ՎԱՆ, ԴԱՏՎԱՆ, ՆԵՄՐՈՒԹ, ԱԽԹԱՄԱՐ…ՆԿԱՐԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ… ԱՆՄԻՏ ԹԱՓԱՌՈՒՄ

0 0
Read Time:6 Minute, 13 Second

Յ. Պալեան

            Յետ միջօրէ: Հեռատեսիլի լուսամուտէն մէկ ժամ դիտեցի հայաշխարհը: Գիրքեր եւ պատկերներ, երբեմն ալ զբօսաշրջիկի տպաւորութիւններ, ըսած էին, որ այդ տարածութիւնները, դաշտ, լեռ, ծովանման լիճ,  նախահայրերուս ԷՐԳԻՐն  էին: Ես ալ իրաւատէր ժառանգորդ: Ինչպէ՞ս չմտածեմ խայտառակուած իրաւունքի եւ անոր հետեւանք բազմատեսակ կեղծիքներու մասին:

            Ինչե՜ր տեսայ, ակնդէտ հետեւեցայ: Կը յուսայի, որ պատկերասփռումը կանգ պիտի չ’առներ: Ախթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիի գմբէթին խաչ կար: Հայեր ուխտի եկած էին եւ խումբով կը մասնակցէին կրօնական արարողութեան: Պատկերահանողին հետ բարձրացայ Նեմրութ լեռ, գացի անոր բարձրադիր լիճը: Վանայ աշխարհը ձիւներու տակ էր: Մշակուած կանաչ տարածութիւններ կային: Գաղթող երազային թռչուններու երամներ կը սահէին Ծովակին վրայ: Բնապահպաններ կը խնամէին անտէր մնացած թռչունները եւ կենդանիները: Արջառը յամրաքայլ կը յաջառաջանար: Վանի հռչակաւոր կատուները բուծանող, պաշտպանող եւ վաճառող կար: Վանայ Ծովակին վրայ կը շրջէին ձկնորսանաւեր: Ուռկանները լիքն էին տառեխով : Ըսին որ այդ ձուկը կը հասնէր Անգարայի եւ Իսթանպուլի, սեղանները:

            Ձիւնի սպիտակութիւն ունէին գրաւիչ աչքերով Վանի հռչակաւոր կատուները: Զանոնք հեռատեսիլէն դիտելու իրաւունք ունինք միայն, ներկայութիւն՝որ մեզի համար անցեալ է, հէքիաթի էջ:

            Հաղորդման հեղինակը յիշեցուց, որ հոն հայեր կային 1915-էն առաջ: Տեղի ունեցած էր ցեղասպանութիւն: Այդքա՛ն: Ո՛չ  մէկ խօսք բռնագրաւողին, արդարութեան, հատուցման եւ տիրոջ իրաւունքի մասին: Կատարուած իրողութեան լուռ հաստատում: Նկարահանող եւ հաղորդման հեղինակ քաղաքական գործիչ չեն: անոնց համար, իրենց օտարի աչքով դիտուած  անխօս եւ անանցեալ իրականութիւն մը կայ:

            Եւրոպական երկիրներու մէջ սփռուած այս հաղորդումը զբօսաշրջիկը եւ քաղաքացին պիտի հետաքրքրէ որպէս տեղեկութիւն եւ յառաջիկայ զբօսաշրջութեան հասցէ, որուն ետին պատմութիւն չկայ: Կայ ներկայ աշխարհագրութիւնը:  Աւելիին միտումը չունէր հաղորդումը: Ֆրանսացի, գերմանացի, եւրոպացի դիտողները Ախթամարի եկեղեցին եկած ուխտաւորներու երգեցողութենէն աւելին չեն լսեր: Արդէն այդ ուխտաւորները պատահաբար հոն են: Այլ տեղեկութիւններու եւ պատկերներու հոսքին մէջ հայերու ցեղասպանութեան մասին արագ սահած յիշեցումը անոնց ուշադրութիւնը պիտի չգրաւէ: Հայը գոհունակութիւն պիտի զգայ, եթէ տեսնէ եւ լսէ: Նման յիշեցում ինչո՞ւ պիտի հետաքրքրէ շարքային ոչ-հայ քաղաքացին եւ  եղանակային զբօսաշրջիկը:

            Եթէ օրուան այդ ժամուն, այդ հաղորդման հետեւող հայեր ըլլային, սովորական յուզումներ պիտի զգային, խորհելով, որ լայն տարածում ունեցող հեռատեսիլէն խօսուած էր Վանի, Ախթամարի, Ծովակի եւ անոր ձուկերու մասին: Միամիտի զգացականութեամբ, յաջողութիւն պիտի համարէին, որ հայկական ցեղասպանութեան մասին ակնարկ եղած էր, որ ան չէր մոռցուած: Արդէն ազգային բարքերուն մաս կը կազմեն կրկնուած արցունք չորցնելու ծառայող մխիթարական ճանաչումները:

            Մոռցողին յիշեցում կ’ընեն: Չգիտցողին տեղեկութիւն կու տան: Անցեալի եւ ներկայի ՄԵԾԵՐը, նաեւ նուազ մեծերը, գիտեն ճշմարտութինները, անգէտ եւ տգէտ չեն, Պետութիւն են: Անոնք կը խօսին եւ կը գործեն ըստ իրենց շահերուն: Յիշեցման կարիք չունին: Ճշմարտութիւն եւ իրաւունք ոչ մէկ տեղ օրակարգ  կ’ըլլան, երբ չեն կռթնիր ուժին:            Հեռատեսիլը համեստներուն տեղեկութիւն կու տայ, անոնք կրնան ցաւիլ, խղճալ, համակրիլ, բայց դէպքերու ընթացքին վրայ չեն ազդեր: Թուրքիան, Եւրոպան, Ամերիկան, պետութիւններ,  գիտեն ճշմարտութիւնը, բայց ճշմարտութիւնը գիտնալ քաղաքականութիւն չէ, ինչպէս կ’ըսուի՝ քաղաքական կատեգորիա չէ,  չէր անցեալին, չէ այսօր: Օրինակը թարմ է: Ազրպէյճան շրջափակեց բնիկ ժողոժուրդ մը, անոր պարտադրեց հայրենահանում, իսկ քաղաքակիրթ եւ մարդու իրաւունքի պաշտպան Եւրոպայի ղեկավարը փէշերը հաւաքեց  եւ նաւթատէր Պաքու գնաց, որպէսզի Եւրոպան չմսի:         Այսպէս է կոշտ իրականութիւնը:

            Վաղը, օր մը, գեղեցիկի եւ տեսարժանի հետաքրքրութեամբ առաջնորդուող զբօսաշրջիկներ պիտի երթան Վան, Դատվան, Վանայ Ծովակին վրայ պիտի շրջին, անոր ափի գերարդիական հիւրանոցներուն մէջ պիտի հանգստանան, աւանդական ճոխ սեղաններու  շուրջ պատիւ պիտի ընեն Տառեխին, գմբէթին Խաչ ունեցող եկեղեցին պիտի նկարեն եւ լաւ արձակուրդ մը անցուցած ըլլալու  գոհունակութեամբ պիտի վերադառնան, եւ պիտի մտածեն յաջորդ զբօս-արշաւի մասին: Այս է կարգը զբօսի եւ սպառողական քաղաքակրթութեան:  Ոչ ոք պիտի անհանգստանայ, որ Ախթամարի եկեղեցին հայապատկան էր եւ հիմա չէ, որ Վանի մէջ հայեր կ’ապրէին, որ անոնք ունէին տուներ, այգիներ ունէին եւ հիմա հոն չեն: Հիմա հոն հայեր չկան, անոնց գերեզմանատուները «պուլտոզըր»ներով գետնին հաւսարեցուած են, տուները եւ այգիները ունին նոր տէրեր, որոնք այդ բոլորը չեն ստացած իրենց հայրերէն, շարունակութիւն չեն: Նկարահանող եւ զբօսաշրրջիկ Ապահովութեան Խորհուրդի անդամ չեն, Լահէյի դատարանի անդամ չեն: Եւ իրականութիւն է իմաստութիւնը հայ բանաստեղծի մը, որ ըսած է, «մոռացումը ինձմէ առաւ ամէն բան»:

            Ոչ ոք կ’անհանգստանայ, որ Ախթամարի եկեղեցիի իրաւ տէրերը ներկայ չեն, անոնք որպէս հիւր, արտօնութեամբ երբեմն հոն կ’երթան աղօթելու, աւաղելոււ:

            Միջազգային օրէնքներու մեծանուն մասնագէտներ, դատաւորներ, դատարաններ, օր մը պիտի ըսե՞ն, թէ հայը, հայերը, իրենց Աղթամար եկեղեցիի տիրութեան իրաւունքը վերականգնելու համար ո՞ւր պէտք է դիմեն, ի՞նչ պէտք է ընեն:  Միջազգային արդարութեան ալքիմիկոսները, պիտի յանդգնի՞ն ընել այնպէս, որ ՀԱՅԸ  ՎԵՐԱԳՏՆԷ ԻՐ ՏՈՒՆԸ, ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ: Այս ընդունուած եւ սովորական յարաբերութիւններէն վեր հասկացութիւն է, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, առանց որուն մեծեր եւ նուազ մեծեր խոստովանած կ’ըլլան, որ մարդկութիւնը դեռ կ’ապրի ԱՆՏԱՌԻ ՕՐԷՆՔՈՎ, ՋՈՒՆԳԼԻԻ ՕՐԷՆՔՈՎ, որ գերագոյն եւ բոլոր մագաղաթները, մարմարի վրայ դաջուած մեծխօսիկութիւնները այդքան են միայն, կեղծիք ու փուչիկ:

            Մեծերը, մեծանուն ժողովները ցարդ յաջողա՞ծ են, գէթ մէկ անգամ, մասնակին եւ եսերը գերանցելով, ԻՐԱՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ յանգիլ, առանց «թուքով կպցրած» խօսքերով եւ թղթաբանութիւններով ժողովուրդները ոտքի քնացնելու: Թէեւ մենք վարժուած ենք գեղեցիկ խօսքերու բարձին վրայ քնանալու եւ մոռնալու: Բրիտանական կայսրութեան վարչապետը, Առաջին Համաշխարհայինի օրերուն յայտարարեց, որ պատերազմի աւարտէն ետք թրքական տիրապետութեան հետք  պիտի  չմնայ Հայաստանի մէջ, հայ լէգէոնականներ կռուեցան ֆրանսական բանակի կողքին, Կիլիկիա երազելով, բայց Կիլիկիան լքուեցաւ պահելու համար Սուրիան եւ Լիբանանը, յաղթական Ամերիկայի նախագահ Վիլսոն, յանուն Խաղաղութեան վեհաժողովին, ստանձնեց Հայաստանի սահմանները գծելու պարտականութիւնը, եւ գծեց, որ մնաց թուղթի վրայ, յիշատակի եւ երազի նկար, մոռցուեցաւ: Աւանդութիւնը շարունակուեցաւ: Ոչ ոք հայուն իրաւունքը վերականգնելու համար ինքզինք անհանգիստ չըրաւ:

            Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ խոստումները յանձնառու կը դարձնեն անոնց հաւատացողները միայն:

            Ֆրանսացին, ամերիկացին, արաբը, անգլիացին, եւ ուրիշներ գիրքեր գրեցին հայոց ցեղասպանութեան մասին, հայրենահանուած գաղթական հայերը յուսացին որ միջազգային համայնքը, Մեծերը, ինչպէս կ’ըսէին, պիտի ընեն այնպէս, որ հայերը վերադառնան իրենց քաղաքները, գիւղերը, տուները, բայց կնքուեցան համաձայնութիւններ, եղան փոխ-ճանաչումներ, վասն միջազգային հաւասարակշռութիւններու սահմաններ ճշդուեցան: Հայաստան եւ Հայ՝ բացակայ:             Հայրենահանուածները դարձան գաղթականներ, ապա՝ գաղթականութիւն, գաղութ, ծուարեցան բանաստեղծական ՍՓԻՒՌՔ բառին մէջ, որ ինքզինք հաստատելու համար բազմացաւ որպէս նոր, բազմապատիկ եւ բազմանուն համայնք(ներ), «հայութեան կպցնելով երկիրներու անուններ: եւ կը շարունակուի աւանդական կարգը:

            Հիմա իրաւունք ունինք մխիթարական պարգեւներու: Հռոմի մէջ Նարեկացին ճանչցուեցաւ որպէս Եկեղեցիի իմաստուն, դոկտոր, քանի մը օր առաջ, Ֆրանսայի մէջ Միսաք Մանուշեան հռչակուեցաւ հերոս եւ դասուեցաւ երկրի Մեծերու կողքին, ըսուեցաւ որ իր հայրը սպաննուած էր, ինք, իր ընտանիքը, կինը հայրենահանուած էին: Դար մը ետք՝ հէքիաթի ճշմարտութիւն եւ առասպել:

            Ո՞վ ի՞նչ ըրած է եւ կ’ընէ զոհերու եւ անոնց յետնորդներու մարդկային եւ ազգային ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ վերադարձնելու համար:

            Ամերիկայի իրարայաջորդ նախագահները պատահա՞ծ է որ խօսին իրենց նախորդի, Վուտրօ Վիիլսոնի մասին: Այսօր պահանջող կայ՞ որ երազի Վիլիսոնեան սահմանները քաղաքական օրակարգ դառնան:

            Մենք ի՞նչ կ’ընենք: Մեր մանր քաղքենիի եսերը շոյուած կը զգանք երբ Հռոմի մէջ կը փառաբանեն Նարեկացին, Ֆրանսայի մէջ կը փառաբանեն Մանուշեանը: Քիչեր գիտեն, որ Իտալիոյ Լա Փուլիա շրջանին մէջ կայ եկեղեցի մը, որ կը կոչուի Սան Կրեկորիօ Արմէնօ, մուտքի կամարին վրայ կայ նաեւ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը, որուն կը վերագրուի երկրաշարժի ժամանակ շարժած բայց կանգուն մնացած ըլլալու հրաշքը:

            Ճանաչումներ, հրաշք, եւ այդպէս բաներ, ԻՐԱՒՈՒՆՔ չեն վերականգնած: «Տուրիստական» զգայնութիւններ կը շոյեն:

            Ախթամարի եկեղեցիի գմբէթին խաչ դրուած է: Բայց ո՞ւր են վանականները, ո՞ւր է անոր ՏԷՐ ժողովուրդը: Ո՞վ կը յիշէ «Այգեստան»ը…

            Մտովի նկարահանողին ընկերացայ, եւ բանաստեղծի մը տողը յիշեցի, որ ըսած էր՝  թէ «մոռացումը ինձմէ առաւ ամէն բան»: Նկարահանողը կոշտ իրականութիւնը դրաւ հեռատեսիլի պատուհանին վրայ: Ան յիշելու կամ մոռնալու հարց չունէր

            Ի դէպ, հարցում մը. ո՞վ էր բանաստեղծը:

            Ամէն բան առած  եւ մոռացման ալիք ին հետ տարուած  Ռուբէն Որբերեան…

            Ծովակի տառեխը եւ Վանի կատուները լեզու եւ յիշողութիւն չունին, բայց կ’ապրին…

            Ո՛չ հեռու անցեալին յիշողութիւն ապրեցնող հայրենակցական միութիւններ կային: Հերոսամարտերու ամեակներ կը տօնէին, որպէսզի չհաշտուին անձնատուութեան հետ եւ չըսեն՝ ՄՈՌԱՑՈՒՄԸ ԻՆՁՄԷ ԱՌԱՒ ԲԱՆ… Վա՞ղը…

            Մոռցուեցան կատու եւ տառեխ, մնացին պատկերներ եւ խօսքեր՝ եթէ լսողներ ըլլան: Կատու եւ տառեխ կը յիշե՞ն, որ  հոն հայեր կային: Աշխարհի ՄԵԾԵՐ համարուածները կատուի եւ տառեխի պէս են, չեն յիշեր, կը յիշեն՝ երբ իրենց շահը այդ պահանջէ:

            Այսպէս է բնութեան կարգ դարձած քաղաքակրթութիւնը, որուն մասին կը սիրեն եւ կը սիրենք խօսիլ՝ ցուցադրական (show) շողոմ բառերով եւ կը գոհանանք եթերով:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles