Հայաստան` Գոյութենական Սպառնալիքի Տա՞կ

Էտի Թաշճեան
Յունուար 21, 2025
Ծ․Խ․- Էտի Թաշճեան ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի պատմութեան (Bachelor of Arts in History) բնագաւառէն ներս եւ Մայիս 2024-ի շրջանաւարտ է։
2025-ի Յունուար ամսուան սկիզբը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Հայաստանի մասին գրգռիչ յայտարարութիւնները անհանգստութիւն յառաջացուցին աշխարհի չորս կողմերը։ Հայաստանը «ֆաշիստական պետութիւն» կոչելով եւ անոր այսպէս կոչուած «ֆաշիստական գաղափարախօսութիւնները» «արմատախիլ ընելու» մասին իր մտադրութիւնը յայտարարելով, Ալիեւի խօսքերը ցնցում յառաջացուցին յատկապէս կովկասեան տարածաշրջանին առընչուած շրջանակներուն մէջ։ Այդ յայտարարութիւնները – որոնք կատարուեցան պատկերասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին – լուրջ սրացում մը կը գրանցեն Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան տրամանաբանութեան մէջ, տարածքային վէճերէն անցնելով գաղափարախօսական եւ գոյութենական սպառնալիքներու ոլորտին։
Ալիեւի գործածած լեզուն կը յիշեցնէ այլ բռնապետական առաջնորդներու որդեգրած ճառաբանութիւնը, ինչպէս՝ Ուքրանիա ներխուժելու Ռուսիոյ արդարացումները. անիկա արդէն իսկ կը համարուի չարագոյժ նշան մը Հարաւային Կովկասի մէջ բռնութեան եւ անկայունութեան աճի հաւանականութեան` մօտակայ ժամանակներուն:
Այսպիսի սպառնալիքներու սրացման մթնոլորտին մէջ, Հայաստան ներկայիս կը գտնուի իր պաշտպանական ռազմավարութիւնը յստակացնելու, տարածաշրջանային նոր դաշինքներ դիտարկելու եւ համաշխարհային դիւանագիտութեան աշխուժացման կարեւոր խաչմերուկի մը վրայ։ Մինչ Ալիեւի խօսքերը նպատակ ունէին ապաօրինականացնելու Հայաստանը եւ անոր կառավարութիւնը, անոնք մաս կը կազմեն Ատրպէյճանի աւելի ընդարձակ խաղին՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, քաղաքական ինքնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան աստիճանական քայքայումով Հարաւային Կովկասի վերաձեւաւորման։ Նման ճարտասանութիւններ շատ վտանգաւոր նախընթաց մը կը ստեղծեն եւ կ՚ընդգծեն Հայաստանի պաշտպանական եւ դիւանագիտական ռազմավարութեան վերագնահատման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։
2020-ի Արցախեան պատերազմը աւարտեցաւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած զինադադարով եւ Հայաստանի համար մեծ կորուստներով, սակայն այդ հակամարտութեան հասցուցած վէրքերը տակաւին չեն բուժուած։ 2022-ին Ատրպէյճան յարձակում գործեց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ, տարածքներ բռնագրաւելով Ջերմուկի եւ Գեղարքունիքի մէջ, մինչ 2023-ի Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումը շրջադարձային կէտ մը եղաւ հակամարտութեան պատմութեան մէջ, վերջ դնելով պատմական Արցախի մէջ դարաւոր հայկական ներկայութեան։
Սակայն, Ալիեւի վերջին մեկնաբանութիւնները տարածքային վէճի սահմաններէն դուրս են։ Հայաստանի դէմ «ֆաշիզմ»-ի պիտակի գործածութիւնը կ’ենթադրէ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ գաղափարախօսական յարձակում մը հայկական պետութեան դէմ, յարձակում մը` Հայաստան-պետութեան օրինականութեան դէմ։ Ատրպէյճանի իշխող վերնախաւին համար, Հայաստանի գոյութիւնը արդէն իսկ “վիրաւորանք” մը կը համարուի Ատրպէյճանի ինքնութեան եւ անոր տարածքային յաւակնութիւններուն նկատմամբ։ Հայաստանը «ֆաշիստական պետութիւն» կոչելով, Ալիեւ դուռ կը բանայ գաղափարախօսական եւ քաղաքական ապաօրինականացման աւելի լայն արշաւի մը, որ կրնայ ծխածածկոյթ մը ապահովել, որուն ետին յաւելեալ յարձակողական գործողութիւններ կրնան քողարկուիլ` նպատակ ունենալով քանդել Հայաստանի պետականութիւնը:
Ալիեւի ճառաբանութիւնը կը բացայայտէ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական յաւակնութիւնները։ Հայաստանի տարածքները «Ատրպէյճանական հողեր» կոչելու ալիեւեան պնդումները նման են անոնց, որոնց վրայ Ատրպէյճանը պատմականօրէն հիմնած է իր ժխտումը հայկական ինքնիշխանութեան։ Հիմա, այս գաղափարախօսական յարձակումը ուղղուած չէ Արցախի դէմ, այլ Հայաստանի ազգային գոյութեան բուն գաղափարին դէմ։ Հետեւաբար, այս մէկը շատ խորունկ հետեւանքներ կրնայ ունենալ. ճառաբանութիւնը կրնայ ճամբայ բանալ էթնիկական նոր զտման, ռազմական սրացումի եւ տարածաշրջանային ապակայունացման, օրինականացուած «ֆաշիզմ»ի դէմ «ճիհատ»ի մը հովանիին ներքեւ։
Տարածաշրջանային իրավիճակի փոփոխութեան հետ միասին, Հայաստանի ռազմավարական դիրքը դարձած է խիստ փխրուն։ Աւանդաբար, Հայաստան կախում ունեցած է Ռուսիայէն՝ իբրեւ իր անվտանգութեան առաջին երաշխաւոր։ Սակայն, 2020-ի պատերազմը բացայայտեց ռուս-հայկական դաշինքի թերութիւնները, երբ Ռուսիա չկրցաւ կանխել Ատրպէյճանի ռազմական ջախջախիչ յաղթանակները։ Պարտութիւնը յանգեցաւ Հայաստանի անվտանգութեան քաղաքականութեան վերասահմանումին , զոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը ձեռնարկեց այլ դաշինքներու դիտարկումներով։
Համարձակ քայլով մը, Հայաստան մօտիկութիւն սկսաւ որոնել Արեւմուտքին հետ, յուշելով Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան իր փափաքը։ Այս շրջադարձը խորհրդանշական է, կը նշէ Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններու բազմազանութիւնը բարելաւելու աւելի մեծ փափաք մը, որը նաեւ կը յանգի ռուսական ազդեցութեան նուազման։ Սակայն, նման շրջադարձի մը բացասական կողմերն ալ կան։ Հայաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններու աճող մտերմութիւնը ահազանգ հնչեցուց Ռուսիոյ եւ Իրանի մօտ՝ երկու ուժեր, որոնք իրենց հաստատուած շահերը ունին Հարաւային Կովկասի մէջ։
Իրան կը սահմանակցի Հայաստանին եւ երկար ժամանակ հաւասարակշռող դեր կատարած էր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։ Ան շահագրգռուած է, որ Ատրպէյճան՝ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի շատ մօտ դաշնակից մը, տարածաշրջանին մէջ չափազանց մեծ լծակներ ձեռք չբերէ։ Մինչ Իրան յայտարարած է իր աջակցութիւնը Հայաստանին, միեւնոյն ժամանակ հաւասարակշիռ մօտեցում մը ցուցաբերած է՝ ընդգծելով տարածաշրջանային կայունութեան կարեւորութիւնը։ Երեւան այցելութեան ընթացքին, Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Բարձրագոյն Խորհուրդի քարտուղարը կոչ ըրաւ հայ ղեկավարներուն՝ ինքնուրոյն լուծելու տարածաշրջանային խնդիրները՝ առանց օտար ուժերու ներգրաւման։ Նման դիրքորոշում մը ցոյց կու տայ Իրանի զգուշաւորութիւնը Հայաստանի` Արեւմուտքի հետ աւելի խոր համարկումին նկատմամբ։ Իրան, բնականաբար, ուշադիր է այն հետեւանքներուն, որ նման զարգացումը կրնայ ունենալ իր ազգային անվտանգութեան համար։
Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, Հայաստանի յարաբերութիւններու խորացումը Միացեալ Նահանգներու հետ նոյնպէս յառաջ բերած է կարգ մը կարեւոր հարցեր մօտ ապագային հայկական արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեան մասին։ Թէեւ շատ մը վերլուծաբաններ կ՛ըսեն թէ Հայաստանի եւ Ա.Մ.Ն.-ի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը անվտանգութեան անվիճելի երաշխիք մը չէ, ան կ՚ընդգծէ երկկողմ յարաբերութիւններու խորացումը։ Աւելի խոր ռազմական եւ տնտեսական համագործակցութիւն ներառող գործընկերութիւն մը ի վերջոյ կրնայ վերաձեւել տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութիւնը, քանի որ Հայաստանի աւանդական կախումը ռուսական անվտանգութեան կարգադրութիւններէն շարունակաբար կը նուազի։
Արեւմուտքի վերաբերմունքը Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան` հետեւողականօրէն երկդիմի եղած է եւ կ՚արտացոլացնէ ռազմավարական եւ տնտեսական շահերու մրցակցող հրամայականները։ Ֆրանսայի նման երկիրներու կողմէ Հայաստանին աջակցութեան անխախտ դիրքորոշումէն անդին, արեւմտաեւրոպական երկիրներու մեծամասնութիւնը իրենց տնտեսական շահերը առաջնահերթ կը համարեն Ատրպէյճանի հանդէպ իրենց քաղաքականութեան մէջ։ Ատրպէյճան քարիւղի պաշարներու զգալի մատակարար մըն է, եւ Եւրոպական Միութեան ձգտումը՝ նուազեցնելու իր կախուածութիւնը ռուսական ուժանիւթէն, զայն դարձուցած է առանցքային գործընկեր մը իր ուժանիւթի բազմազանեցման ջանքերուն մէջ: Սակայն, նման մօտեցումը սովորաբար կ՛արժեզրկէ մարդու իրաւունքներու խնդիրը, երբ Ատրպէյճանի յարձակողականութիւնը Հայաստանի դէմ յարմարաւէտօրէն կը շրջանցուի Եւրոպայի կողմէ՝ ուժանիւթի համաձայնութիւններ կնքելու համար:
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտեցումը նոյնպէս անհամապատասխանութիւն ցոյց տուած է, հակառակ անոր ժողովրդավարական արժէքներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ ունեցած նուիրուածութեան: Ուաշինկթըն, մինչ քննադատած է Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած մարդու իրաւունքներու խախտումները, էական գործողութիւններ չէ կատարած այդ քննադատութեան համապատասխան: Նոյնիսկ երբ Պայտընեան վարչակազմը յայտարարեց Հայաստանի գերիշխանութեան պաշտպանութեան կարեւորութեան մասին, ան մերժեց տրամադրել նուազագոյն նիւթական աջակցութիւնը, որ անհրաժեշտ է Ատրպէյճանական յարձակապաշտութիւնը կասեցնելու ջանքերուն մէջ: Արեւմուտքի իտէալական արժէքներու պաշտպանութեան եւ գործնական վարքագիծին միջեւ այս խիստ հակասութիւնները կը բացայայտեն այն բարոյական փոխզիջումը, որ կը ղեկավարէ միջազգային յարաբերութիւնները, ուր տնտեսական եւ ռազմավարական շահերը շատ անգամ կը գերադասուին արդարութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներուն:
Ատրպէյճանի վերջին պահանջները՝ Արեւմտեան երկիրներուն կոչ ընելով դադրեցնել զէնքի վաճառքը Հայաստանին, յստակ ցոյց կու տան թէ ինչպէս աշխարհաքաղաքական հաշուարկները կը շարժեն տարածաշրջանային իրադարձութիւնները: Ալիեւը, ներկայացնելով Հայաստանի վերազինումը որպէս անկայունութեան պատճառ, կը փորձէ աւելի կրճատել միջազգային աջակցութիւնը Հայաստանին, միաժամանակ արդարացնելով իր սեփական յաւակնութիւնները: Այս խոսույթը կը նպատակադրէ աւելի մեկուսացնել Հայաստանը, թուլացնել անոր պաշտպանութեան կարողութիւնները եւ զայն աւելի խոցելի դարձնել Ատրպէյճանական յարձակումներուն դէմ:
Դիւանագիտական ճակատին վրայ, Հայաստանի Արեւմուտք շրջուիլը նոյնպէս հնարաւորութիւններու եւ ռիսքերու խառնուրդ մըն է: ԵՄ-ին անդամակցութիւնը, եթէ երբեւէ ձեռք բերուի, կրնայ բերել անհրաժեշտ տնտեսական եւ քաղաքական աջակցութիւն: Բայց, միեւնոյն ժամանակ, այս շրջադարձը կրնայ աւելի խորացնել Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրները: Աւելին, Արեւմուտքի նոր աջակցութիւնը Հայաստանին պիտի շարունակէ ետ մնալ այն քաղաքական եւ ռազմական աջակցութենէն, որ Ատրպէյճանը կը ստանայ Թուրքիայէն: Այսպիսով, բազմաթիւ առումներով, Հայաստանը կրնայ շարունակել մնալ դիւանագիտականօրէն մեկուսացած, նոյնիսկ երբ իր դաշնակցութիւնները փոխուին:
Վերջապէս, յարձակողական հռետորաբանութիւնը, դաշնակցութիւններու փոփոխութիւնը եւ ռազմական շարժումները բաւարար են ցոյց տալու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր հակամարտութեան մը բռնկումը աւելի հաւանական կը դառնայ: Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները պէտք չէ դիտուին որպէս դատարկ սպառնալիքներ. անոնք յստակօրէն կը ներկայացնեն անոր յարձակողական մտադրութիւնները: Ատրպէյճանի շարունակուող ռազմական կուտակումները, բանակցային լուծումներու մերժումը եւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի շուրջ հիւսուող պատմութիւններու շահագործումը ցոյց կու տան, որ պատերազմը հորիզոնին վրայ է: Հայաստանի համար, հակամարտութեան հեռանկարը ոչ միայն ռազմական սպառնալիք մըն է, այլ գոյութենական մարտահրաւէր մը, որ կրնայ վտանգել իր գերիշխանութիւնն ու քաղաքական ինքնութիւնը:
Հայաստանը կը գտնուի ծանր իրավիճակի մէջ՝ թէ՛ ռազմական, թէ՛ դիւանագիտական առումներով: Չնայած 2020-ի պատերազմէն յետոյ կատարուած բարեփոխումներուն, Հայաստանի բանակը տակաւին շատ աւելի թոյլ է համեմատած Ատրպէյճանի աւելի լաւ ֆինանսաւորուած եւ ժամանակակից բանակին: Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի աջակցութիւնը ունենալով՝ Ատրպէյճանը կը շարունակէ վայելոլ ճնշող ռազմական գերազանցութիւն, որուն մէջ ներառուած են նորարար օդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ ժամանակակից զէնքեր: Հայաստանի համար անհաւասար պատերազմական կարողութիւններու զարգացումը՝ անօդաչուներ, օդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ համացանցային պաշտպանութեան ենթակառուցուածքներ, կրնայ բաւարար չըլլալ կասեցնելու համար Ատրպէյճանի ընդլայնման ձգտումները:
Հարաւային Կովկասը ներկայիս կը գտնուի խաչմերուկի մը վրայ: Ատրպէյճանի յարձակողական հռետորաբանութիւնը, Հայաստանի դաշինքներու վերագնահատումը եւ մեծ դերակատարներու ներգրաւումը տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը դարձուցած են անկայուն եւ անկանխատեսելի: Հայաստանի համար աւելի լուրջ է վտանգը. իր գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, նոյնիսկ իր գոյութիւնը որպէս ազգ-պետութիւն, հարցականի տակ են: Ատրպէյճանը, վստահելով իր ռազմավարական դաշնակցութիւններուն եւ գաղափարական պատմասացութեան, կարծես որոշած է հասնիլ լիակատար տիրապետութեան:
Միջազգային հանրութիւնը պէտք է վճռականօրէն նոր սրացումները կանխելու քայլեր առնէ: Ատիկա կը նշանակէ ոչ միայն Ատրպէյճանի գործողութիւններուն դատապարտումը, այլ նաեւ նիւթական, դիւանագիտական եւ բարոյական աջակցութիւն Հայաստանին՝ ինքնապաշտպանութեան համար: Այդ չընելը պիտի քաջալերէ աշխարհի բոլոր բռնապետական վարչակարգերը եւ վտանգաւոր նախընթաց մը պիտի ստեղծէ՝ միջազգային կանոններու խախտման եւ գերիշխանութեան անձեռնմխելիութեան անտեսման վերաբերեալ: