցի» (Յեսուայ 7. 20): Գործուած ոճիրը անհերքելի եւ անուրանալի էր, զայն ընդունիլը բաւական չէր, առանց ապաշխարութեան գործընթացքին:

գ.     Խոստովանութիւններ ալ կան, որոնք մարդոց գործած մեղքերն ու յանցանքները կ’աշխատին չքմեղացնել եւ զանոնք ուրիշին վրայ բեռցնել: Ասոր դասական օրինակներէն մին Ադամի անհնազանդ-ութեան մեղքն է Եդեմի Պարտէզին մէջ: Երբ Աստուած հարցուց իրեն. «Արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես:» Ադամ ըսաւ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա’ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ» (Ծննդոց 3. 11-12):

դ.     Ուրիշ խոստովանութիւններ ալ կան, որոնք կը բխին ամօթի, յուսահատութեան, խղճահարութեան եւ ցաւի զգացումներէն, բայց ոչինչ կը փոխեն խոստովանող մարդուն կեանքէն: Ասոր պերճախօս օրինակը կը տեսնենք Իսկարիովտացի Յուդայի անձին մէջ, որ երեսուն կտոր արծաթով մատնեց իր Տէրը. ապա զղջալով գոչեց. «Մեղք գործեցի արդար մէկը մատնելուս համար» (Մատթ. 27. 4):

Չի բաւեր միայն «մեղա» կամ «մեղք գործեցի» ըսելը: Ատիկա ճշմարիտ խոստովանութիւն մը չէ: Ճշմարիտ, լի-իրաւ խոստովանութիւն մը ոչ միայն մեղքի ճանաչումը կ’ընէ, այլ կոտրած սրտով՝ մեղքեր ներող Փրկիչին կը դիմէ իր գործած մեղքին ներումին համար: Ճշմարիտ խոստովանութիւնը ապաշխարութեան նախադուռն է, ուրկէ մեղաւոր մարդը կը մտնէ եւ իր մեղքերը Քրիստոսի շնորհած գահին առջեւ կը դնէ եւ իր կեանքի ընթացքը կը փոխէ եւ լիովին կը յանձնուի իր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի:

Ճշմարիտ եւ լի-իրաւ խոստովանութեան շատ օրինակներ կան Աստուածաշունչ Մատեանի մէջ: Յիշենք անոնցմէ երկու յատկանշական օրինակներէն մին՝ Հին Ուխտէն, եւ միւսը՝ Նոր Կտակարանէն: Առաջինը, Դաւիթ Թագաւորի կեանքէն: Դաւիթ Հին Իսրայէլի մեծագոյն թագաւորն էր, մէկը, որ Ս. Գիրքը կը նկարագրէ, «Տիրոջ սրտին համեմատ մարդ մը» (Ա. Թագ. 13. 14), այսուհանդերձ այս մարդը իր մարմնի ցանկութեան պատճառով սպաննել տուաւ Ուրիան՝ որպէս զի անոր կնոջ Բերսաբէի հետ ամուսնանայ: Երբ Նաթան մարգարէն Դաւիթի ծածկաբար գործած ոճիրը քաջաբար յայտնեց, Դաւիթ Նաթանին ըսաւ. «Տէրոջ դէմ մեղք գործեցի» (Բ. Թագ. 12.13): Բայց այդ խոստովանութենէն զատ զղջումով եւ ապաշխարութեան անկեղծ հոգիով ի խորոց սրտի աղերսեց Աստուծոյ. «Քեզի’, Քեզի դէմ մեղանչեցի եւ քու աչքերուդ առջեւ չարութիւն ըրի… իմ անօրէնութիւնս ջնջէ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ» (Սաղմոս. 51. 4, 10):

Ճշմարիտ եւ լի-իրաւ ուրիշ գեղեցիկ օրինակ մըն է  Նոր Կտակարանի մէջ Յիսուսի պատմած Անառակ Որդիին  Առակը, որ արձանագրուած է Ղուկաս Աւետարանի 15-րդ գլխուն մէջ: Անառակ Որդին իր հօրենական ժառանգութիւնը առնելէ ետք, մսխեց զայն՝ շուայտ կեանք մը վարելով: Բարոյապէս սնանկացած մարդը երբ նիւթապէս ալ այնչափ սնանկացաւ, որ խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը կը լեցնէր, «ինքզինքին գալով» իր հօրը տունը վերադարձաւ եւ խոստովանեցաւ իր մեղքը ըսելով. «Հայր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու» (Ղուկ. 15. 21): Իր հայրը զինք ընդունեց գրկաբաց, որովհետեւ հայրը գիտէր թէ անոր խոստովանութիւնը ճշմարիտ էր, զինք առաջնորդած էր իր հօրը տունը գալու: Ճշմարիտ խոստովանութիւնը սկիզբն է ապաշխարութեան:

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button