ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Միացեալ Նահանգներու մէջ ընթացող կրօնական ազատութիւններու վեհաժողովին, քոնկրէսին մէջ կազմակերպուեցան քննարկումներ՝ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ կրօնական ազատութիւններու եւ հալածանքներու մասին։
Քննարկումներուն ընթացքին քննադատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ Թուրքիան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար, Իսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հասցէին ուղղուեցան քննադատական խօսքեր՝ Արցախի հայութեան ցեղային մաքրագործման ենթարկելու համար։ Նաեւ նշուեցաւ, որ Պաքուի մէջ բանտարկուած կը մնան անմեղ հայեր եւ սնունդը կ՛օգտագործուի իբրեւ ճնշումի միջոց։Բանախօսները նաեւ անդրադարձան Արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ուղղուած սպառնալիքներուն՝ կոչ ուղղելով, որ ամերիկեան վարչակազմը միջոցներու դիմէ այս հարցերուն շուրջ։
Ուաշինկթընի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի համաձայն, Թրամփի վարչակազմի առաջին օրերուն տեղի ունեցող այս վեհաժողովը հնարաւորութիւն մըն է՝ փոխելու նախորդ վարչակազմի որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ զայն աւելի պատասխանատու դարձնելով։ Ան յոյս յայտնեց, որ նոր վարչակազմը պատժամիջոցներ կը հաստատէ Ատրպէյճանի դէմ եւ ջանք կը թափէ՝ Պաքուի բանտերուն մէջ արգելափակուած հայերը ազատ արձակելու եւ Արցախի հայութեան արժանապատիւ վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ։
*
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարեց, որ իրան բնաւ չի համաձայնիր, որ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական սահմաններ փոխուին։
Ընդունելով Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւը, Իրանի նախագահը նշեց, որ շրջանի երկիրներուն հողային ամբողջականութեան պահպանումը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքային սկզբունք է։ Ան նաեւ շրջանի երկիրներուն միջեւ միասնականութեան կոչ կատարեց։
Իր կարգին, Հաճիեւ նշեց, որ Ատրպէյճան կը ձգտի Իրանի հետ կապերու խորացման։
*
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սուպհանի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յստակօրէն յայտարարեց, որ միայն Իրանն է, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին հարցին մէջ կանգնած է Հայաստանի կողքին։«Իրան դէմ է նման միջանցքի մը ստեղծման, որովհետեւ անիկա թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ Իրանին վնաս է», շեշտեց ան։Իրանի դեսպանը նկատել տուաւ,որ դէմ չեն ճանապարհներու ապաշրջափակման, եթէ անիկա պիտի իրականացուի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան յարգման սկզբունքներուն վրայ։«Մենք դէմ ենք միջանցքի տրամաբանութեան», աւելցուց ան։
*
Հայաստանի փաստաբանները բողոքի պիտի դիմեն՝ մտահոգութիւն յայտնելով նոր հարկային փոփոխութիւններու եւ պահանջելով, որ անոնք վերատեսութեան ենթարկուին։ Փաստաբաններու պալատին հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ հարկային նոր օրէնքին գործադրութիւնը ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ խախտուած իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ եւ անկարելի պիտի դարձնէ անվճար իրաւաբանական օգնութեան տրամադրումը՝ Փաստաբանական կազմակերպութիւններու կողմէ։ Անիկա նաեւ զգալիօրէն պիտի բարձրացնէ փաստաբանական ծառայութիւններու արժէքը՝ սահմանափակելով անոնց հասնելու ճիգերը, ինչպէս նաեւ խտրական պայմաններ պիտի ստեղծէ քաղաքացիներուն համար, որովհետեւ փաստաբանական ծառայութիւններու արժէքը քսան առ հարիւրով պիտի աւելնայ։
*
Լաւատեղեակ աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ձերբակալուած են Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներ՝ կաշառակերութեան կասկածներով։ Այս լուրը հաստատուեցաւ նաեւ հակափտածութեան կոմիտէին կողմէ, որ չյայտնեց, թէ քանի հոգի ձերբակալուած են։ Ըստ մամլոյ աղբիւրներու, ձերբակալուածներէն մին քաղաքապետարանի հասարակական կարգի պահպանութեան ղեկավար Արամ Կիւլզատեանն է։ Քաղաքապետարանի բանբեր Հայկ կոստանեան, իր կարգին, ֆէյսպուքեան գրառման մը մէջ յայտնեց, որ լուրը ճիշդ է եւ թէ քաղաքապետարանը կը գործակցի իրաւապահ մարմիններու հետ՝ օրէնքով սահմանուած ընթացակարգերուն աջակցելու նպատակով։
*
Արեւելեան Եւրոպան իսկական գինիի առ ու վաճառքի շրջան մը կ՛ապրի եւ հայաստանեան գինին ասոր վառ օրինակն է, կը գրէր Ճոն Մարիանի, «Ֆորպս» ամսագրին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ։ Մարիանի գինիի մասնագէտ մըն է, որ բարձր կը գնահատէ աժան գինով բարձրորակ գինիները, որոնց շարքին է հայաստանեան Կարաս գինին, որ Էռնեկեան ընտանիքին գինեգործարանը կ՛արտադրէ։
Կարասի գինեգործարանը կը գտնուի Արմաւիրի մարզին մէջ, որ հարուստ հրաբխային հող ունի։ Այս հողատեսակը իտէալական է խաղողագործութեան համար։ Մարիանի կը նշէր, որ Հայաստանի տարածքին պահպանուած են գինեգործարանի մնացորդներ, որոնք Քրիստոսէ առաջ 4000 թուականէն մնացած են։