Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

 

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց ,որ հասած է ժամանակը, որպէսզի որոշումներու կայացման համաշխարհային մեքանիզմները համընկնին համաշխարհային փոխուող պայմաններուն՝ շեշտելով,որ Թուրքիոյ համար Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը ռազմավարական առաջնահերթութիւն մըն է։

Ըստ Էրտողանի, Եւրոպայի ապահովութեան երաշխաւորումը անկարելի է առանց Թուրքիոյ։ Ան նաեւ նշեց, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները կրակի հետ կը խաղան՝ Ալ Աքսա մզկիթին դէմ իրենց ոտնձգութիւններով։

Թուրքիոյ նախագահը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին խօսելով՝  մոռացութեան տուաւ, որ երկրին մէջ հալածանքի ենթակայ են այլախոհներ, իսկ մարդու իրաւունքներու եւրոպական չափանիշերու հասնելու համար՝ Թուրքիա տակաւին շատ  ընելիք ունի։

*

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքեց այն պնդումները, թէ ռուսեւթրքական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն գոյութիւն ունի։ ,Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները բազմաբնոյթ են եւ շարունակական զարգացում կ՛ապրին։ Առկայ է նաեւ աշխուժ  երկխօսութիւնե, յայտարարեց Փեսքով, որ խօսելով Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ հանդիպումներու եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու կայացման մասին, ըսաւ , որ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ կայ աշխատանքային սերտ  յարաբերութիւն եւ հանդիպումները կարելի է կազմակերպել ժամերու ընթացքին։

*

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Իսմայիլ Պաղայի ապակառուցողական համարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի այն յայտարարութիւնները, թէ Իրան մեծ գումարներ ծախսած է շրջանին մէջ իր նուաճումներուն համար։ Ան կ՛ակնարկէր իրանամէտ խումբերու, որոնք մասնակցած են սուրիական հակամարտութեան՝ կռուելով Անգարայի զօրակցութիւնը վայելող զինեալներու դէմ։

Պաղայի յայտարարեց, որ թուրք որոշ գործընկերներ պէտք է աւելի խոր մտածեն իրենց քաղաքականութեան հետեւանքներուն մասին։  Ան ըսաւ, որ

Թեհրան կը խորհի, որ շրջանի երկիրներու առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ իրենց ժողովուրդներուն շահերէն բխող ապահովութեան համակարգի մը ստեղծումը։

Այսուհանդերձ Պաղայի ընդգծեց, որ հակառակ տարակարծութիւններուն, Իրան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, որովհետեւ Թեհրան Անգարայի հետ ունի շարք մը ընդհանուր շահեր։

Այս հարցին կապակցաբար, Իրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիճապի Գարլանքըճ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ։ Արտաքին գործոց նախարարի օգնական Մահմուտ Հայտար ընդունեց թուրք դեսպանը, որուն փոխանցեց Թեհրանի իշխանութիւններուն դժգոհութիւնը՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութեան կապակցաբար։

*

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա այժմ շրջանային ազդեցիկ դերակատար մըն է՝ միջազգային զարգացումներուն մէջ։ Էրտողանի այս յայտարարութենէն առաջ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար ապտիւլլա Օճալան Իմրալի կղզի բանտէն  կոչ ըրած էր, որ կուսակցութիւնը զէնքերը վար դնէ եւ ինքնալուծարուի։

Շեշտելով,որ Անգարայի իշխանութիւնները յանձնառու կը մնան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին կապակցաբար, Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ իրենք իրենց երկաթեայ բռունցքը միշտ պատրաստ վիճակի մէջ պիտի պահեն, մինչեւ որ վերջին ահաբեկիչը չէզոքացուի Թուրքիոյ մէջ։

Էրտողանի այս յայտարարութիւնները կը կատարուին այն պահուն, երբ միջազգային գետնի վրայ ի յայտ եկած են յստակ տուեալներ, թէ աշխարհաքաղաքական նոր համակարգ մը ստեղծելու լուրջ միտումներ գոյութիւն ունին գերպետութիւնները, որոնք կը ջանան նոր համակարգին մէջ իրենց շահերը երաշխաւորել։

*

Թուրքիոյ անօդաչու սարքերու արտադրիչ  «Պայքար» ընկերութեան եւ Իտալիոյ զինական կազմածներու հսկայ «Լէոնարտօ» ընկերութեան միջեւ կնքուեցաւ գործակցութեան համաձայնագիր մը, որ արդիւնք է ամիսներ տեւած բանակցութիւններու։

«Պայքար»-ի վարչական խորհուրդի նախագահ  Սելճուք Պայրաքտար նշեց, որ երկու ընկերութիւններուն արհեստագիտութիւնները զիրար կ՛ամբողջացնեն՝ արտադրելու համար զինական ամէնէն արդի կազմածները։

Իր կարգին, «Լէոնարտօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռոպէրթօ Ճինքոլանի նշեց, որ համաձայնագիրը հինգ տարուան համար է եւ կը հաստատէ երկու ընկերութիւններուն միջեւ գործակցութեան հիմնաքարը։

Անօդաչու սարքերու արտադրութիւնը՝ ըստ համաձայնագրին, պիտի կատարուի միաժամանակ Թուրքիոյ եւ Իտալիոյ մէջ, երկու ընկերութիւններուն գործընկերութեամբ։

*

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար հաստատեց ,որ շուտով պիտի սկսի գործել Իգտիր- Նախիջեւան կազատարը, որ Նախիջեւանի ինքնավար Մարզին բնական կազ պիտի մատակարարէ ։

Պայրաքտար հաղորդեց, որ կազատարին գործարկման պաշտօնական արարողութեան  պիտի մասնակցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ՝ Ռեճէփ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ։

Դէպի նախիջեւան ուղղուող կազատարը մէկ բաժինն է դէպի Պուլկարիա եւ Յունաստան կազատարին։ Ըստ Պայրաքտարի, Թուրքիա ռազմավարական քայլ մը կ՛առնէ դէպի նախիջեւան կազատարը գործարկելով։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիա ճիգեր կը թափէ ամբողջականօրէն գործի մղելու Իրաք- Թուրքիա քարիւղատարը, մասնաւորաբար անոր  երկճիւղ բաժինը, որ  650 քիլոմեթր երկարութիւն ունի՝ Սիլոփիէն մինչեւ Ճէյհան։

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ կառուցուող եւ կառուցուելիք կորիզային կայաններուն, ապա Պայրաքտար յայտարարեց, որ խօսակցութիւնները եւ բանակցութիւնները կը շարունակուին ռուսերուն հետ՝ Աքքույու կորիզային կայանին կառուցման աշխատանքներուն վերաբերեալ, որոնք ընթացքի մէջ են։ Թուրքիա կը ծրագրէ ռուսերուն օժանդակութեամբ կորիզային երկրորդ կայան մըն ալ կառուցել Սինոփի մէջ, որ երկրին հիւսիսը կը գտնուի։

*

Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուեցաւ Թուրքիա – Ատրպէյճան բնական կազի համաձայնագիրը՝ պաշտօնապէս զայն գործադրութեան դնելով։

Համաձայնագիրը կնքուեցաւ անցեալ Մայիսին՝ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտարի եւ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Ճապպարովի կողմէ։ Ըստ այս համաձայնագրին, մինչեւ 2030 ատրպէյճանական բնական կազի յաւելեալ քանակ Կասպիան շրջանէն պիտի փոխադրուի Թուրքիա։ Այս քանակին մէկ մասը Եւրոպա պիտի մղուի։ Ասիկա իրականացնելու համար Անդրանատոլեան  եւ Պաքու – Թիֆլիս – Էրզրում  կազատարները պիտի ընդարձակուի։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button