ԳլխաւորՅօդուածներ

ՆՈՐ ԵՒ «ՀԻՆ» ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԱՐԳԱՍԻՔԷՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մարտ 2025

Վերջերս, Փետրուար 2025-ին, Հայաստանէն Լոս Անճելըս ասուպային այցելութիւն մը տուաւ լուսաւոր աստղ մը՝ բանաստեղծ, բազմաշխատ բանասէր մտաւորական եւ դաստիարակ Յակոբ Չոլաքեան, ունեցաւ քանի մը մտերմիկ հանդիպում: Այցելութիւնը որոշ արձագանգ գտաւ մեր մամուլին մէջ:

Ընթերցողիս համար հաւանաբար շատ ալ հետաքրքրական չէ իմ եւ Յակոբին բարեկամութեան պատմութիւնը, որ կը սկսի ուսանողութեան օրերէն եւ կ’անցնի այլ հանգրուաններէ: Աւելի հետաքրքրական է – պէտք է ըլլայ – անոր վաստակը, որ մեր գրական եւ դաստիարակչական կեանքին մէջ կտրած է աւելի քան կէս դարու ճամբայ, սկսելով այն օրերէն, երբ Քեսապէն Այնճար (երկրորդական ուսման) գալէն ետք, կ’աշխատակցէր Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք»ին (Պէյրութ) ու Հայ Գիրի անդաստանը մտած էր իբրեւ բանաստեղծ: Յետոյ, Հայկազեան Քոլէճի (այժմ համալսարան) յարկէն անցնելէ ետք, գնաց Հայաստան ու հետեւեցաւ հայագիտական բարձրագոյն ուսման, աւելի ուշ հանգրուանեց Հալէպ, ուր եղաւ հայերէնի – մասնաւորաբար գրականութեան – ուսուցիչ ու ուսումնական բարձրագոյն ծրագիրներու հիմնադիր-դասախօս, առանց մոռնալու բանասիրական-բանահաւաքի իր կոչումը (Քարէն Եփփէ Ճեմարանի կոթողական յուշամատեանը, Քեսապի նուիրուած քանի մը ուսումնասիրութիւն…): Հուսկ, վերադարձաւ Հայաստան եւ լիարժէքօրէն նետուեցաւ բանասիրութեան ասպարէզ (իբրեւ ուսումնասիրող եւ դասախօս):

Այսքանը՝ ոչամբողջական ուրուագիծ մը՝ Յակոբի կտրած ճամբուն մասին: Իրեն աշակերտած պատանիներ ու երիտասարդներ մի՛շտ ալ երանութեամբ եւ կարօտաբաղձութեամբ յիշած են անոր ստեղծած մթնոլորտը՝ հայերէնի դասապահերուն եւ դասախօսական հանդիպումներուն: Իսկ եթէ անոր վրայ գումարենք, որ այս մտաւորականը արդէն իսկ «արտադրած» է աւելի քան 65 անուն հատոր, մեծ մասամբ՝ բանասիրական նիւթերու նուիրուած (եւ հոն Քեսապը ունի լայն բաժին), կարելի է աւելի ամբողջական պատկերացում ունենալ անոր գրաւոր վաստակին մասին, ստուա՛ր վաստակ՝ որ կերտուած է անաղմուկ եւ գնահատանք գտած է քայլ առ քայլ:

Աւելի՛ն, Յակոբ Չոլաքեանը մաս կը կազմէ փաղանգին այն հայորդիներու, որոնք մարմնաւորած են Հայաստան-Սփիւռք կամուրջը: Եւ ահա ճի՛շդ այս կէտը նկատի ունենալով է որ զինք որակեցինք լուսաւոր աստղ, որ հաւասարապէս պայծառացուցած է սփիւռքեան եւ հայրենի միտքի դաշտերը, գործած է անաղմուկ եւ անուշ բնաւորութեամբ գրաւած է բոլորին սիրտերը:

ԵՐԵՔ ԳԻՐՔ

Յակոբ Չոլաքեանի ասուպային այցելութենէն շահաւոր մըն ալ եղայ ես, իրմէ նուէր ստանալով իր նորագոյն հրատարակութիւններէն մէկական օրինակ: Պիտի աշխատիմ այս սիւնակին ընդմէջէն նմանապէս ուրուագծային լուսարձակ բերել այդ հատորներուն վրայ:

Ընթերցողս վստահաբար նկատեց, որ խորագիրիս վերեւ արձանագրեր եմ ՆՈՐ ԵՒ «ՀԻՆ» ԳԻՐՔԵՐ տող մը: Այդպէս ըրած եմ, որովհետեւ նորագոյնը կը կրէ «Լեզուական հնհնուքներ» խորագիրը եւ լոյս տեսած է այս տարի, իսկ միւսները՝ «Փլող Դպրոցներ»-ը եւ «Քեսապի նիւթական մշակոյթը» համեմատաբար աւելի հին են, լոյս տեսած՝ 2024-ին եւ 2020-ին (բոլորն ալ Երեւանի մէջ, «Էտիթ Փրէս» հրատարակչատունէն):

Ա. ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀՆՀՆՈՒՔՆԵՐ. Նախ բացատրութիւն մը՝ «հնհնուք» եզրին մասին, այնպէս՝ ինչպէս կը ցոլայ հատորին մէջ: Հնհնուք-ը խորքին մէջ համազօր է մտահոգութիւն եզրին, սակայն հոս, անիկա ստացած է շատ աւելի լայն իմաստ: Հատորի մուտքին կայ բացատրութիւն մը, թէ հոն տեղ գտած են սփիւռքեան մամուլին եւ հեղինակի դիմատետրին մէջ երեւցած ակնարկներ՝ արեւմտահայերէնի պահպանման, զարգացման եւ հայկական դպրոցներու դիմագրաւած տագնապներուն մասին: Այդ բոլորը կան հատորին իրերայաջորդ խորագիրներուն տակ, որոնց գումարն է 45, սակայն անոնք չեն արձանագրուած իբրեւ հեռուէն դիտող եւ ուսումնասիրողի ակնոցով, այլ այդ բոլորը ՕՐԸ ՕՐԻՆ եւ տարուէր տարի ԱՊՐՈՂԻ եւ անոնցմով տագնապողի հայեցակէտով: Հեղինակը, մեր դպրոցներու եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածութեան, ապա նաեւ որոշ անտարբերութեան իրականութիւններուն իբրեւ իրազեկ հայ՝ չէ բաւականացած լոկ մատնանշումներով եւ գնահատական-քննադատական ակնարկութիւններով, այլ ունի հեռանկար ու լուծման պատկերացումներ, որոնք միայն տեսութիւններէ չեն բխիր, այլ փորձէ եւ փորձարկումէ:

Հատորի էջերը, մտահոգութիւններու եւ ախտաճանաչումներու կողքին, հիւսուած են նա՛եւ քաղցր յուշերով (ուսուցչական փորձառութիւններէ եւ այլ) ու մանրապատումներով, որոնք աղ-պղպեղ կը բերեն այլապէս մտահոգիչ վիճակներու քննարկման: Կան նաեւ պատմական արխիւներէ քաղուածքներ, որոնք ցոյց կու տան որոշ հարցերու «հնութիւնը» եւ ձեւով մը սերունդէ սերունդ ժառանգ մնալը: Տիրապետողը՝ մեր լեզուին ու անոր կրած նահանջներէն բխող մտահոգութիւններն են, նահանջին այլազան պատճառները (սկսելով ընտանիքներէ ու դպրոցներէ՝ մինչեւ դիմատետրի միջամտութիւն եւ մասամբ նորին): Անոնց քովն ի վեր, կան էջեր, որոնք կ’արտայայտեն ի գործ դրուած ճիգերուն արդիւնաւորմէն ծնող գոհունակութիւնն ալ:

Առաւելաբար կարճ գրութիւններ են, առաւելագոյնն 4-5 էջի վրայ տարածուած, եւ կը թողուն այն տպաւորութիւնը, թէ հապճեպօրէն արձանագրուած, «ճամբու նոթ»ի յղացքով էջեր են: Այդպէս չէ, այլ արտացոլացումն են տագնապներու եւ տարուէ տարի աճող մտատանջութիւններու: Շարքին վերջին նիւթը պէտք է առանձնացնել: Ընդամէնը 180 էջ կազմող գիրքին մէջ 40 էջ գրաւող այդ գլուխը բաւական լուրջ քննարկում մըն է, ուսումնասիրական խորքով, եւ կը կրէ «Արեւմտահայերէնի հիմնախնդիրները»: Խորագիրն իսկ թելադրական է, ձեւով մը կարելի է նկատել հատորին մէջ տեղ գտած մտահոգութիւններուն եւ խորհրդածութիւններուն մէկ ամփոփումը: Ունի 6 ենթախորագիրներ, որոնք կը կրեն հետեւեալ խորագիրները (եւ ընթերցողս կրնայ հետեւցնել, թէ ի՛նչ են մանրամասնութիւնները), իսկ մէկ քանին ունին իրենց ենթաբաժանումները. 1. Աշակերտութեան թիւի կորուստ, 2. Հայախօսութիւն եւ լեզուական որակ, 3. Ուսուցման միջոցներու անբաւարարութիւն եւ ուսուցիչ, 4. Լեզուի կանոնագրման խնդիրները, 5. Խառն (հայ-օտար, հայախօս-օտարախօս. արեւելահայ-արեւմտահայ) աշակերտութիւն, եւ 6. Հայրենիքը եւ Արեւմտահայերէնը:

Ինչպէս իր միւս հատորներուն, նա՛եւ այս մէկուն մէջ, զգալի է արուեստագէտ գրողին ներկայութիւնը: Պատումներն ու քննարկումները չոր-ցամաք արտայայտութիւններ չեն, այլ կան կեանքի ցոլքեր եւ արուեստով հիւսուած բացատրութիւններ: Այս գիծը շատ աւելի շեշտուած է մեր լուսարձակի տակ բերելիք յաջորդ հատորին մէջ:

Բ. ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐ. Ընդամէնը 35 խորագիր խմբող հատորը կը տարածուի 180 էջերու վրայ, կ’ընդգրկէ 35 պատում: Ինչպէս հեղինակը կը բացատրէ, այս էջերն ալ հաւաքագրուած են մամուլի եւ դիմատետրի էջերուն լոյս տեսած՝ իր գրիչի արգասիքներէն:

Հատորին կարելի է քանի մը որակում տալ. նախ եւ առաջ, անիկա ունի ինքնակենսագրական դիմագիծ, որովհետեւ հոն տեղ գտած են հեղինակին մանկութեան յուշերէն քաղուածքներ, մօտաւորապէս 10 տարուան տարածքով: Միջավայրը՝ Քեսապի Գարատուրան գիւղն է, քիչ մըն ալ քովի գիւղակները, պատառ մը Լաթաքիա, նոյնքան մըն ալ Դամասկոս: Հատորը նաեւ ձօն մըն է հեղինակին ծննդավայրին, զայն վերապրեցնելու՝ 50-ականներու Գարատուրանը վերակենդանացնելու ճիգ մը, նման՝ գրական այն արտայայտութիւններուն, որոնք մեր շատ մը գրողները ձօնած են իրենց ծննդավայրին եւ վերականգնած՝ իրենց մանկութեան շրջանի միջավայրը (Մ. Արմէն, Ա. Ծառուկեան, Գ. Մահարի, Ե. Չարենց, Ա. Բակունց եւ շատ ու շատ ուրիշներ: Այս նշումը չեմ ըներ՝ գրողներն ու իրենց գրածները իրարու բաղդատելու մօտեցումով): Հատորը անվիճելիօրէն իր տեղի կը գրաւէ մեր գեղարուեստական գրականութեան մէջ, ո՛չ միայն անոր համար, որ ԿԵԱՆՔի պատմութիւն է, այլ նաեւ՝ իր գրական-գեղարուեստական յղացքին եւ հաղորդական արտայայտչաձեւին շնորհիւ:

Թուղթին յանձնուած էջերը՝ յուշեր, տիպարներ (ծնողներ, ուսուցիչներ, ընկեր-դասընկերներ, հարազատներ, թաղեցիներ եւ այլն) իրական կեանքը մարմնաւորող պատկերներ են: Յ. Չոլաքեան այս էջերը ստեղծելու համար, գրիչը թաթխած է այն կաղամարին մէջ, որ օգտագործուած է մեր ծանօթ գիւղագիրներուն կողմէ, սկսելով Թլկատինցիէն, անցելով Համաստեղէն ու սերնդակիցներէն, հասնելու համար Մնձուրիին եւ մեզի աւելի մօտ ժամանակներու հայրենի գրողներու հոյլի մը: Մերթ լուրջ, յաճախ նաեւ երգիծախառն պատումներով, հեղինակը կը ներկայացնէ պատմական Կիլիկիայէն հարաւ ինկող իր ծննդավայրին կեանքը՝ մասնաւորաբար Ալեքսանտրէթի նահանգին Սուրիայէն խլուելէն ու Թուրքիոյ «նուէր» տրուելէն ետք՝ առաջին տասնամեակներուն: Անձնականէն անդին, կան հաւաքական կեանքէն վաւերագրական երեսներ, որոնց շարքին՝ ընտանեկան եւ ժողովրդային աւանդութիւններ, սովորութիւններ, նիստ ու կացի պատկերում, մինչեւ իսկ…«քաղաքական» յուշ մը (Սուրիա-Եգիպտոս միութեան օրերուն՝ Կամալ Ապտէլ Նասըրի Քեսապ այցելութեան դրուագը…): Բաւական լայն տեղ բռնած է Քեսապի շրջանէն հայապատկան հողերու բռնագրաւումը, սահմանին միւս հողմը մնացած կալուածներու տիրութեան կամքն ու կարօտաբաղձութիւնը, թուրքին յելուզակութիւններն ու ստեղծած՝ սարսափի մթնոլորտը, պաշտպանական քայլեր…: Յետոյ, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու առօրեայ կեանքէն պատկերներ, կուսակցական եւ յարանուանական մրցակցութիւններ, ալիք-ալիք արտագաղթ՝ դէպի Հալէպ, Պէյրութ, դրացի այլ երկիրներ ու… ծովերէն ու ովկիանոսներէն անդին:

Ինչպէս նախապէս նշեցի, ընթերցողը կը զգայ, կը շօշափէ արուեստագէտ գրողին, բանաստեղծի՛ն ներկայութիւնը՝ հատորի լայնքին ու երկայնքին: Իսկ եթէ ուզենք ուրիշ տեսակի աղ-պղպեղ փնտռել՝ այդ ալ կայ. հեղինակը յաճախ կ’օգտագործէ քեսապցիներու բարբառէն արտայայտութիւններ, որոնք այլապէս յաւելեալ պսակը կը կազմեն իր հարուստ եւ համով հայերէնին:

Գ. ՔԵՍԱՊԻ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ. 264 էջերու վրայ տարածուած այս հատորը բանասիրական-ազգագրական գործ է եւ արժանացած է ակադեմական հրատարակութեան:

Հատորին մէջ, Քեսապը կը վերապրի այլ կալուածներու մէջ, այսինքն՝ ժողովուրդին ամենօրեայ գործածութեան մէջ եղող սարքերու, կառոյցներու, վար ու ցանի եւ այլ գործիքներու, որոշ արհեստներու (հիւսուածեղէն եւ այլ)  վաւերագրման ընդմէջէն: Յ. Չոլաքեան ուսումնասիրութեան նիւթ դարձուցած է բաներ՝ որոնց մասին մարդիկ կրնային ըսել. ի՞նչ պէտք կայ նման բաներու մասին գրելու: Անոնք սովորական եւ ընթացիկ բաներ եղած են: Հոս ալ պիտի ըսենք՝ այդպէս չէ, որովհետեւ կեանքի պայմաններու փոփոխութիւնը, բարեշրջում կոչուած ալիքները դանդաղօրէն վերափոխութեան ենթարկած են մարդոց առօրեային կապուած շատ բան, գործածութենէ դուրս ինկած են սարքեր ու կառոյցներ, որոնք ունին վաւերագրական արժէք, մաս կազմած են ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ, «ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ»ին:

Հոս ալ պիտի բաւականանամ հպանցիկ ցանկագրումով մը, որպէսզի ընթերցողը հաղորդ դառնայ հատորին բովանդակութեան եւ հեղինակին մտահոգութեան-մտասեւեռումին:

Կը բաղկանայ բացատրական ներածականէ մը եւ վեց գլուխներէ: Առաջինին մէջ, լուսարձակի տակ կը բերուին քարն ու բուսականութիւնը, գործածուած մետաղներ, շինանիւթեր, կաշեգործութեան բնագաւառը, բուրդի, բամպակի եւ մետաքսի կապուած արհեստները, գործերը: Երկրորդ գլուխին մէջ կը վաւերագրուին բնակարանային շինութիւնները՝ իրենց առանձնայատկութիւններով: Երրորդին մէջ՝ բացատրութիւններ՝ ճամբաներու, աղբիւրներու, հիմա արդէն պատմութեան անցած ջրաղացներու ու ջրհորներու, թոնրատուներու եւ նման կառոյցներու մասին: Չորրորդ գլուխը յատկացուած է հաւաքական կառյցներու՝ եկեղեցի, գերեզմանատուն եւ… տապանաքարեր: Հինգերորդ գլուխին մէջ, ուսումնասիրուած են եւ լայն բացատրութիւններ գտած՝ ժողովուրդին օգտագործած գործիքները, որոնք մետաղեայ էին, փայտեայ կամ այլ: Վերջին գլուխը յատկացուած է հագ ու կապի եւ տարազներու, անոնց հետ աղերս ունեցող աւանդութիւններու եւ առիթներու:

Այս վեց գլուխներուն մէջ, կան բացատրութիւնները պատկերող մէկ քանի գծանկարներ, սակայն հատորին յաւելեալ կշիռ տուող բաժինը՝ վերջին շուրջ 100 էջերուն հաւաքագրուած՝ պատմական եւ աւելի մօտիկ ժամանակներու քաշուած լուսակնարներն են, որոնք կը ներկայանան ԱԼՊՈՄ ընդհանուր խորագիրով: Հեղինակը այդ լուսանկարները տեղադրած է  6 ենթաբաժիններու տակ, որոնք ունին իրենց յատուկ խորագիրները՝ Հնագիտական նիւթեր (քանդակներ, հնադարեան փլատակներ ու բեկորներ), Տուներ եւ դպրոցներ, Հասարակաց կառոյցներ (ճամբաներ-փողոցներ, կամուրջ, գիւղամէջի աստիճաններ, աղբիւրներ…), Հոգեւոր կառոյցներ, Գործիքներ եւ այլազան իրեր եւ, վերջապէս, Հիւսուածքներ եւ տարազներ: Ապոմի գլուխին տակ հաւաքագրուած իւրաքանչիւր լուսանկարը ունի բացատրութիւն: Այս բաժինը խորքին մէջ պատկերաւոր ու լրացուցիչ բացատրութիւն կու տայ հատորին մէջ վաւերագրուած եւ ուսումնասիրուած նիւթերուն, որոնք, ինչպէս տեսանք, դասաւորուած էին տարբեր գլուխներու տակ:

 

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Յ. Չոլաքեան լա՛ւ ըրած է եւ բարեկամներու փափաքին ընդառաջելով՝ մամուլի ու դիմատետրի էջերէն դուրս բերած ու մնայուն փրկութեան արժանացուցած է իր յուշագրական էջերը: Մամուլը բնականաբար նախամեծար տեղ ունի՝ բաղդատմամբ դիմատետրին, սակայն հոն լոյս տեսած սիւնակներ կրնան իյնալ լուսանցքի մէջ, կրնան մնալ փոշիի տակ, մինչդեռ հատոր մը մի՛շտ ալ աւելի մնայուն արժէք եւ ներկայութիւն եղած է, այդպէս ալ պէտք է մնայ:

Նորագոյն հատորին՝ «Հնհնուքներ»ուն վերջին կողքին վրայ, հեղինակը որոշ զուարթախոհութեամբ կատարած է հաստատում մը, թէ՝ ուսուցչական ասպարէզին հրաժեշտ կու տայ: Կը հաւատամ, որ այս «խոստովանութիւնը» պէտք չէ ընդունիլ բառացիօրէն, որովհետեւ երբ մէկը անգամ մը ուսուցիչ է, իրա՛ւ ուսուցիչ, ան չի կրնար օձիքը ազատել այդ ասպարէզէն (այլ ասպարէզներու իրա՛ւ ծառայողներն ալ այդպէս են): Անգլերէն խօսք մը կայ. «Once a teacher, always a teacher!»: Նոյնը կրնամ ըսել Յակոբին մասին, որուն ամբողջ գրական վաստակը՝ բանասիրական թէ այլ, լայն իմաստով ուսուցչութիւն է, մեր ժողովուրդը ինքնաճանաչումի, իր անցեալին ու աւադներուն, արժէքներուն ճանաչման տանող դաստիարակչական գործ: Վստահ եմ նաեւ, որ ան իր օձիքը պիտի չազատէ բանասիրական աշխատանքէ, որուն նուիրած է իր կեանքին մէկ կարեւոր բաժինը: Ան անկասկած պիտի շարունակէ իր պրպտումները, Քեսապի, լեզուագիտութեան եւ այլ կալուածներու մէջ, մանաւանդ, որ մեր ժողվուրդը, մեր ՆԵՐԿԱ՛Ն, կը կարօտի նման ջրտուքի:

Եւ ինչպէս որ ինք շնորհակալութեան խօսքեր ունի հատորներուն հրատարակութեան մէջ իրեն գործակցողներուն, մենք ալ շնորհակալ ենք իրեն ու նմաններուն՝ իրենց բեղուն աշխատանքի արգասիքին համար: Հայաստան այցելողներ պէտք է իրենց գրադարանին համար ապահովեն այս հատորները:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button