Երազիս Քրիստոսատիպ Այցելուին Երկրորդ Հանդիպումը…

0 0
Read Time:5 Minute, 17 Second

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ, Վըրճինիա

 

Անկեղծօրէն խոստովանիմ, ինծի համար ալ հաճելի անակնկալ ու երկնային պարգեւ հանդիսացաւ Տիրոջ երկրորդ այցելութիւնը մեր խոնարհ յարկը: Ես ինծի մեքենաբար հարց տուի, որ այս մեղաւորը ո՜վ էր որ նման շնորհի արժանանար: Արդեօ՜ք երկուորեակ եղբօրս մահը ու սիրելիներուն խոր սուգը, Տէրը մղած էր առնելու խորապէս սփոփիչ, խորապէս խթանիչ այսպիսի օրհնաբեր քայլ մը: Սակայն ամենուրէք կատարուող նախճիրը, միթէ Տիրոջ երկվայրկեան մը հանգիստ կու տա՜ր, մեզի նման մանրուքներով զբաղելու: Միւս կողմէն սակայն, հարցականի տակ ալ դնելու իրաւունք չունէինք Որդի Աստուծոյ որոշումները: Ինքն է Ամենակալը… Մէկ անգամ ընդմիշտ ընդունինք այդ իրողութիւնը եւ վերջ: Երիտասարդի խանդավառութեամբ մեր յարկը եւ հանգուցեալ եղբօրս լուսանկարը օրհնելէ ետք, նստաւ Տէրը բաժակ մը հայկական գինիին կից եւ խօսքը ինծի ուղղելով ուզեց իմանալ առողջական վիճակս:

– Տէր իմ, լաւ գէշ եոլա կ՛երթանք կոր, ասոր ալ փառք տանք, եղաւ իմ պատասխանը:

-Ինձմէ մի՝ պահեր, վերջերս մէջքի ցաւդ սաստկացաւ ու շաբաթը երկու օր մարձումի կերթաս, թերափիստի՝ տեղական ժարկոնով:

– Տասնըեօթը տարեկան հասակիս գործատեղին մէջքս ցաւցուցի, տասնամեակներէ ի վեր ատոր հետեւանքները կը կրեմ առանց գանգատելու…

– Նկատեր եմ այդ մէկը, օրն ի բուն գանգատող տեսակէն չես…

– Սակայն Տէր իմ ահաւոր այդ ցաւը արգելք կը հանդիսանայ, որ զրկուիմ հանրային կեանքէն ու մէկ-մէկ ալ՝ հայկական Սուրբ պատարագէն: Կը քաշուիմ ըսելու, թէ պատկերասփիւռէն կը հետեւիմ կիրակնօրեայ հայերէն ձայնաւոր պատարագին: Եթէ Ընդհանրական եկեղեցւոյ նման, կէս ժամ տեւող թիւ պատարագը որդեգրած ըլլայինք ձայնաւորի կողքին, իմ նմանները ամէն Կիրակի ու տօնական օրերուն, կը խուժէին եկեղեցի, առանց տատամսումի: Աւելի քան վստահ եմ թիւ պատարագը եւս որդեգրելով, Հայ եկեղեցին կը կրկնապատկէ եկեղեցի յաճախողներու թիւը…

– Կը հաւատամ որ վեհափառ հայրապետները յոյժ այժմէական այդ հարցին ալ պիտի անդրադառնան շուտով…

Ումպ մը հայկական գինի ըմպելէ ետք, ստեղծագործական կեանքիս անդրադառնալով՝ Քրիստոս հարց տուաւ:

-Անտիպներուդ ճակատագիրը ի՜նչ եղաւ…

– Ոչ մէկ տեղաշարժ, Տէր Իմ, կը վախնամ որ այդքան ճգնանքով ստեղծած խիստ այժմէական գործերս մոռացութեան մատնուին մահէս ետքը: Առանց զայրոյթի ու մեղադրանքի դոյզն փորձի տեղին է հարց տալ թէ ու՜ր են գրականութեան ու մշակութային միութիւններու ու միւս կառոյցներու ղեկավարները, ինչո՜ւ հայ ստեղծագործ միտքը դատապարտուած է անէացումի: Ոչ մէկ ճիգ կը գործադրուի ու հետաքրքրութիւն ցոյց կը տրուի, սփիւռքահայ գրականութիւնը կենդանի պահելու, հայ գրողներուն անտիպ գործերը հրատարակելով: Այո, ո՜ւր մնացին այն օրերը երբ գրական գործ մը հազիւ աւարտած, մէկէ աւելի հրատարակիչներ կը յայտնուէին իրարու ձեռքէն խլելու ներկայացող առիթը…

– Շիտակը, իմ ալ միտքս տեղ չ՛ըներ ձեզի պէս մշակութասէր ժողովուրդի մը տեղքայլը եւ անտարբերութիւնը գիր գրականութեան հանդէպ… Քանի անտիպ ունիս որ…

– Տասը, տասնըհինգ… Տէր իմ:

– Անգիր կը յիշես անոնց անունները՜…

– Ձեր օրհնութեամբ պիտի փորձեմ յիշել… 1․ «Աշնանային Թրթիռներ», պատմուածքներ: 2․ «Ֆրիվէյ»-ի երկրորդ հատորը, գրուած՝ Կարապենցին բուռն փափաքին ընդառաջելով: 3․ «Մանկապատանեկան Պատմուածքներ»։ 4 «Փասփորթ»-ի երկրորդ հատորը: 5․ «Բանաստեղծութիւններ», հայերէն ու անգլերէն: 6․ «Ճշմարտութեան Փնտռտուքով», յօդուածներ, գրախօսականներ, դասախօսական ելոյթներ՝ հինգ հատոր: 12․ The Lions of Marash-ի անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւնը: 13․ «Փասփորթ»ի անգլերէն թարգմանութիւնը: 14․ «Այն Միւս Փողոցը»ի անգլերէն թարգմանութիւնը:

– Իսկ հրատարակուածներուն ցանկ՜ը…

– 1․ «Ափրիկեան Ափերու Վրայ», 2․ «Ափրիկեան Համանուագ», 3․ «Անտառը Մարդուն Մէջ» 4․ «Պայթում Լռած Թնդանօթներու» 5․ «Ողջոյն Յաւերժական Լիբանան» 6 «Ֆրիվէյ» 7․ «Merci Beaucoup Ասպետական Ֆրանսա» 8․ «Փասփորթ» 9․ «Փտախտ» 10․ «Այն Միւս Փողոցը» 11․ «Առաքելութիւն Ի Մարաշ» 12․ «Զաւեշտախառն Ոստայն» երգիծագիրքը:

Անգլերէն, արաբերէն ու ռուսերէն լոյս տեսած՝ «Ափրիկեան Համանուագ», անգլերէն լոյս տեսած՝ «Միշըն Թու Մարաշ»-ը՝  Mission To Marash ։

– Հայ տղայ, ինչպէ՜ս ժամանակ գտար այդքան գործեր արտադրելու, ընտանիք պահելու եւ գրական հասարակական գործերու նուիրուելու կողքին…

– Այո՝ լաւ նկատեցիք, Տէր իմ, նուիրում, ամենէն առաջ, հայ գիրի հանդէպ անսահման սէր ու պաշտամունք, զոհողութեան ոգի ու երկնային շնորհ… Գուցէ ես այն քիչերէն եմ, որ Աստուծոյ շնորհով ու պարագաներու բերումով, արհեստն ու գրելու արուեստը պատանի հասակէս իրարու հետ ձուլած եմ: Եւ հայոց լեզուն իտէալացնելով պաշտամունքի հասցուցած եմ: Եւ այդ մէկը կանուխէն խթանողը եղան հայոց լեզուի ուսուցիչներս՝ պարոն Կարապետը, Վազգէն Այգունին եւ Հրաչ Քաջարենցը ինչպէս նաեւ դաշնակցական մամուլի առօրեայ ընթերցումը:

– Ինչ ըսեմ, մարդ կը շշմի իրողութեանդ առջեւ, սակայն մի՝ յուսահատիր, անպայման, , լոյսը տեղէ մը կը ծագի… Գիտեմ որ գիրքերուդ հրատարակութենէն նիւթական ակնկալութիւն չունիս, թող հրատարակիչը ծախսերը փակէ գիրքերուդ վաճառքով, կամ ալ հայ գիրի բարերարներու նուիրատուութիւններով:

– Դիւրին-դիւրին յուսահատողներէն չեմ, սակայն երկուորեակ եղբօրս մահը, Տէր Իմ շատ խոր ազդեց հոգեկանիս վրայ…

– Մահախօսականդ կարդացի հայ մամուլի մէջ… Բաւական ազդու սրտի խօսք էր…

– Սուրբ պատարագին, խորանիդ առջեւ Տէր իմ, Կոմիտասի ու Եկմալեանի շարականները ապրումով երգելը իր կեանքին նպատակը դարձուցած էր ողբացեալ եղբայրս…

Տէրը չկրցաւ յուզումը պահել…

 

– Օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք, որոնք նուիրուած են Ազգին ու Սուրբ եկեղեցիին՝ Սուրբ երրորդութեան պաշտամունքին:

– Առաջին հանդիպումիս սրտիդ մօտ հարցում մը կար,, զոր առիթ չունեցար դրսեւորել:

– Այո Տէր իմ, մեզի նման մտահոգ քրիստոնեաները խոր կերպով տագնապեցնող եւ յուզող այժմէական խիստ կարեւոր հարց ու մտահոգութիւն դարձած է մեր կղերին պարտադրուած կուսակրօնութեան անմարդկային, կնճռոտ հարցը, որ եթէ բարի լուծում չի գտնէ, կը վախնանք որ մեծապէս տկարացնէ Քրիստոսի եկեղեցին…

Տատամսոտ, պահ մը լռեցի:

– Խօսի՝ր, ինձմէ մի պահեր մտքերդ, ըսաւ Տէրը:

– Ին՜չպէս կարող է նորմալ տղամարդ մը առանց կնկայ սիրոյն ու մտերմութեան ապրիլ ամբողջ կեանք մը… Դուք ալ երբ մարդացաք, ամբողջ 33 տարի առանց կնոջ գգուանքի ու սիրոյն ապրեցաք, ըստ Աւետարանին: Եղբայր այդ մէկը ինչպէ՜ս կարելի է, ըսէ՛ք խնդրեմ:

Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս պահ մը խոր մտածմունքի մատնուեցաւ: Ու ապա երկիմաստ, լայն ժպիտ մը յայտնուեցաւ անոր հրաշաբար դէմքին վրայ…

-Ո՜վ ըսաւ որ առանց կնոջ սիրոյն ու գգուանքին ապրեցայ, հապա Մարիամ Մագդաղենացի՜ն…

– Այդ մասին չուզեր լսել մեր սիրելի կղերը:

-Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ անոր յաջորդները ամուսնացած կղերականներ էին, օլուխ-չօլուխով… Սակայն ատիկա արգելք չեղաւ որ դժուարին պայմաններուն, հրաշալի գործ կատարէին… Հայերդ եւ ուրիշ քրիստոնեայ եկեղեցիներ ամուսնացած կղերի դրոյթ ալ ունիք…

– Տէր իմ, խօսքս բարձր պաշտօններ վարող նուիրեալ կղերի մասին է… Եւ այդ մէկը կ՛ըսեմ անոնց հանդէպ ունեցած սիրոյ ու յարգանքի խորութենէն ու տարածքէն թելադրուած, այլ ոչ թէ քննադատելու… Թող կարգուին երիտասարդ մայրապետցուներու հետ, որպէսզի բարգաւաճի Քրիստոսի եկեղեցին: Թող որ կիրթ զաւակներ բերեն աշխարհ: Թող որ դադրի կարգ մը կղերականներու մօտ տիրող նիւթապաշտութիւնն ու ապօրինի, պիղծ կենցաղը: Մեր այս դարուն, սեռայինն ու մերկութիւնը դարձած են առօրեայ հրապարակային ցուցամոլութիւն: Տիրող այդ պիղծ մթնոլորտին դիմաց, թող որ կղերը ամուր պահէ իր բարոյական ատաղձը, չզրկուի կնոջ գգուանքէն ու խումբ-խումբ պատանիներ, իրենց կարգին նուիրուին եկեղեցւոյ ծառայութեան ու սատարեն անոր պայծառութեան…

– Սիրելիս, ինչո՛ւ մեղքս պահեմ, ես ալ կը բաժնեմ քու եւ միլիոնաւոր քրիստոնեաներու մտահոգութիւնը՝ Սուրբ եկեղեցին փրկելու կործանումէ ու գաղտնի մեղանչումներէ… Կը կարծեմ, թէ կաթողիկոսներն ու Հռոմի պապը լրջօրէն կը մտածեն այդ ուղղութեամբ… Ողջ մնաս ախպէր ճան: Անյապաղ պիտի ձեռնարկեմ կնճռոտ այս հարցի լուծման, ամէն ազգի բարձրաստիճան կղերին մասնակցութեամբ:

Ու ձեռքի բաժակը քովի սեղանը զետեղելով ոտքի կանգնեցաւ Քրիստոս եւ անգամ մը եւս ողբացեալ եղբօրս լուսանկարը օրհնելէ ետք, աճապարանքով մեկնեցաւ մեր խոնարհ յարկէն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles