Լրահոս

Հ.Մ.Ը.Մ. Տիթրոյթի Սկաուտական երկoրեայ Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Տիթրոյթի մասնճիւղի սկաուտական խորհուրդին, Փետրուար 16-17-ի շաբաթավերջին, Տիրպորնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ և Հայ Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ երկօրեայ սեմինար, Սեմինարին Ներկայ էր Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետուհի Լոռի Փիլիպոսեան, մասնաճիւղի ատենապետ Շանթ Ժամկոչեանը, վարչութեան սկաուտականի ներկայացուցիչ Հրանդ Կիւլեանը, սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Համօ Տօնիկեան:

Յառաջ նահատակ քայլերգով կատարուեցաւ սեմինարին բացումը, մասնաճիւղի խմբապետ Նարեկ Պասմաճեանը  բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձաւ սեմինարի յայտագրի և ներկայացուց խմբապետական կազմը, Փոխ խմբապետուհի Նարօտ Քէյվանեան և փոխ խմբապետ Արմէն Չոփճեան:

Մասնակիցները բաժնուած էին երկու խումբերու արի-արենոյշ եւ նորընծաներ:

 Սեմինարի յայտագիրը կ’ընդգրկէր մարզանքի պահ, մաքրութեան և կարգաւորումի ժամ, զանազան սկաուտական և ընկերային խաղեր, սկաուտական շարքային աշխատանքներ եւ անկասկած բուրգ կազմելու հաճոյքէն անպակաս չմնացին բոլորը:

Սեմինարի տեւողութեան մասնակիցները հետեւեցան դաստիարակչական նիւթերու “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքը” նիւթը, դասախօսն էր Շանթ Ժամկոչեանը։ Ան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնող կարճ տեսերիզ մը, ապա խօսեցաւ միութեան կառոյցին և  Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի նկարագրին մասին:

Մեր Հայրենիքի սահմանները անցեալն ու ներկան ներկայացուց Նարօտ Քէյվանեանը. Յեղափոխական դէմքեր և իրենց գործեր նիւթը ներկայացուց Արմէն Չոփճեանը:

Հայոց Առաքելական նեկեղեցւոյ տաղաւար տօները նիւթը ներկայացուց Սուրբ Սարգիս Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ դպրապետ Սարկաւագ Կարօ Պալեանը:

Բոլոր դասախօսական նիւթերու աւարտին եղան հարց-պատասխաններ:

Շաբաթ երեկոյեան դրօշակի արարողութեան աւարտին վարչութեան խօսքը փոխանցեց մասնաճիւղի ատենապետը, արարողութեան ներկայ եղան մասնաճիւղի վարչութենէն Սեպուհ Սարգիսեան և սկաուտական խորհուրդի անդամ Կարինէ Չոփճեանը:

Խոհարարի պատասխանատւութիւնը ստանձնած էր, մասնաճիւղի երիտասարդ անդամներէն՝ Զարեհ Նալպանտեանը:

Կիրակի օր, սեմինարի մասնակցողները ներկայ գտնուեցան Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ պատարագին:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button