Վերջին օրերուն ոստիկանութեան զանազան միաւորներու դրսեւորած աննախընթացօրէն լկտի պահուածքը, ապօրինութիւններն ու բռնութիւնները ուղղակիօրէն կը վկայեն պետական մակարդակով գործադրուող ահաբեկչութեան մասին։ Աներկբայ է, որ Հայաստանի մէջ ոտնակոխուած են ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները։
Նախօրեակին, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի գրասենեակի եւ խումբ մը դաշնակցականներու, ներառեալ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախագահ, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանի վրայ կատարուած յարձակումէն, սադրիչ ու խուլիգանական արարքներէն յետոյ, երէկ ականատես եղանք ոստիկանական անօրինակ եւ խայտառակ վարքագիծի նոր դրսեւորումին։
Հանրապետութեան օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ու Մայր աթոռի միաբաններու Սարդարապատի յուշահամալիր այցելութեան ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր վարչակարգի անվտանգութեան անձնակազմի ու ոստիկանութեան յարուցած արգելքներն ու նողկալի պահուածքով ընկերացող միջադէպը մեծագոյն վիրաւորանքն են ոչ միայն Վեհափառին եւ Եկեղեցւոյ, այլ նաեւ ամբողջ հաւատաւոր հայ ժողովուրդին նկատմամբ։
Խուլիկանական բնոյթի ոստիկանական ապօրինութիւնները չեն կրնար հակազդեցութեան չարժանանալ եւ անհետեւանք մնալ։ Խիստ կարեւոր է հանրային յստակ եւ հրապարակային վերաբերմունքը այս անպատկառ վարքագծին նկատմամբ։ Այս խայտառակ բեմականացման բոլոր դերակատարները պէտք է գիտակցին, որ ոչ մէկ ապօրինութիւն անպատիժ պիտի մնայ եւ բոլոր մեղաւորները, ըստ օրէնքի, պիտի ենթարկուին խիստ պատասխանատուութեան։
Կոչ կ՚ուղղենք համայն հայութեան՝ շարունակելու պայքարը հայրենիք, պատիւ ու սրբութիւն չունեցող այս աղէտաբեր վարչախումբին դէմ։
Ազատ, անկախ, հզօր ու ժողովրդավար պետութիւն ունենալու մեր հաւաքական ձգտումը անկասելի է։
Հ.Յ.Դ. Բիւրօ
29 Մայիս, 2024