ԱմերիկահայԼրահոս

Վեր. Փ. Հայտոսթեան Դասախօսեց Քոլումպիա Համալսարանին Մէջ

«Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Մարտ 3-ին Քոլումպիա համալսարանի «Ֆեքըլթի հաուս»-ի մէջ ելոյթ ունեցաւ «Կրթութիւն, խաղաղութիւն եւ կամուրջ-հաստատելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը» վերնագիրով բովանդակալից դասախօսութեամբ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոլումպիա համալսարանի Հայկական կեդրոնին կողմէ եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը NAASR / Calouste Gulbenkian Foundation Lecture Series on Contemporary Armenian Issues, Columbia University Armenian Society եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA):

Դասախօսութեան ներկայ էին յարգելի անձնաւորութիւններ, ինչպէս Վատիկանի` Մ․Ա․Կ․-ի մէջ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Կապրիել Ճորտանօ Կասիան, Լիբանանի մշտական առաքելութեան ղեկավար, ՄԱԿ-ի դեսպան Հատի Հաշեմը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մ․Ա․Կ․-ի մէջ մշտական առաքելութեան առաջին քարտուղար Արսէն Քոթանճեանը, ակադեմիկոսներ, Արմենակ Հայկազեանի, որուն անունը կը կրէ համալսարանը, ծոռներէն երկուքը` Բեկի Մեհակեան-Տինկլեան եւ Տուք Մեհակեան, հոգեւորականներ, ուսանողներ, եւ «Հայկազեան» համալսարանի շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ:

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը` «Հայկազեան» համալսարանի շրջանաւարտ, նաեւ դասախօս` Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ասիոյ եւ ափրիկեան ուսումնասիրութեան (MESAAS)` Քոլումպիա համալսարանի մէջ, բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան բանախօսը: Գնահատելով դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանին ներդրումները` «Հայկազեան» համալսարանի 70-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ անոր յանձնուեցաւ յատուկ յուշանուէր մը:

Դոկտ. վեր. Փ. Հայտոսթեան իր դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէական համայնքներու անցեալին եւ առանցքային դերակատարութեան` յատկապէս կեդրոնանալով կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային համերաշխութեան մէջ անոնց ունեցած ներդրումներուն, որոնք կը կարեւորեն ինչպէս հակամարտութիւններու, այնպէս ալ բազմազանութեան ատեն: Ան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց քրիստոնէական հաստատութիւններու վրայ, որոնց կարգին` «Հայկազեան» համալսարանի, լուսարձակի տակ առնելով անոնց ջանքերը հանդուրժողականութեան սնուցման, երկխօսութեան խթանման եւ որակեալ կրթութիւն ապահովելու առումով` իբրեւ մշակութային եւ կրօնական տարբերութիւնները կամրջելու միջոց:

Հայտոսթեան քննական հայեացքով ներկայացուց այն մարտահրաւէրները եւ կարելիութիւնները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին այս համայնքները այսօրուան բարդ աշխարհաքաղաքական տարածքին խաղաղութիւն եւ հասկացողութիւն յառաջ տանելու իրենց առաքելութեան մէջ: Անոր տեսութիւնները կը շեշտէին այդ հաստատութիւններուն կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան համար որպէս կենսական կամուրջ ծառայելու համար:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ աշխուժ հարց ու պատասխան, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն։ Ներկաները քննարկեցին դասախօսութեան նիւթին շուրջ ծագած հարցերը:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button