ԳլխաւորԽմբագրական

ՊԱՔՈՒԻ «ԷՔՈԼԱԼԻԱ»-Ն. Հ.Հ. ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ…ԵՒ ՈՒՐԻՇ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ


«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Երբ հիւանդ մը աննպատակ կերպով շարունակ կը կրկնէ նոյն բառերը, յանկերգ ըլլալէ աւելի՝ կը
վերածուի հիւանդութեան մը, որ կը կոչուի «Էքոլալիա» (Echolalia)։
Պաքուի ներկայ ղեկավարութիւնը ամէն օր նոր փաստով մը ցոյց կու տայ, թէ վարակուած է այս ախտով։ Գրեթէ օրական հերթականութեամբ, բարձր ու բանալի դիրքի վրայ գտնուող ղեկավարներ կը կրկնեն եւ կը կրկնեն, թէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը պէտք է «պատշաճօրէն» բարեփոխուի եւ, ապագային գլխացաւ չպատճառելու համար, յստակօրէն նշուի, թէ Հայաստան ո՛չ մէկ հողային պահանջ ունի Ատրպէյճանէն։
Քանի մը օր առաջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ բողոքած էր, թէ Ալմա Աթայի հռչակագիրին մէջ, Հայաստանի արտայայտած ու որդեգրած հաւատարմութիւնը յստակ չէ եւ առիթ կրնայ ստեղծել ապագային բարդութիւններու:
Աւելին, ան յանկարծ նկատած էր, որ այդ հռչակագիրը այդչափ ալ… կապ չունի սահամաններուն եւ ընդհանրապէս տարածքներու հետ։
Միեւնոյն հարցին մասին խօսելով՝ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին
Ամիրպէքովն ալ, ըստ իր բացատրութեան՝ մատը վէրքին վրայ դրած էր, կարեւորելով, թէ Հայաստան պէտք է ամէն գնով եւ անյապաղ «սրբէ» Սահմանադրութեան մէջ նշուած՝ «Ատրպէյճանի վերաբերող ամրագրուած տարածքային պահանջներու խնդիրը»։
Ալիեւի հլու կամակատարի դերը շարունակելով, Ամիրպէքով կը
շեշտէ, թէ սահմանադրութեան միայն փոփոխութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ՝ երկկողմանի բանակցութիւնները շարունակել եւ ի վերջոյ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրել։
Հարցի միայն սահմանադրութեան շուրջ չի դառնար: Պաքու առօք-փառօք կը դատապարտէ «ատրպէյճանցիներու դէմ գործուած վայրագութիւններն ու մշակութային կառոյցներու քանդումը…»
Նոյն յանկերգը շարունակելով, բռնատէր Ալիեւ յանդգնութիւնը ունեցած է Պաքուի մէջ կազմակերպել անհետ կորսուածներու մասին միջազգային խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցողները բնականաբար իր մօտիկ միջավայրի «Yes-men» խմբակ մը եղած է, որոնք
վստահաբար բաւական կոկիկ գումարներ ալ ստացած են։
Այս խորհրդաժողովին խօսք առնելով եւ սպառնալով, Ալիեւ յայտնած էր, թէ Հայաստան՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքելու համար անպայմանօրէն պէտք է դատապարտէ ատրպէյճանցիներու դէմ գործուած վայրագութիւնները եւ ապա պատժէ մեղաւորները: Ըստ անոր Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի ղեկավարները պիտի ստանան իրենց պատիժները, մինչդեռ Հայաստան գտնուողները ո՛չ միայն պատասխանատուութեան կանչուած չեն, այլ հերոսացուած:
Հայաստանի մէջ կա՞յ իշխանաւոր մը, որ պիտի յանդգնի Ալիեւին յիշեցնել, թէ քսան տարի առաջ, 2004-ին, Պուտափեշթի մէջ, ռազմադաշտերէ շա՜տ հեռու, ՆԱԹՕ-ի մէկ հաւաքին, Գուրգէն Մարգարեան անունով հայ սպայ մը կացինահար սպաննուած էր ազերի Ռամիլ Սաֆարովի ձեռքով, որ իբրեւ հերոս վերադարձաւ Պաքու։ Միամտութի՞ւն է ակնկալել, որ Երեւանի նոյն իշխաաւորները արդար պահանջատիրութիւնը օր մըն ալ մէկդի նետեցին եւ Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական կապերը վերահաստատեցին առանց հատուցումի: Իսկ ծանօթ է, որ Ատրպէյճան Սաֆարովը ձեռք բերելու համար, հսկայական գումարներ տուած էր Հունգարիոյ…
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեանը կը նշէ, թէ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջ գոյութիւն չունի։
Պատալեան կրնար խօսիլ նաեւ այն մասին, թէ «ազգընտիր վարչապետը» Ատրպէյճանի ուղղութեամբ նշաձօղը այնքան մը իջեցուցած ու վարկաբեկած է, որ Ալիեւ ամէնայն յոխորտանքով շարունակ կը խօսի «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի մը մասին, Հայաստանէն պահանջելով, որ պէտք է ընդունի քանի մը հարիւր հազար ազերիներու Հայաստան վերադարձ։ Իսկ Երեւանի վարիչները ո՛չ մէկ բառ կ’արտասանեն բռնագաղթի մատնուած հայերու- հայապատկան հողերու վերադարձի եւ գերիներու ու պատանդներու մասին…
Գուրգէն Մարգարեանի հարցով, նշաձօղը կացինի հարուածով մը կոտրտած ու փճացած է։ Մնացեալ նշաձօղե՞րը…
Յստակ են թերացումները։ Դիւանագիտական լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք կայ կատարուելիք։ Հայաստան ու Հայ ժողովուրդը չեն կրնար պարզ հանդիսատեսի աթոռին նստած հետեւիլ հայկական հողերու եւ իրաւունքներու ողջակիզման: Պէտք է ՄԱՍՆԱԿԻՑԻ՛ դիրքերէն միանալ իշխանափոխութեան պայքարին, քաջ գիտնալով, որ իշխանափոխութիւնը միայն սկիզբն է նշաձօղին վերականգնումին եւ Ատրպէյճանի «Էքոլալիա»-ներուն դադրեցման:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button