Հայաստանի Մէջ՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողով
Արցախի հայաթափումով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ օրըստօրէ լարուող անվտանգային միջավայրի ու գոյութենական սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններու քննարկման եւ համադրման, ինչպէս նաեւ ըստ անհրաժեշտութեան մարտավարական որոշակի վերանայումներ կատարելու համար` Հ.Յ.Դ. Բիւրոն հրաւիրած է Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողով:
Խորհրդաժողովի օրակարգին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած արտաքին հիմնական մարտահրաւէրներու քննարկումն է, անոնց յաղթահարման գործին մէջ Հայ դատի համակարգի ներուժի նպատակային օգտագործումը:
Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան քսան երկիրներէ ժամանած` ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 25 Մայիսին, Երեւանի մէջ:
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
24 Մայիս 2024