«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՄԵԾ ԵՒ ՓՈՔՐ ԱԶԳԵՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 18 Second

ԳԱԲՐԻԷԼ ԼԱԶԵԱՆ

Փետրուար 12, 1944    

Ազգերու փոխ յարաբերութիւնը, մասնաւորապէս պատերազմներու հետեւանքով, յեղաշրջումներու կ’ենթարկուի։ Ոչ մէկ աշխարհ քաղաքակրթութեան նոյնութեամբ չի վերադառնար։ Մարդկութիւնը միշտ սիրահար եղած է նորութիւններու, ինչպէս նիւթի, նաեւ գաղափարներու վերաբերմամբ։

Բայց կան հարցեր, որոնց էութիւնը չի փոխուիր եւ այդ տեսակէտէն կատարուած յեղաշրջումը երեւութական է։ Ասոր կարգին է մեծ ու փոքր ազգերու փոխյարաբերութիւնը։

Նախ անցեալի մասին։ Դարերու ընթացքին ստեղծուած մարդկային քաղաքակրթութիւնը արդիւնք է առաւելապէս մե՞ծ թէ փոքր ազգերու ճիգին։ Հարցում մը՝ որուն պատասխանը չի կրնար ըլլալ կտրուկ։ Որովհետեւ բազմաթիւ փոքր ազգեր կան, որոնք շատ մը մեծ ազգերէ աւելի լայն չափով իրենց մասնակցութիւնը բերած են արուեստներու եւ գիտութեան զարգացման։ Ապրող մարդկութիւնը աւելի մեծ բան կը պարտի աթենացիներո՞ւն, վենետիկցիներո՞ւն թէ մոնկոլներուն եւ թաթարներուն։ Հայրերո՞ւն թէ անոնց շատ մը դրացիներուն։

Այս չի նշանակեր թէ գոյութիւն չեն ունեցած աշխարհակալ մեծ ազգեր, որոնք իրենց գիրքին համապատասխան քաղաքակրթութեան տիրացած ըլլան։ Ինչպէս անցեալին հռոմէացիները, ներկայիս անգլոսաքսոնները ընդարձակ տարածութիւններու վրայ իշխելով, իրենց հետ տարած են նաեւ գիտութեան ջահը, խոպան երկիրներ դրախտի վերածած են, շատ մը ազգերու ուսուցիչը եղած են։

Անվիճելի է որ ժողովուրդի մը թիւին մեծ կամ փոքր ըլլալը այնքան ալ նշանակութիւն չունի, որպէսզի ան արուեստներու, գիտութեան, գրականութեան մէջ ցուցադրէ համաշխարհային չափով ստեղծագործող ոգի մը։

Բարոյական, հոգեկան կարողութիւններու վերաբերմամբ նման եզրակացութիւն մը եթէ ընդունինք, յառաջ կու գայ երկրորդ հարց մը։ Ազգերու նիւթական տիրապետութեան տեսակէտէն մի՞թէ թիւով մեծ ազգերը չեն որ միշտ կառավարած են փոքրերը։ Եւ իբրեւ այդ, մի՞թէ այժմ փոքր ազգերու կամքը գոյութիւն ունի ու մեծերը չեն որ կը տնօրինեն ամէն բան։

Ազգերու հին եւ ներկայ պատմութիւնը սերտելու երկու ձեւ կայ։ Առաջինը զայն կը տեսնէ ժողովուրդներու տեսակ մը մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն, իշխաններու, զօրավարներու եւ գահակալներու արշաւանքներ, յաղթանակներ ու պարտութիւններ։

Հարցին մօտեցումի երկրորդ կերպը ընդունելով հանդերձ մեծ ազգերու արշաւանքին, բռնութեան, նիւթին զօրութիւնը, չ’անտեսեր ազգերու մեծ թէ փոքր ոգեկան կարողութիւնները, անոնց կամքը դէպքերու ճակատագրական վախճանին նկատմամբ։

Գալով արդի պատերազմին ու քաղաքական դէպքերուն, երեւոյթը աւելի հետաքրքրական է։ Փոխադրական միջոցներու զարգացմամբ, կռիւը տեղի կ’ունենայ հինգ երկրամասերու վրայ հաւասարապէս։ Մեծերու հզօրութիւնը, փարթամութիւնը աւելի լայն  չափի վրայ հրապարակ կու գայ, բոլորովին մոռնալ տալու աստիճան փոքրերու գոյութիւնը եւ անոնց մասնակցութեան չափը համաշխարհային երկրորդ գօտեմարտին։

Ընդունելով հանդերձ թէ նիւթական միջոցներու զարգացմամբ մեծ ազգեր ու բռնակալներ աւելի ազդեցիկ զէնքեր ձեռք բերած են իրենց կամքը պարտադրելու, պիտի չմոռնանք ուրիշ ճշմարտութիւն մը։ Մեծերը միշտ պայքարած են իրենց սեփական տիրապետութեան համար, բայց փոքրերը իրենց մարտնչումով միշտ դիւրացուցած են կողմերէն մէկուն յաղթանակը կամ պարտութիւնը։ Անոնք տեսակ մը իրաւարար եղած են, անոնք է որ նժարը հակած են այս կամ այն կողմը։

Ապագան ցոյց պիտի տայ որ այս մեծ պատերազմին փոքր ազգերը պիտի շահին, ամենէն առաջ իրենց բարոյական կորովով  ու նաեւ բերած գործօն մասնակցութեամբ։ Մեծ պատերազմիկները ¬ կողմերը ¬ մօտ հինգ տարի է, որ կը մարտնչեն ու դեռ ոչ մէկը զգետնուած է։ Վճռական խօսքը պիտի ըսեն փոքր ազգերը։ Անոնք արդէն մեծագոյն բաժինը բերած են կռիւին մէջ, առանց աստղաբաշխական թիւերով ամէնօրեայ քարոզչութեան մը։

Պահ մը ենթադրենք թէ Եւրոպայի բոլոր փոքր ազգերը սիրայօժար կերպով անձնատուր եղած ըլլային եւ լծուէին տիրապետողի կառքին, փոխանակ Առանցքի զինական ուժերու մէկ երրորդը զբաղեցնելու, ի՞նչ պիտի ըլլար Խորհրդային Միութեան ճակատագիրը։ Միւս կողմէն այն բազմաթիւ փոքր ազգերը, որոնք ժողովրդավար երկիրներու մէջ անձայն, անշշուկ կ’օժանդակեն դաշնակիցներու պատերազմական ճիգին, եթէ հակառակը պատահած ըլլար, այսինքն ցուցադրէին Եւրոպայի փոքր ազգերու ըմբոստ ոգին, միթէ՞ դաշնակիցները պիտի կրնային իրենց յաղթանակը պատրաստել։

Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Չեխիոյ, Սերպիոյ եւ Յունաստանի ցուցադրած դիմադրութիւնը ինչքան ալ նուազագոյնի վերածենք, դարձեալ Առանցքը հարկադրուած է ահագին ոյժեր զբաղեցնելու այդ երկիրներու ճարտարարուեստէն, փոխադրական միջոցներէն, երկրագործութենէն օգտուելու համար։ Եթէ պատահէր հակառակը, որ անոնք ինքնաբերաբար աշխատէին, այն ատեն, ինչքա՜ն պիտի բարելաւուէր Առանցքի կառութիւնը։ Գրաւեալ շրջանի ազգերը ոչ միայն իրենց առաւելագոյն աշխատանքը չեն տրամադրեր, այլ նաեւ կրաւորական դիմադրութեամբ, ըմբոստութիւններով կը հարուածեն, կը քանդեն նացի ուժերու նիւթական ու բարոյական կորովը։

Գերմանեւխորհրդային ներկայ արիւնալի զինաբախումին, եթէ վերջինին մաս կազմող փոքր ազգերը իրենց լայն մասնակցութիւնը բերած չըլլային, միթէ՞ ռուս ազգը պիտի յաջողէր իր երկրի պաշտպանութիւնը այնքան փառաւոր կերպով ի յայտ բերելու։

Փոքր ազգերը կը ներկայացնեն մարդկութեան բարոյական դիմագիծը, խղճմտանքը։ Այն պետութիւնները, որոնք իրենց աշխարհագրական դիրքով, նաեւ իմաստութեամբ, հեռատեսութեամբ կը կարողանան չ’անտեսել այդ ազդակը, առաւելագոյն գոհացումը կու տան փոքր ազգերուն, տիրացած կ’ըլլան հզօր դաշնակցի մը ու ապահոված իրենց վերջնական յաղթանակը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles