Լրահոս

ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՆՇԵՑԻՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԸ

Յունուար 5-ին, Ուաստըրի Սուրբ Երրորդութիւն (Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ հովիւ ՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Ճրագալոյցի յատուկ Սուրբ Պատարագ մատուցեց Ուայթընզվիլի Սուրբ Աստուածածին (Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ մէջ, ուր երկու եկեղեցիներու հաւատացեալները միացած էին տօնախմբելու Քրիստոսի Աստուածայայտնութիւնը։

Երկու ծուխերէն 29 մանուկներ դպրաց դասին միացած էին Սուրբ Պատարագի շարականները երգելու։ Աւելի քան 120 հաւատացեալներ ամբողջութեամբ եկեղեցին լեցուցած էին յուզիչ արարողութեան համար։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, մանկական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մարինա Մերեանի եւ Լինտա Պըլոքի, երգեց Սուրբ Ծննդեան երգեր։ Երեկոն փակուեցաւ հաւաքական ընթրիքով եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Յառաջիկայ տարի, այս միացեալ  Պատարագը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button