Լրահոս

ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն ճանչնալու Ուրուկուայի խորհրդարանին որոշումը։Թրքական հաղորդագրութեան համաձայն, Ուրուկուայի խորհրդարանին որոշումը կը հակասէ միջազգային օրէնքին, մասնաւորաբար՝ Մ․Ա․Կ․-ի 1948-ի ուխտին, որ կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ զանոնք գործադրողներու պատիժին։ «Խորհրդարանները իրաւունք չունին որոշումներ կայացնելու՝ պատմական տարակուսելի խնդիրներու շուրջ», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը։

«Անընդունելի այս քայլին նպատակն է ներքին առաւելներ արձանագրել», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որուն համաձայն, իր այս քայլով Ուրուկուայի խորհրդարանը կ՛աղաւաղէ պատմութիւնը։

*

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած՝ բնական կազի փոխադրութեան մասին  համաձայնագիրը, որ այս տարի վերջ կը գտնէր, երկարաձգուեցաւ մինչեւ 2030։ Նոր համաձայնագիրը կնքուեցաւ Թրքական Քարիւղի եւ Քարիւղատարներու Ընկերակցութեան, Ատրպէյճանի պետական ՍՈՔԱՐ ընկերութեան եւ ատրպէյճանական Բնական Կազի Հայթայթման Ընկերութեան միջեւ։

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար եւ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Ժապպարով կնքեցին ժամկէտի երկարաձգման համաձայնագիրը՝ Պաքուի մէջ կայացած՝ բնական կազի շաբթուան ծիրին մէջ։

*

 

Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ իր չին պաշտօնակիցին Ուանկ Եյիի հետ։ Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին Չինաստան – Թուրքիա յարաբերութիւնները, շրջանային խնդիրները եւ յատկապէս Կազայի պատերազմը կասեցնելու հեռանկարները։

Ֆիտան մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Չինաստան – Թուրքիա յարաբերութիւնները զարգացում կ՛ապրին եւ շեշտեց, որ Չինաստան կրնայ իր ներդրումը ունենալ շրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան հոլովոյթներուն։Ան նաեւ ըսաւ, որ Պէյճինկ եւ Անգարա նոյն պատկերացումները ունին՝ միջազգային համակարգին վերաբերեալ՝ աւելցնելով,որ շինիչ երկխօսութեամբ կարելի է լուծել բազմաթիւ հարցեր։ Պէտք է նշել,որ Ֆիտան նաեւ այցելեց թրքական ծագում ունեցող ույղուրներու շրջանը ,ուր անցեալին անջատողական շարժում մը ստեղծուած էր։

*

   Հաքքարիի քաղաքապետ Սիտտիք Աքըշ 19 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ՝ Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն համարուող Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան մէջ բարձր պաշտօններ վարելու մեղադրանքով։

Դատավճիռը, որ արձակուեցաւ Սիտտիքի դէմ, արդիւնք է 2014-էն ի վեր ընթացող դատավարութեան մը, որուն ընթացքին ՔԱԿի անդամ ըլլալու մեղադրանքին տակ գտնուող քիւրտ անձնաւորութիւնը ինքնապաշտպանութեան դիմեց՝ յայտարարելով,որ իր դէմ կատարուած մեղադրանքները քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն։ Ան մերժեց Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան անդամ ըլլալու մեղադրանքները։

Սիտտիքի դէմ արձակուած վճիռին պատճառով, անոր պատկանած կուսակցութեան՝ Ժողովուրդին Հաւասարութեան եւ Ժողովրդավարութեան անդամ երեսփոխաններ նստացոյցի մը սկսան խորհրդարանին մէջ, ուր բախումներ արձանագրուեցան իշխող «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններու հետ։

*

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէֆ Ֆլէյք՝ առանց բացայայտելու ,թէ ինչի մասին է խօսքը, յայտարարեց, որ մեծ քայլ մը առնուած է Թուրքիոյ ամերիկեան Էֆ- 16 տիպի հալածիչներ վաճառելու ծրագրին մէջ։

Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր կը ջանայ ամերիկեան հալածիչներուն նոր սերունդէն օդանաւեր ձեռք ձգել, սակայն բազմաթիւ խոչընդոտներ տարբեր հանգրուաններու արգելակած են գործարքը։Թուրքերը ունին այն տպաւորութիւնը, թէ ամերիկացիները էֆ-16ի վաճառքին փաթէթը կը գործածեն՝ Թուրքիոյ վրայ ճնշումներ բանեցնելու համար։

Ամերիկացի դեսպանին յայտարարութիւնը հաստատուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Քաղաքական – Զինուորական գործերու բաժանմունքին կողմէ,որ հաստատեց, թէ գլխաւոր քայլ մը առնուած է՝ դէպի ամերիկեան օդանաւերուն Թուրքիոյ վաճառքին ծրագիրը։Դեսպանին նման բաժանմունքն ալ չյայտնեց, թէ ինչ է քայլին բնոյթը։

Ըստ ծրագրին, Թուրքիա պիտի ստանայ 40 նոր Էֆ-16եր, ինչպէս նաեւ իր ունեցած 79 էֆ-16երը պիտի արդիականացուին։ Ամբողջ գործարքը 23 միլիառ տոլար կ՛արժէ։

 

 

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button