Լրահոս

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»-Ը 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսսաւ «Հասկ – հայագիտական տարեգիրք»ի ԺԳ. տարուան թիւը՝ ձօնուած Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակին։ Հատորին խմբագիրն է «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
Հրատարակութիւնը իրականացաւ մեկենասութեամբ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ ընտանիքին՝ ի յիշատակ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ Շնորհալի Հայրապետին 850-ամեակին առիթով հրապարակուած սրբատառ կոնդակով բացուող գիրքը կը պարունակէ նոյն ամեակին առնչուող տասնչորս յօդուածներ, եօթը արխիւային եւ պատմական յօդուածներ, երաժշտական չորս մշակումներ եւ մատենագիտական երկու յօդուածներ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button