Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով՝ պիտի ստեղծուի Ազգային ապահովութեան ռազմավարութեան վերատեսութեան աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողով, որ պիտի ղեկավարուի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։

Յանձնաժողովին պիտի մասնակցին Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախուբի, պաշտպանութեան եւ ապահովութեան յանձնախումբի նախագահները, շարք մը նախարարներու տեղակալները, Պետական Եկամուտի Կոմիտէի փոխ նախագահը, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէնի տեղակալը եւ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան պետի տեղակալը։Նաեւ՝ բանակի սպայակոյտի պետը, փոխ վարչապետի գրասենեակի ղեկավարը եւ խորհրդականը, Ապահովութեան խորհուրդի գրասենեակի ղեկավարը։

*

Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Կալեան յայտարարեց, որ նոր սահմանադրութեան հայեցակարգի կարիք չկայ, որովհետեւ անիկա նախորդ տարիներուն մշակուած է։

Կալեանի համաձայն, խնդիրը ոչ թէ նոր հայեցակարգի մշակումն է, այլ նոր սահմանադրութեան բնագրի մշակումը։ Ան նկատել տուաւ,որ ներկայիս այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը կատարուի։

Արդարադատութեան նախարարը շեշտեց, որ ամէն ինչ պէտք է ընել ,որպէսզի նոր սահմանադրութեան բնագիրը պատրաստ ըլլայ մինչեւ 2026ի  ընտրութիւնները։Ան չբացառեց, որ սահմանադրութենէն հանուի Արցախի յղումը։Ան նաեւ հաւաստիացուց, որ կառավարման ձեւի փոփոխութիւն նախատեսուած չէ։

*

Պաքուի մէջ փակ դռներու ետին կը շարունակուի հայ գերիներու դատավարութիւնը, որուն ներկայ ըլլալու իրաւունք ունին միայն ատրպէյճանական լրատու աղբիւրները։

Դատավարութեան նիստէն ետք ատրպէյճանական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ մեղադրանքներու ընթերցումը շարունակուած է վերջին երկու նիստերուն ընթացքին։

Իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեանի համաձայն, պատերազմական հայ գերիներուն առաջադրուած եւ թարմացուող մեղադրանքները շինծու են։ Ան ըսաւ, որ ասիկա դատավարութիւն չէ, այլ դատաստան՝ հայերու նկատմամբ։

Տեղին է նշել, որ Վարդանեան երկրորդ անգամ ըլլալով միջնորդութիւն ներկայացուց՝ իր պաշտպան փաստաբանին հետ առանձին հանդիպում ունենալու համար։ Դատարանը բաւարարեց այս միջնորդութիւնը։ Ընդմիջումէն ետք Վարդանեանի պաշտպան փաստաբանը ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած է։ Ատրպէյճանցի դատաւորը նոյնիսկ չէ քննած ներկայացուած միջնորդութիւնը։

Ըստ միջազգային օրէնքի մասնագէտներու, Ատրպէյճան՝ Հայաստանը ներգրաւելով այս գործերուն մէջ, նպատակադրած է միջազգային ատեաններուն մէջ փակել արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքի հարցը։Ատրպէյճան կը ջանայ հայերը ներկայացնել իբրեւ յարձակող կողմ, որ ըստ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն, այսպէս կոչուած գրաւած է Արցախը։

Նշենք, որ Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը պիտի շարունակուի Երեքշաբթի, 25 Փետրուարին։ Իսկ Վարդանեան հացադուլի սկսաւ՝ յայտարարելով,որ դատավարութեան պիտի չմասնակցի։

*

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր Հայաստան խմբակցութեան անդամ, դաշնակցական պատգամաւոր Արթիւր Խաչատրեան հարց տուաւ, որ իշխանութիւնները ինչու չեն հրապարակեր Քի Ուեսթի փաստաթուղթը՝ պատճառաբանելով, որ անիկա կորսուած է։« Եթէ Քի Ուեսթի փաստաթուղթը իսկապէս կորսուած է, ապա ինչպէ՞ս գիտեն, որ անոր մէջ Մեղրիի փոխանակման հարց կայ», նշեց ան։

Խաչատրեան նկատել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա օրակարգի վրայ բերած են կարգաւորման առաջարկ մը, որ երեխայի նման ոտքը գետին զարնելով, կարելի չէ մերժել։ Փաշինեան նման վերաբերում ունեցաւ տասնհինգ ապրիլ 2019-ին, երբ Մոսկուայի մէջ ներկայացուցին կարգաւորման առաջարկ, աւելի ուշ անոր վերախմբագրուած տարբերակը ներկայացուցին քսան յունիսին, Ուաշինկթընի մէջ։Իշխանութիւնները անհասկնալի պատճառներով մերժեցին եւ բանակցութիւնները կանգ առին։

Ըստ Խաչատրեանի, միջանցքը միջազգային սահմանում չունի եւ Փաշինեան պատրաստ է ուղի տրամադրելու Ատրպէյճանի, որ կրնայ զայն իբրեւ միջացնք ընկալել։

*

Վիեննայի մէջ կայացող ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւններուն հանդիպումը, որուն ընթացքի քննարկուած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր։ Շեշտուած է շրջանի ճանապարհներու եւ այլ ենթակառոյցներու արագ ապաշրջափակման կարեւորութիւնը եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը։

Տեղին է նշել, որ Թուրքիա զօրավիգ կը կանգնի Ատրպէյճանի պահանջին, որ կը վերաբերի այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքին բացման։ Հայաստան կտրականապէս կը մերժէ նման միջանցքի բացումը, պնդելով, որ անիկա պէտք է գործէ ըստ Հայաստանի օրէնքներուն։

*

   Երեւան շատ աւելի սուղ քաղաք է, քան՝ Մոսկուան, Թիֆլիսը, Պաթումը, Պէյճինկը, Ռիոն, Պուտափեշտը, Պաքուն եւ այլ մեծ քաղաքներ, կը յայտնէ «Cost of Living Plus Rent Index by City 2025» ուսումնասիրութիւնը։

Վարկանշային ցուցակի համաձայն, Երեւանը շրջանին մէջ ամէնէն սուղ քաղաքն է՝ զբաղեցնելով 179-րդ հորիզոնականը։ Ապրելու աւելի մատչելի պայմաններ ունին Մոսկուան, Անգարան, Թեհրանը, Պաքուն եւ Թիֆլիսը։

Երեւանի կեանքի արժէքը նոյնիսկ կը գերազանցէ Պէյճինկը, որ կը գրաւէ 184-րդ դիրքը։ Երեւանէն աժան քաղաքներ են նաեւ՝ Պուէնոս Այրէսը, Սան Փաօլոն, Մինսքը, Ռիօ Տէ Ժանեիրոն եւ Նովոսիպիրիսքը։

Աշխարհի  տարածքին ամէնէն սուղ քաղաքներն են՝ Նիւ Եորքը, Սան Ֆրանսիսքոն, Ցիւրիխը, Ժընեւը, Պոսթընը, Սինկափուրը, Ուաշինկթընը եւ այլ մեծ քաղաքներ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button