Հարաւային Կովկասի Քաղաքական Քարտէսը Կ՚որոշուի Յառաջիկայ Տարիներուն
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
6 Փետրուար 2025
haroutchekijian.wordpress.com
Զարուհի Բաբուխանեան, Մոսկուայի Համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու անկախ հիմնարկին՝ IMEMO RAS-ի գլխաւոր գիտաշխատող, Կովկասագիտութեան ընկերութեան նախագահ՝ Ալեքսանդր Քռիլովի Aleksandr Krylov հետ հարցազրոյց մը վարած է՝ Հայաստանի հանդէպ Ատրպէյճանի դիրքորոշումին եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի իրավիճակին ու Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ ծագած լարուածութեան մասին, որ վերոնշեալ խորագիրով լոյս տեսած է «Կոմսոմոլսկայա Փրավտա Հայաստանում» թերթի 24-30 Յունուար 2025-ի համարին մէջ (1)։ Ստորեւ ռուսերէն բնագիրը անգլերէնի վերածելէ ետք կը թարգմանեմ յօդուածը.


«ԶԲ – Ըստ Ձեզի, ինչո՞ւ էին Ալիեւի վերջին կոշտ յայտարարութիւնները, երբ Հայաստանը ֆաշիստական պետութիւն անուանեց եւ խօսեցաւ Զանգեզուրի միջանցքի բացման անհրաժեշտութեան մասին, նաեւ, թէ՝ Հայաստանը պէտք է դադրեցնէ վերազինումը։ Կրնա՞նք ակնկալել, որ Ատրպէյճանը կը պատրաստուի ռազմական մագլցումի։
«ԱԿ – Շատ ճիշդ է: Դիրքերու կարծրացումը անցեալ դեկտեմբերի վերջէն սկսաւ, երբ Ատրպէյճանի խորհրդարանը հանդիսաւոր շքանշաններ շնորհեց «Արեւմտեան Ատրպէյճան» համայնքի ներկայացուցիչներուն։ Այս ամենը տեղի ունեցաւ պետական մակարդակով։ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» գաղափարը ժամանակակից Հայաստանի տարածքն է, եւ խօսքը Զանգեզուրի միջանցքին կամ Ատրպէյճանի արեւմուտքը գտնուող որեւէ հատուածի մասին չէ։
«Այժմ Ատրպէյճանի պաշտօնական տեսակէտը այն է, որ անոնք արդէն ատրպէյճանական հողեր են, ուր ռուսերը մտած են 18-19-րդ դարերուն։ Անոնք հայեր բնակեցուցին այնտեղ՝ վտարելով բնիկ ատրպէյճանցիները։ Ապա տեղի ունեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումին նախորդող դէպքերը։ Եւ այժմ այս նիւթը կ՚արծարծուի մէկ պատճառով, քանի որ ցարդ անյայտ տեսանիւթ մը տարածուած է ատրպէյճանական բոլոր ալիքներով։
1993-ի Երկրապահներու հիմնադիր համագումարէն տեսանիւթ մըն է, ուր Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կ՚ըսէ, որ Զանգեզուրէն եւ Հայաստանի այլ վայրերէն եթէ ատրպէյճանական բնակչութիւնը չվտարուէր, մենք չէինք տիրանար անկախութեան եւ ազատագրել Արցախը։ Այս է, որ կը ներկայացուի իբրեւ ցեղապաշտութեան եւ ֆաշիզմի դրսեւորում, եւ թէ՝ Հայաստանի իշխանութիւնը, անկախ, թէ՝ ով է անոր ղեկին՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Սերժ Սարգսեան, Ռոպերթ Քոչարյա՞ն, թէ՝ այժմու Նիկոլ Փաշինեանը, ատրպէյճանական բնակչութեան ցեղասպանութեան ձգտող իշխանութիւն է։ Այստեղէն բխած է կարգախօսը եւ իբրեւ անոր շարունակութիւն՝ Ատրպէյճանցի գաղթականներուն իրենց նախկին բնակութեան վայրեր վերադարձի լոզունգը։
«Հայաստանի մէջ ազերիներու առաւելագոյն թիւը, որ գրանցուած է 1979-ի մարդահամարին, եղած է 160 հազար, երբ միեւնոյն ատեն, Ատրպէյճանի մէջ 450 հազար հայ կար։ Սակայն ատրպէյճանական կողմէն ոչ ոք կը յիշէ Ատրպէյճանի մէջ ապրած հայերը։ Այժմ ազերի գաղթականներուն թիւը քարտէսի վրայ կ՚որոշուի 400 հազար մարդ, որ, ըստ երեւոյթին, կը շարունակէ աճիլ։ Այստեղ կարելի է ըսել, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» վերադարձի կարգախօսը կ՚ենթադրէ նաեւ, Հայաստանի մէջ բնակեցում ազերի բնակչութեան կողմէ։ Այստեղ կը գործէ Կիպրոսի դիպաշարը, երբ Թուրքիոյ զինուորական թոշակառուները զանգուածաբար տեղափոխուեցան Հիւսիսային Կիպրոս: Այժմ, բնականաբար, այնտեղ բնակչութիւնը ունի համապատասխան աշխարհահայեացք։
Այսպիսով, կարելի է ըսել, որ Ատրպէյճանի ծայրայեղ տեսակէտը, Թուրքիոյ հետ միասին, Հայաստանի ամբողջ տարածքին տիրանալն է։ Կամ՝ կ՚ուզեն այս կերպով ճնշել Հայաստանի ղեկավարութեան վրայ, երթալու աւելի ու աւելի շատ զիջումներու եւ ի վերջոյ Հայաստանը դարձնել Ատրպէյճանէն ու Թուրքիայէն կախեալ պետութիւն, որ պէտք է ապառազմականացուի։ Այս պահանջը արդէն նոյնպէս՝ կը լսենք։ Այնպէս որ, ատրպէյճանական կողմին մէջ իսկապէս կայ արմատականացում եւ, անշուշտ, չկայ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու հեռանկար, որուն մասին շատ կը խօսուէր անցեալ տարի։
«Ատրպէյճանական կողմը այս պահուն ծայրայեղ դիրքի վրայ է: Այսպիսով, իսկապէս հաւանական է, որ նոր ռազմական բախումներ տեղի ունենան։ Արդէն տեղեկութիւններ կան սահմանին հրաձգութիւններու մասին։ Ղարաբաղի 2020 եւ 2023 տարիներու պատերազմի փորձերը կը հուշէ, որ Ատրպէյճանը կրնայ կրկնել, հակայարձակման այս դիպաշարը՝ ի պատասխան հայկական կողմին «սադրիչ գործողութիւններուն»։ Սակայն որպէսզի այդ տեղի ունենայ, պէտք է յարմար պայմաններ ստեղծուին։ Քանի Հայաստանի մէջ տակաւին ռուսական 102-րդ ռազմակայանը կայ, եւ քանի դեռ այնտեղ կան ռուս սահմանապահներ, մեծ չափի գործողութիւններ պէտք չէ սպասել։
Վերջերս ԱՄՆ-ի հետ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր ստորագրուեցաւ։ Ամենայն հաւանականութեամբ, ամերիկեան կողմը կը փորձէ հեռացնել ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Հայաստանէն։ Եթէ դէպքերը զարգանան այս ձեւով, ապա ռուսական զօրքերը դուրս բերելէ ետք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր լայնածաւալ պատերազմի հաւանականութիւնը կախեալ է, թէ՝ Հայաստանի անվտանգութեան արեւմտեան երաշխիքները որքանո՛վ վստահելի են։ Եթէ փաստուի, որ անոնք այնքան ալ վստահելի չեն, ապա Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կրնան իրականացնել իրենց արմատական նպատակը՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճանը», որ անոնք կը համարեն արդէն Ատրպէյճանական տարածք։
«ԶԲ – Հաւանականութիւն կա՞յ, որ Ալիեւի այս կոշտ յայտարարութիւններէն ետք Փաշինեանը յիշէ ՀԱՊԿ-ին անդամակցելու մասին։
«ԱԿ – 2024-ի փետրուարէն Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին սառեցուած է: Բազմաթիւ յայտարարութիւններ եղան, որ ՀԱՊԿ-ն ու ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Հայաստանի ազգային ապահովութեան վտանգ կը հանդիսանայ։ Արդէն շատ դժուար է ետդարձ կատարել, քանի որ Փաշինեանը ըսաւ, որ արդէն իսկ անվերադառնալի կէտը անցած է: Հարցը այն է, որ, արդեօք ան կը շարունակէ՞ Հայաստանէն ռուսական զօրքերու դուրսբերման ուղղութեամբ աշխատիլ, թէ՞ կը փորձէ պահպանել սառեցուած վիճակը՝ դուրս գալու եւ սառեցուած անդամակցութեան միջեւ հաւասարակշռութիւն պահելու համար։
«Այժմ, ԱՄՆ-ի վարչակազմի փոփոխութեան խորապատկերին, երբ ամբողջ հաւաքական Արեւմուտքը դադար առած է եւ կը սպասէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ նոր վարչակազմը, կը կարծեմ, որ հնարաւորութիւն կայ շարունակել այս ընթացքը առայժմ, վերջնականապէս դուրս չգալ եւ չխզել յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ։ Սա նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնէն դուրս գալն է։ Այս մասին շատ կը խօսուի, քանի որ Եւրոմիութեան անդամակցելու փափաքը արդէն իսկ պաշտօնապէս յայտարարուած է։ Հասկնալի է, որ Եւրոմիութեան անդամակցիլը դիւրին գործ չէ, սակայն զարգացման ուղղութիւնը որոշուած է, եւ Եւրասիական միութեան հետ յարաբերութիւնները եւ տնտեսական կապերը անխուսափելիօրէն կը վերանայուին։ Եթէ այս ուղղութեամբ շարժումը շարունակուի, ապա, իհարկէ, Անդրկովկասի մէջ իրավիճակը արմատապէս կը փոխուի։
«ԶԲ – ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթաց սկսելու մասին օրէնքի նախագիծին։ Հասկանալի է, որ այս գործընթացը երկար տարիներ կը տեւէ։ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ օրինակէն կը տեսնենք, որ այս երկիրները երկար տարիներ կարգի կը սպասեն։ Ինչո՞ւ Հայաստանը այս ուղղութեամբ կը շարժի։ Իսկապէս Հայաստանը ակնկալիքնե՞ր ունի, որ կը կարծէ, թէ իր պարագան այլ կե՞րպ կը զարգանայ։
«ԱԿ – Այստեղ պէտք է խօսիլ Հայաստանի, իբրեւ պետութիւն՝ հայ բնակչութեան, եւ միւս կողմէ իշխող վերնախաւի շահերուն մասին։ Անոնք կրնան բոլորովին այլ շահեր ըլլալ։ Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ օրինակով կը տեսնենք, թէ՝ որքա՜ն պատրաստ է իշխող վերնախաւը զոհելու իր պետութիւնն ու բնակչութիւնը։ Ուստի, եթէ Փաշինեանը շահագրգռուած է այս ուղղութեամբ շարժիլ, ուրեմն որոշ անձնական շահ ունի անկէ։ Ես կապը կը տեսնեմ, որ շուտով տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք պաշտօնապէս նշանակուած են եկող տարի։
«Սակայն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ, քանի մը անգամ տեսած ենք նաեւ, որ ընտրութիւնները կը տեղափոխուին աւելի կանուխ թուականներ։ Այստեղ, ըստ հարցախոյզներուն, այժմ Փաշինեանի ժողովրդականութեան մակարդակը ինկած է, եւ անոր համար կարեւոր է քանի մը տեսանելի մեծ ձեռքբերումներ ներկայացնել։ Սակայն այս մեծ ձեռքբերումները կրնան ըլլալ դէպի Արեւմուտք շարժման տեսքով, ուր անոր կը յարգեն, ուր Հայաստանը կը համարուի իսկապէս ժողովրդավարական երկիր, որուն հետ մտադիր են զարգացնել տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական համագործակցութիւն։
«Եթէ պատկերացնենք, օրինակ, որ ընտրութիւնները հետաձգուին մինչեւ այս տարուայ կէսերը, ապա ան կրնայ ուղղակի օգտուիլ դէպի Արեւմուտք շարժումէն, քանի տակաւին անոր բացասական հետեւանքները չեն երեւիր։ Եւ եթէ ընտրութիւններէն ետք, որոնց կ՚ակնկալէ յաղթել եւ շարունակել իր իշխանութիւնը քանի մը տարի եւս, այդ բացասական հետեւանքները ի յայտ գան, ապա արդէն ուշ կ՚ըլլայ, երբ բնակչութիւնը զգայ, թէ սխալ քուէարկած է։ Ուստի այստեղ, ինծի կը թուի, որ շատ կարեւոր դեր ունի Փաշինեանի անձնական քաղաքական շահը։
«ԶԲ – Շատ կը խօսուի, որ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութիւնէն Հայաստանը աւելի շատ կը շահի, քան միւս անդամները։ Թէ՝ ան աւելցուց ապրանքի շրջանառութիւնը, արտահանումը եւ այլն։ Հաւանականութիւն կա՞յ, որ Հայաստանը ԵԱՏՄ-էն դուրս գալ կ՚առաջարկեն նոյնիսկ ԵՄ-ին անդամակցելէն առաջ։
«ԱԿ – Չեմ կարծեր, որ այդ նախաձեռնութիւնը կու գայ Ռուսիայէն, քանի դեռ իրական շարժում չէ եղած դէպի Եւրոմիութիւն։ ՀԱՊԿ-ի պարագան աւելի առաջ է, քանի որ անդամակցութիւնը սառեցուած է։ ՀԱՊԿ-ի կանոնագրութիւնը այդ մէկը չի նախատեսեր։ Հայաստանը դադարեցուցած է անդամավճարները եւ խեցեվճռած է՝ պոյքոթած կազմակերպութեան գործունէութիւնը։ Եւ այստեղ հարց կը ծագի, որ ՀԱՊԿ-ի միւս անդամները ինչպէ՞ս պէտք է արձագանքեն։ Առայժմ արձագանքը շեշտակիօրէն հանդարտ եղած է, սահմանափակուելով Հայաստանի ղեկավարութեան՝ ՀԱՊԿ-էն մնալու կամ հեռանալու կոչերով: Հայաստանի ղեկավարութիւնը դադար առած է եւ պաշտօնապէս չէ յայտարարած ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու մասին։
«Սակայն այստեղ Միրզոյեանի այցի եւ ԱՄՆ-ի հետ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրման հետ կապուած, կարելի է ակնկալել, որ ամերիկացիները, եթէ անոնք յամառօրէն խորհուրդ կու տան Փաշինեանին դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն եւ աշխատիլ ռուսական զօրքերու դուրսբերման ուղղութեամբ, ապա Հայաստանի դիրքորոշումը կրնայ աւելի պարզ դառնալ, ՀԱՊԿ-էն պաշտօնապէս դուրս գալու եւ ապա ռուսական ռազմական ներկայութիւնը վերացնելու մտադրութեան առումով։ Սակայն այդ ընելու համար անհրաժեշտ է այս ամէնը անցնել խորհրդարանի միջոցով, ընդունիլ համապատասխան օրէնքներ եւ այլն, որ իրագործելի խնդիր է Փաշինեանի համար, քանի որ ան խորհրդարանին մէջ ձայներու մեծամասնութիւնը ունի։ Եւ ան կրնայ խորհրդարանը կառավարել, ինչպէս որ կ՚ուզէ:
«ԶԲ – Մոսկուայի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ որոշ լարուածութիւն կայ օդանաւի արկածէն ետք։ Իրավիճակը սրելով Ալիեւը ի՞նչ կը հետապնդէ:
«ԱԿ – Ալիեւը Թուրքիոյ նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ: Այսինքն՝ այնպիսի շեշտուած յարձակողական կերպով, այն ալ՝ գործընկերներուն հետ, միշտ չափազանցուած պահանջներ ներկայացնելով։ Սակայն, երբ իրենց կողմէ ռուս խաղաղապահները կը սպաննուին եւ ռուսական ուղղաթիռը վար կ՚առնուի, անոնք կը բաւարարուին նուազագոյն ներողութիւններով, եւ վերջ:
«Նայեցէ՛ք Թուրքիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ արդէն իսկ սկսած ռազմական գործողութիւնները Թուրքիոյ եւ սուրիացի քիւրտերուն միջեւ, որոնց կ՚աջակցին ամերիկացիները, Թուրքիոյ այդ սահմանին իրավիճակը աննախատեսելի կը դարձնեն։ Եւ ահա Ատրպէյճանը նոյնպէս՝ լիովին յստակ մտադրութիւն ունի լուծելու «հայկական հարցը»։ Անոնք կը կարծեն, որ «հայկական հարցը» իրենց համար հնարաւորութիւն է Հայաստանի տարածքը եւ Հայաստանը իբրեւ պետութիւն՝ օգտագործել իբրեւ գործիք տարածաշրջանէն դուրս պետութիւններու ձեռքին մէջ։ Առաջին հերթին Ֆրանսան է, որուն հետ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները այժմ աննախադէպ լարուած են։
«Այստեղ պէտք է խոստովանինք, որ հաւանականութիւն կայ, որ Հարաւային Կովկասի, ինչպէս նաեւ Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի սահմանները կրնան փոխուիլ։ Մենք այժմ կ՚անցնինք աշխարհաքաղաքական նոր համակարգի ստեղծման շրջան։ Միշտ չափազանց ցաւոտ է այս, եւ յղի մեծ պատերազմներով ու կորուստներով։ Մենք ասիկա յստակ տեսանք Ղարաբաղի մէջ։ Արդեօք կը շարունակուի՞ այս գործընթացը: Առաջին հերթին, կախեալ է, թէ՝ որքանով խոհեմ են Հայաստանի կառավարութեան գործողութիւնները։
«ԶԲ – Ձեր կարծիքով, ի՞նչ կը վկայէր Փաշինեանի արձագանքը Ալիեւի կոշտ յայտարարութիւններուն։
«ԱԿ – Ան վկայեց, որ Փաշինեանը յոյս ունի շարունակել զիջումներու միջոցով հասնիլ Ալիեւի հետ համաձայնութեան եւ կարգաւորել իրավիճակը Թուրքիոյ հետ։ Ըստ ամենայնի, ան նոր տարածքային զիջումներու կ՚երթայ սահմանազատման ընթացքին։ Սակայն ակնկալել, որ նման փոքր զիջումներով հնարաւոր կ՚ըլլայ լուծել Ատրպէյճանի հետ խնդիրը եւ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան բարեկամ պետութիւններ դարձնել Հայաստանին, ինծի կը թուի, միամտութիւն է՝ առանց Հայաստանի անվտանգութեան յուսալի երաշխիքներու։
«Արդեօ՞ք Արեւմուտքի հետ գործընկերութիւնը անվտանգութեան յուսալի երաշխիքներ կու տա՞յ: Ինչպէ՞ս պիտի իրականացուին այդ երաշխիքները։ Արդեօ՞ք տեղակայուած եւրոպական դիտորդական առաքելութիւնը բաւարար կ՚ըլլայ: Որքանո՞վ անոնք իսկապէս կրնան երաշխաւորել Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Թէ՝ Հայաստանի մէջ ամերիկեան ռազմակայա՞ն կը հաստատուի։ Այստեղ կրկին հարց կը յառաջանայ, թէ՝ Իրանը ինչպէ՞ս կ՚արձագանքէ, որքանո՞վ կողջունէ Թուրքիան, որ այժմ շատ լարուած յարաբերութիւններ ունի ԱՄՆ-ի հետ, սակայն Ռուսիան, իհարկէ, նոյնպէս՝ չողջուներ իրադարձութիւններու նման զարգացում։ Այսպիսով, իրավիճակը այժմ կը գտնուի այսպիսի քառուղիի մը մէջ, եւ, ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ տարիներուն կ՚որոշուի Հարաւային Կովկասի քաղաքական քարտէսը»։
Ռուս քաղաքագէտի մը իրապաշտ տեսակէտը, որ շատ աւելի ընդունելի պիտի ըլլար, եթէ իր զրոյցին մէջ, ուր յարմար առիթը ի՛նք ստեղծած էր, նշէր, որ 1918-էն առաջ Ատրպէյճան գոյութիւն ունեցած չէ:
* Ընդգծումներն ու նկարները յօդուածագրին կողմէ: