ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ ներկայացուեցաւ օրէնքի նախագիծ մը, որ կ՛առաջարկէ վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ եւրոպական երկիր ըլլալու դասակարգումը։
Դեմոկրատական եւ հանրապետական քոնկրէսականներէ բաղկացած խումբը կ՛առաջարկէ Թուրքիան ճանչնալ իբրեւ միջին արեւելեան երկիր եւ վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ դիւանագիտական կարգավիճակը։ Եթէ նախագիծը վաւերացուի, ապա Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով բաժանմունքէն կը տեղափոխուի Միջին Արեւելքի գործերու բաժանմունք։
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, ներառեալ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի հետ կապերու ամրապնդումը, Համասի աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Յունաստանի եւ Կիպրոսի նկատմամբ գործողութիւնները, կը հակասեն Միացեալ Նահանգներու շահերուն՝ ստեղծելով անկայունութեան օճախներ շրջանին մէջ։ Նախագիծին մէջ նաեւ նշուած է, որ կարգավիճակի փոփոխութիւնը Թուրքիան կը դնէ Իրանի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հետ նոյն դասակարգին մէջ։
Նախագիծը օրէնքի ուժ ստանալու համար պէտք է վաւերացուի Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտին կողմէ, ինչպէս նաեւ ստորագրուի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։
*
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ տեսակցելու Իմրալի կղզիին մէջ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ հանդիպած քիւրտ երեսփոխաններու։
Այս հարցին անդրադառնալով՝ քիւրտ երեսփոխան Սուրեյա Օնտեր յայտարարեց, որ մօտերս Էրտողանի հետ տեսակցելու առաջարկը պիտի ուղարկեն։
Ծանօթ է,որ քիւրտ երեսփոխաններ Իմրալի կղզի այցելելէ ետք, փոխանցեցին Ապտիւլլա Օճալանի պատգամը , որուն մէջ ան կուսակցութեան անդամներուն կոչ կ՛ուղղէր՝ զէնքերը վար դնելու եւ քաղաքական պայքարի անցնելու։
*
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան, ամբողջութեամբ անտեսելով Սուրիոյ ալեւիներուն դէմ գործադրուող ցեղասպանութիւնը եւ զայն կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը, յայտարարեց, որ Անգարա պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն։ Ան միայն դատապարտանքի սին խօսքեր արտասանեց՝ Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի մէջ զինեալներու կողմէ գործադրուող ցեղասպանական ոճիրներուն կապակցաբար։
Էրտողան ըսաւ։«Անգարա պիտի շարունակէ աջակցութիւնը հարեւան Սուրիոյ իշխանութիւններուն, վերականգնելու եւ պահպանելու երկրին հողային ամբողջականութիւնը եւ խաղաղութեան հասնելու ցեղային եւ կրօնական բոլոր փոքրամասնութիւններուն հետ»։Ան նաեւ ողջունեց Սուրիոյ առաջնորդին խոստումը՝ բռնութիւններուն պատասխանատուները պատժելու վերաբերեալ, աւելցնելով, որ Անգարա կը դիմէ բոլոր միջոցներուն, որպէսզի թոյլ չտայ, որ անցանկալի իրադարձութիւնները ազդեն Թուրքիոյ վրայ։
*
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողան Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն կոչ ուղղեց՝ եւրոպական ապահովութեան ծրագրումին մէջ ի մտի ունենալ Թուրքիոյ հետ ուժերը միացնելու ընտրանքը։Ան նաեւ կոչ ուղղեց՝ վերացնելու Թուրքիոյ դէմ հաստատուած արգելքը, որ կը վերաբերի եւրոպական ապահովութեան մարմիններուն թրքական մասնակցութեան։
Էրտողան առցանց միացաւ այն ժողովին, որ կազմակերպուած էր Եւրոպական Միութեան կողմէ՝ Պրիւքսէլի մէջ գումարուած արտակարգ ժողովէն ետք։Անոր ընթացքին քննարկուած էր Եւրոպական Ուժի եւ Ապահովութեան հայեցակարգ մը ստեղծելու կարելիութիւնները։
Ըստ Էրտողանի, Թուրքիոյ զինուորական կարողականութիւնները նկատի առնելը թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան շահերուն կը ծառայէ։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լէմմիի հետ։ Քննարկման առարկայ դարձաւ Եւրոպայի ապահովութեան նոր հայեցակարգի եւ կառոյցի ստեղծման կապուած խնդիրները։
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ֆիտան եւ Լէմմի նաեւ անդրադարձան Ուքրանիոյ տագնապին եւ կարծիքներ ու տեսակէտներ փոխանակեցին։Այս ծիրին մէջ յատուկ կերպով շեշտուեցաւ ոչ եւրոպական երկիրներու դերակատարութիւնը՝ պատերազմը դադրեցնելու ճիգերուն մէջ։
Տեղին է նշել,որ Թուրքիա կը ջանայ իրեն համար շահաբեր դերակատարութիւն մը ապահովել Ուքրանիոյ պատերազմին դադրեցման ծրագրին մէջ, միջնորդական կարողութիւններու տէր շրջանային ուժի վերածուելու երազներ ունենալով։
*
Թուրքիոյ զէնքի եւ զինական արհեստագիտութեան մեծագոյն ընկերութիւնը՝ «Ասելսան», 107,5 միլիոն տոլար արժողութեամբ գործարքի համաձայնագիր մը կնքեց երկրին Պաշտպանական Ճարտարարուեստի Քարտուղարութեան հետ։
Ըստ այս համաձայնագրին, «Ասելսան» մինչեւ 2030 պիտի արտադրէ արդիական ռատարներ՝ թրքական բանակին համար։Անոնք նաեւ կրնան վաճառուիլ այլ երկիրներու, որոնց շարքին վստահաբար Ատրպէյճանն ալ կը գտնուի։
«Ասելսան» նախապէս նոյն մարմինին հետ կնքած էր 54 միլիոն տոլարի համաձայնագիր մը, ելեկտրոնային զինական սարքերու նոր սերունդի կազմածներու արտադրութեան համար 20 միլիառ թրքական լիրայի դրամագլուխի
Թրքական զէնքի մեծագոյն ընկերութիւնը նպատակադրած է այս տարուան ընթացքին ներդրում կատարել՝ զէնքի արտադրութեան մարզին մէջ։
*
Թուրքիոյ Քարիւղի Պետական ընկերութիւնը ամերիկեան քարիւղի հսկաներ՝ Ցամաքամասային Աղբիւրներ եւ Անդրատլանտեան Քարիւղի Ընկերութեան հետ կնքեց համաձայնագիրներ՝ Տիարպեքիրի մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի հանքերու պեղման մասին։
Ամերիկեան Ցամաքամասային Աղբիւրներ ընկերութիւնը ամերիկեան քարիւղի մեծագոյն ընկերութիւններէն մին է, իսկ Անդրատլանտեան Քարիւղի ընկերութիւնը 17 տարիէ ի վեր կը գործէ Թուրքիոյ մէջ։
Թուրքիոյ Քարիւղի Պետական ընկերութիւնը տարուէ տարի աւելի կ՛ընդլայնէ իր գործութիւններուն ծիրը։ Անիկա համաձայնագրեր կնքած է Ատրպէյճանի, Լիպիոյ, Սոմալիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ գործող քարիւղի եւ բնական կազի ընկերութիւններու հետ։
.