«Զարմանազան» Քալիֆորնիան Սկսած է…
Թամար Թիւֆէնկճեան
Վարիչ Տնօրէն Հայկական Ծրագիրներու
Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմին
Երկար սպասումներէ ետք հանրածանօթ հայերէն լեզուի Զարմանազան ճամբարը հասաւ Քալիֆորնիա եւ սկսաւ իր աշխատանքներուն, Քալիֆոնիայի Ֆրէյժըր անտառէն ներս։
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը գործակցաբար Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հետ, հիմը դրաւ Քալիֆորնիոյ «Զարմանազան»-ին, որը հայերէն լեզուն հայ պատանիներուն մօտ աշխուժացնելու եւ առօրեայ ազատ ու անկաշկանդ գործածութեան առիթ տալու հանգիստ միջավայր մըն է։
Երեսուն պատանիներ-պարմանուհիներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէն քով-քովի հաւաքուած են 21 օրեր ապրելու եւ ստեղծագործելու միայն հայերէն լեզուով։ 10-17 տարեկան մասնակիցներ հայկական «գիւղ»-ի մը մէջ ապրելու հաճոյքը եւ փորձառութիւնը կը վայելեն «Զարմանազան» ճամբարէն ներս։ Անոնք իրենց մանկական պատանեկան քաղցր յիշողութեամբ կ՛ապրին հաճոյք մը, որ իրենց անկաշկանդ խօսքերով առաջին իսկ օրերէն կը վկայեն ըսելով. «Չեմ ուզեր ՛՛Զարմանազան՛՛-ը վերջանայ», կամ. «հիմա պիտի քնանամ եւ երազիս մէջ բոլոր այսօրուան եղածները նորէն պիտի տեսնեմ, որովհետեւ այսօր շատ աղուոր օր մըն էր»։
Սփիւռքի մէջ ապրելով մենք մեր առօրեան շատ յաճախ կը վարենք տեղական տիրող լեզուով լիիրաւ ապրելու եւ գոյատեւելու մեր ոտքը դրած միջավայրին ու հողին վրայ։ Այս իրականութիւնը սակայն, ակամայ մեզ զրկած է բազմաթիւ անհրաժեշտ բառերու առօրեայ գործածութենէն, որոնց կարիքը չենք զգար մեր մասնագիտական կամ սովորական յարաբերութիւններուն մէջ։ Հետեւաբար «Զարմանազան»-ը կը միտի հայերէնը իր հարուստ բառամթերքով կեանքի բերելու, մշտական գործածութեան բոլոր անհրաժեշտ հնարաւորութիւնները ստեղծելու, որ հայ պատանիները սկսին իրենց լեզուն գործածել ու աւելի ինքնավստահ անով ապրին ու ստեղծագործեն։ Հեշտ չէ խօսքով հայ լեզուի գործածութեան դիմաց մեր առօրեայ պայմաններէն բխելով մե՛ր իսկ ստեղծած պատերը վար առնելը։
Սփիւռքը ունի իւրայատուկ խճանկար մը, այդ խճանկարին մէջ մենք կրնանք մեր ինքնութեան խարիսխներն ու հիմնաքարերը ամրապնդել։ Իսկ լեզուն ինքնութեան հիմնական գրաւականներէն մէկն է, որուն մասսայական ու յարատեւ գործածութիւնը կը նպաստէ անոր փայլքին, այժմէականութեան եւ ստեղծագործական լեզու մը դառնալուն։
«Զարմանազան» հայերէն լեզուի ճամբարը 2017 թուականէն ի վեր կը գործէ Ֆրանսայի մէջ։ Ճամբարը զուտ հայախօս ճամբար է, որ ստեղծագործական ազատ միջավայրի մէջ լեզուն կ՚ապրեցնէ ու բնականօրէն, անկաշկանդ գործածելու առիթներ կը ստեղծէ։ Հետեւաբար ան էական կը համարուի սփիւռքի մէջ, որովհետեւ գաղութներէն հետզհետէ կը նոսրանան հայախօս սերունդները։
Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, չորս տարիներէ ի վեր հայրենախօսութեան արշաւը առաջ կը տանի Քալիֆորնիոյ տարածքին։ Այդ արշաւը սկսաւ ազգային վարժարաններէն հայրենաւանդ ուսուցիչներու նորարարական դասընթացքներուն կազմակերպումով։ Իրականութիւն է այսօր Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին տիրական ներկայութիւնը եւ ազգային աշխուժութիւնը ամբողջ սփիւռքի տարածքին, յիշելով որ դպրոցական ցանցը այստեղ՝ ըլլա՛յ ամենօրեայ կամ միօրեայ, ամենէն հսկան է այսօր հայ իրականութեան մէջ Հետեւաբար կարեւոր է ստեղծել այն միջավայրը, ուր հայերէնը պիտի ծաղկի ո՛չ միայն գրական մակարդակով եւ պաշտօնական կամ յատուկ խաւի, սերունդի, կամ լոկ դասարապահի միջավայրի մը համար, այլ առօրեայ կեանքի, ապրելու, եւ հաղորդակցութեան միջոց դարձնելու։
Այս մէկը ի միտի ունենալով Խնամակալ Մարմինը իր առաջնահերթ նպատակը համարեց հայերէնը պահպանելու լօզունգները կեանքի կոչելը եւ գործնական ծրագիրներով զանոնք կիրարկելը։ Առաջին հերթին ազգային մանկամսուրներէն ներս ամբողջական հայկական ծրագիր սկսաւ իրագործել։ Մանկամսուրներու ուսուցիչներու վերապատրաստում եւ նոր դասածրագիրին գործադրութեան սեմինարներ կազմակերպեց, վստահ ըլլալու համար, որ որդեգրուելիք ծրագիրը մատչելի ըլլայ ու հասկնալի բոլոր մանկավարժ դաստիարակներուն համար։ Ապա հայերէն լեզուի դասաւանդման նորարարական մեթոտներու երկարամեայ առցանց վերպատրաստութեան ծրագիրնեու համար սկսաւ գործակցիլ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հետ «Ուս Հարթակ»-ի միջոցաւ։ Իսկ արտադասարանային եւ գաղութի մանուկներուն ու պատանիներուն համար հայերէն լեզուի գործածութիւնը զարգացնելու եւ տարածելու համար երկար պրպտումներէ ետք յայտնաբերեց Ֆրանսայի մէջ իրականացուող «Զարմանազան» ճամբարը ու յարմար նկատեց զայն բերել հասցնել եւ իրականացնել Քալիֆոնիոյ մէջ նաեւ, գործակցելով Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հետ եւ անոնց փորձառութենէն օգտուած յարմարեցնել ծրագիրը Քալիֆորնիայի եւ առհասարակ Ամերիկայի տեղական պայմաններուն եւ կարգավիճակին։
«Զարմանազան» ծրագիրը ինքնանպատակ ճամբար մը չէ, այլ անոր արմատները կը հասնին հայ մշակոյթի եւ բանահիւսութեան խորունկ եւ հարուստ գանձերուն, որպէսզի նորարարական եւ հարազատ ձեւով ճիւղաւորուին նոր սերունդին մօտ ծաղկեցնելու համար հայ կեանքը, պատրաստելու ապագայի հայ մշակութի կռուանները, որոնք սփիւռքի մէջ անվարան պիտի ստեղծագործեն հայերէնով, միաժամանակ իրենց ապրած միջավայրերէն ներս գործօն եւ կայուն հիմնաւորուելով։ Մէկ խօսքով հայ գաղութներուն մէջ հայերէն լեզուն ապրեցնելով, հայերէնով մշակոյթ ստեղծելու էական աշխատանքին հունտերը կը ցանուին «Զարմանազան»-էն ներս։
Կարեւոր իրագործում եւ Քալիֆորնիոյ հայ կեանքէն ներս ստեղծագործական եւ մարտահրաւէր կարդացող աշխատանք կը համարենք այս մէկը։ Սիրով ստանձնած ենք այս պատասխանատուութիւնը, քաջ գիտակցելով, որ անոր արդիւնքը իր դրական ալեկոծումով պիտի համակէ բոլոր մասնակից պատանիներուն հոգիները, հայերէնով ստեղծագործելու հունտերը ցանելով ապագայ խոստացող եւ հայ մշակոյթը տարածելու ատակ հայ պատանիներուն մտքերուն, սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Հայերէնի ծաղկումի ներշնչանքով կը շարունակուին մեր աշխատանքային քսանմէկ օրերը, իսկ յաջորդին մեր գաղութը կը տեղեկացնենք տարուող աշխատանքներուն եւ անոնց արձագանգներուն մասին։ Այս առիթով նաեւ յաջողութիւն կը մաղթենք նաեւ «Զարմանազան» Ֆրանսային, որուն աշխատնքները պիտի սկսին Յուլիսի առաջին շաբաթը Ալպեան լեռներուն վրայ։։