ԱմերիկահայԳլխաւորԼրահոս

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ «ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ՀԻՆԳ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՈՒՆԵՑԱՒ

 

«Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի 2024ի շրջանաւարտները դասատուներու հետ։ Ձախէն աջ՝ Կրէկ Վարժապետեան, Ճէյն Սիմոնեան Կորտնըր, Դանիէլ Առաքելեան, Լոռի Թէքէեան եւ Փօլ Թաթարեան։

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Ազգային Առաջնորդարանի «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը հինգ շրջանաւարտ ունեցաւ։ Ս. Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցիէն՝ Դանիէլ Առաքելեան, Ճէյն Սիմոնեան Կորտնըր, Լոռի Թէքէեան եւ Կրէկ Վարժապետեան, իսկ Սուրբ Խաչ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) եկեղեցիէն՝ Փօլ Թաթարեան։

Ամառնային լսարանը քառամեայ ծրագիր մը ունի, եւ զայն աւարտողները կրնան վերադառնալ յետաւարտական դասերու հետեւելու համար։ Այս տարի, լսարանը ունեցաւ 43 մասնակիցներ (առաջին մակարդակ՝ 14 աշակերտ, երկրորդ մակարդակ՝ 7, երրորդ մակարդակ՝ 11, չորրորդ մակարդակ՝ 5, յետաւարտական դասեր՝ 6)։

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button