ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թրքական լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է տասը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ Պոլսոյ ընդդիմադիր շրջանային քաղաքապետարաններէ, քիւրտ զինեալներու հետ անոնց ունեցած ենթադրեալ կապերուն համար։
Ձերբակալուած են Քարթալի եւ Աթաշեհիրի փոխ քաղաքապետերը, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքապետական խորհուրդներու ութ անդամներ։ Բոլորն ալ կը պատկանին Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան (CHP)։
Ըստ ոստիկանութեան մօտիկ աղբիւրներու, ձերբակալեալները կը մեղադրուին Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան հետ կապեր ունեցող անձեր քաղաքապետական խորհուրդներու մէջ պաշտօններու կոչելու յանցանքով, այդիպիսով անոնց դիմաց ուղի բանալով, որպէսզի ներթափանցեն տեղական իշխանութիւններու մէջ։
*
Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու Ապրիլ 11-ին դատարան պիտի ներկայանայ՝ դիմակալելով եօթուկէս տարուան բանտարկութեան հաւանական վճիռ մը, որովհետեւ ըստ դատարանին, Պոլսոյ գլխաւոր հանրային դատախազ Աքին Կիւրլէքի դէմ յայտարարութիւններ կատարած է։
Իմամօղլու Յունուար 20-ին քննադատած է Կիւրլէքը՝ իր պատկանած կուսակցութեան, ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան երիտասարդական թեւի ղեկավար Ճէմ Այտընի դէմ օրինական քայլերու դիմելուն համար։ Դատախազներ կը նշեն, որ Իմամօղլուի յայտարարութիւնները կրնան սպառնալիք համարուիլ, հետեւաբար ան պէտք է դատուի։
Իմամօղլու նաեւ կրնայ դատուիլ այլ յայտարարութեան մը համար, որուն մէջ ան դատական հարցերու մասնագէտ մը ամբաստանած է կեղծիք գործելով, Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան հակակշիռին ենթակայ քաղաքապետարաններու վերաբերեալ դատական հայցերու մէջ։
*
Ապահովութեան հարցերով Միւնիխի համաժողովին ընդառաջ հրապարակուած տեղեկագրին մէջ լուսարձակի տակ առնուած է Թուրքիոյ հետզհետէ զարգացող ազդեցութիւնը՝ միջազգային քաղաքականութեան մէջ՝ նշելով նաեւ արեւմտեան պետութիւններուն ընկալումներուն մէջ դրական որոշ փոփոխութիւնները, Թուրքիոյ կապակցաբար։
Տեղեկագրին մէջ գրուած է, որ գերմանացի, անգլիացի, իտալացի, ֆրանսացի եւ այլ պետական պաշտօնատարներ այժմ կը համարեն, որ Թուրքիա դաշնակից պետութիւն մըն է։ Ըստ տեղեկագրին, դրական ամէնէն տեղաշարժը արձանագրուած է Անգլիոյ մէջ, ուր մեծ է թիւը այն պաշտօնատարներուն, որոնք Անգարան գործընկեր կը համարեն։
Տեղեկագրին մէջ կը նշուի, որ 2023-ին Գերմանիոյ մէջ պաշտօնատարներու 36 առ հարիւրը կը համարէր, որ Թուրքիա սպառնալիք մըն է, մինչդեռ ընթացիկ տարուան մէջ այդ համեմատութիւնը նուազած է 31 առ հարիւրի։ Տեղին է նշել ,որ տեղեկագրին մէջ Թուրքիա անուանուած է ոչ թէ համաշխարհային ուժ, այլ՝ շրջանային ուժ մը։
*
Թուրքմենիստանի քարիւղի նախարարութիւնը Թուրքիոյ քարիւղի պետական «Պոթաշ» ընկերութեան հետ կնքեց համաձայնագիր մը, որուն համաձայն Իրանի տարածքով թուրքմէնական բնական կազը Թուրքիա պիտի փոխադրուի։ Թուրքմէնիստանի նախագահ Ղուրպանկուլի Պերտիմոհամետով այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի, հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին։
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թուրքմենիստանի նախագահը առաջարկած է ընդլայնել ելեկտրականութեան հոսանքի հայթայթման մէջ գործակցութիւնը եւ Մարի մարզի ջրելեկտրակայանէն մինչեւ իրանեան սահման երկարող ելեկտրահաղորդման գիծ մը կառուցել։ Կը նախատեսուի, որ այս գիծին կառուցման աշխատանքները պիտի կատարեն իրանեան ընկերութիւնները։
*
Թուրքիա եւ Քաթար միացան Յարատեւ Տնտեսական Զարգացման Համարկուած Ճարտարարուեստի Գործընկերութեան պլոքին՝ անդամ պետութիւններուն թիւը եօթի բարձրացնելով։ Պլոքին հինգերորդ վեհաժողովը կայացաւ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ,ուր ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ, Քաթարի, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի, Պահրէյնի եւ Մարոքի համապատասխան նախարարները։
Ըստ համաժողովին մօտիկ եւ հաւաստի աղբիւրներու, Թուրքիոյ եւ Քաթարի անդամակցութիւնը կը համապատասխանէ պլոքին հայեացքներուն եւ գործընկերութեան ընկալումներուն, որովհետեւ երկու երկիրներուն անդամակցութիւնը կը զօրացնէ շրջանային առեւտրական համարկումը, նկատի ունենալով, որ Քաթար եւ Թուրքիա որակական ներդրում կրնան ունենալով պլոքին ծրագրերուն եւ նախագիծերուն մէջ։