Յօդուածներ

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ

 

 

 

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Սեպտեմբեր 25, 1954

Ձմեռնամուտ է, տենդագին գործունէութեան եղանակը։ Կը վերսկսի հանրային գործունէութիւնը՝ դպրոցներէն մինչեւ սրահները։ Հանդէս, հաւաքոյթ, տօնակատարութիւն՝ զանազան առիթներով ու անուններով։

Եւ այս բոլորի կարգին՝ թատերական ներկայացումներ ալ, դերասանական խումբերու կամ «սիրող»-ներու կողմէ։ Ներկայացումներ կը կազմակերպուին գաղութէ գաղութ, ուր որ քիչ շատ բեմի հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն ունեցող անձեր կան. կամ բեմական շնորհներով օժտուած խոնարհ ուժեր։

Տեղ տեղ ունինք թատերական խումբեր, որոնք տարին քանի մը անգամ բեմ կը բարձրանան, հայ ու օտար կեանքէն ներկայացումներ տալու համար, յաճախ առանց նիւթական ակնկալութեան։

Գիտենք ողբերգութիւնը հայ բեմին։ Ոչ հռչակաւոր, մեծատաղանդ դերասաններ ունինք, որպէսզի հասարակութիւնը թատրոն բերէին իրենց արուեստովն ու հմայքովը, ոչ ալ հանրային հետաքրքրութիւն արթնցնող, նորութիւն տուող թատերական գրականութիւն։ Բացատրելի է երեւոյթը։ Երբ ազգային բեմ չունինք, չենք կրնար թատերական գրականութիւն ունենալ։ Երբ չունինք դերասան, դժուար է թատերական կեանք ստեղծել։

Մեր թատերական լաւագոյն գործերը, վերջին 60-ամեակին, Սունդուկեանցէն Շիրվանզատէ, Պարոնեանէն մինչեւ Լեւոն Շանթ եւ ուրիշներ, կը զուգադիպին այն շրջանին, երբ հայ կեանքին մէջ գործած են արուեստագէտ դերասաններ ու խումբեր, Թիֆլիսէն Պոլիս ու Իզմիր, յետոյ՝ մինչեւ Ֆրանսա ու Ամերիկա։ Սիրանոյշ, Աբէլեան ու Արմէնեան, Զարիֆեան ու Փափազեան, Սեւումեան ու Աւէտեան կամ Պէնլեան անուններ էին, որոնք ոչ միայն հասարակութիւնը կ’ոգեւորէին, այլեւ մեր գրագէտները կը մղէին ստեղծագործութեան, թատերական գրականութեան մշակման։

Կը հաւաստուի թէ Շիրվանզատէի լաւագոյն գործը՝ «Պատուոյ Համար»-ը՝ գրուած է Աբէլեանի համար եւ անոր թելադրանքներով։

Շուրջ քառասնամեակ մը առաջ, Թիֆլիսէն ու Երեւանէն ետք, Պոլիսը դարձաւ թատերական կեանքի կեդրոն, «Տրամաթիկ» թատերախումբին կազմութեամբ, որուն առաջնորդն ու դաստիարակն եղաւ դերասան Սեւումեանը, իր բեմական բացառիկ զարգացումովն ու նուիրումով։ Այդ շրջանին է որ բացի ազգային գործունէութենէն առնուած գործերէն, օտար թատերախաղեր թարգմանուեցան ու բեմադրուեցան Տիկ. Պինէմէճեանի (Գովան), Շահխաթունիի, Ջանանի, Չափրաստի, Հրաչեայ Ներսէսեանի եւ այլ երիտասարդ ուժերու կողմէ։

Յիշեցինք անցեալը, ըսելու համար թէ այդ շրջանը, եթէ չի կրնար կրկնուիլ, բայց կրնայ օրինակուիլ։

Ճիշդ է թէ չունինք մեծ դէմքեր. չկան հին անունները, բայց կան խոնարհ ուժեր, որոնք կրնան կենդանի պահել հայ բեմը, եթէ անհրաժեշտ աշխատանքը թափուի եւ տիրապետողը ըլլայ նուիրումի զգացումը։

Մեր գրականութեան պարտէզէն չպակսեցա՞ն, խմբովին մեր մեծ դէմքերը, կաղնինե՛րը հայ մտքին ու արուեստին։ Սակայն, ամայի չմնաց պարտէզը. նոր ծիլեր բուսան ու ծաղկեցան, ու այսօր, կրնանք սփոփուիլ, նոյնիսկ հպարտանալ նոր տաղանդներով։

Ինչո՞ւ չհաւատալ, թէ նոյն երեւոյթը կրնայ կրկնուիլ մեր թատերական կեանքին մէջ։

Չենք կրնար վերակենդանացնել մեր մեծ արուեստագէտները, բայց կրնանք եղածները օգտագործել եւ մանաւանդ նորեր պատրաստել։ Ոչ ողբը, ոչ ալ ափսոսանքը կրնան դարմանել մեր կորուստները, եթէ աշխատանքն ու նուիրումը, զոհաբերութիւնն ու սէրը զգան ոռոգելու թատերական մեր դաշտերը։

Ամէն բանէ առաջ, մեր պարտքն է ըմբռնել թատրոնի հանրային ու դաստիարակչական դերը, համապատասխան աշխատանք թափելու եւ մեզի արժանավայել թատերական կեանք ստեղծելու համար։ Ինչո՞ւ, օրինակի համար, կարելի չըլլայ թատերական Հովանաւոր Մարմիններու կազմութիւնը, մէկ կողմէ ներկայացումներուն օժանդակելու եւ հանրային հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար եւ, միւս կողմէ, թատերախումբերուն օգնելու գրականօրէն, խաղերու ընտրութեան ու բեմադրութեան համար։

Ունինք թատերական գործեր, հայ ու օտար, որոնք կարելի է ընտրովի բեմադրել, ի հարկին պատշաճեցնելով մեր նոր պայմաններուն։

Եւ ունինք նաեւ շնորհներով օժտուած երիտասարդ ուժեր, որոնք կարելի է պատրաստել։ Նոր սերունդը հարուստ է դաշնակահար, ջութակահար, երգիչ ու նկարիչ տարրերով, ինչո՞ւ աղքատ պիտի ըլլայ բեմի շնորհներով օժտուած անձերէ։

Հոս իսկ ունինք դերասաններ, որոնք կրնան առաջնորդել նորերը եւ երեւան բերել անոնց տաղանդը, մարզել ընդունակութիւնները։ Նկատի ունենանք, որ թատրոնը ամենէն աւելի կրնայ խօսիլ մեր երիտասարդութեան սրտին ու մտքին։ Մեր ազգապահպանման պայքարին մէջ իսկ, մեծ դեր կրնայ կատարել ան, եթէ իմաստուն ձեռքերու մէջ գտնուի շարժումը։ Նոր սերունդը կարելի է աւելի դիւրաւ կապել թատրոնին, քան դպրոցին, եւ թատրոնի միջոցով հայ լեզուին ու կեանքին։

Գիտենք թէ չեն պակսիր մէկէ աւելի կեդրոններու մէջ- Պոսթըն, Հարթֆըրտ, Նիւ Եորք, Տիթրոյթ եւն-, դէմքեր՝ որոնք կրնան առաջնորդ դառնալ թատերական շարժումի մը, նոր ուժերու պատրաստութեամբ։

Մեր կրթական, գրական ու այլ ձեռնարկներու կարգին, թատրոնը կոչուած է մեծ դեր կատարելու. թատերական խումբերու ստեղծումը՝ Հովանաւոր Մարմիններու աջակցութեամբ, կրնայ յեղաշրջում առաջ բերել մեր հանրային կեանքին մէջ։ Անգտանելի չեն առաջնորդող ուժեր, հոս կամ արտասահմանի մէջ իսկ, եթէ փնտռենք ու պատրաստ ըլլանք զոհողութիւններ ստանձնելու, նիւթական ու բարոյական։

Եթէ մտածենք միայն գործի մասին եւ նուիրուինք աշխատանքի, հաւատքով ու գիտակցութեամբ։

Ու նաեւ խոնարհամտութեամբ եւ հանդուրժողական ոգիով։

Չմոռնանք որ հայ Մտքի զարթօնքի օրերուն, աւելի քան դար մը առաջ, առաջին լոյսերը հայ թատրոնէն արձակուեցան։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button