Տոքթ․ Հենրի Ասթարճեանի Հրաժեշտը
«Հայրենիք» եւ «Արմինիըն Ուիքլի» կը գուժեն մահը՝ Տոքթ․ Հենրի Ասթարճեանի, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 2-ին Նիւ Հեմշիրի մէջ։
Հայ Դատի անխոնջ ծառայող, տոքթ․ Ասթարճեան բժշկութեան կողքին, մօտէն կը հետեւէր քաղաքականութեան։ Ծնած Քիրքուք Յունուար 1934-ին, ան 1966-ին գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ։ Քիւրտերու հետ մօտիկ յարաբերութիւններ ստեղծած, ան 2007-ին լոյս ընծայած էր «Struggle for Kirkuk, The: The Rise of Hussein, Oil, and the Death of Tolerance in Iraq» գիրքը, որ մեծ ընդունելութիւն գտած էր։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, Ապրիլ 11-ին, ժամը 11:00-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Նիւթընի (Մասաչուսէց) գերեզմանատունը:
Խոր ցաւակցութիւն՝ հարազատներուն եւ բարեկամներուն։