ՀԻՆԻ-ՆՈՐԻ «ՏԵՍՈՒԹԵԱՆ» ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒՈՂ ԾԱԼՔԵՐԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 33 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

27-29 Յունուար 2024

             Երբ «Իմ Քայլ»ը իշխանութեան հասաւ, առաջին «իրագործում»-ներէն մէկը եղաւ պառակտումի նոր ալիք մը յառաջացնել երկրին մէջ: Այդ ալիքը ունեցաւ քանի մը անուանում. Սեւեր-սպիտակներ, յեղափոխականներ-հակայեղափոխականներ, ամէնէն հնչեղն ու երկարաշունչ եղաւ հիներ-նորեր-ը: «Քալողներ»-ու ժառանգորդ ՔՊ-ականները (անոնցմէ շատեր «քալող» էին իրենք ցիրենք «ուսապարկ» կոչելէ առաջ) բանիւ եւ գործով հաւատարիմ մնացին այս «սկզբունք»-ին, աւելի՛ն, պառակտումի ու «նուաճումներ»-ու դաշտին տուին նոր տարածք, ազգակործան դրօշը տարածելով դէպի սփիւռքեան ափեր (սկիզբն ալ կար, սակայն յետոյ աւելի՛ խորացաւ):

Ո՛չ ոք կը ժխտէ, որ «հիներ»ը մեղաւոր էին, երկրին ու ժողովուրդին՝ վնաս հասցուցած: Մեր այս սիւնակին նպատակը՝ «Բիւզանդական վէճ» յիշեցնող, ճիշդը սխալէն ջոկող ճախճախուտին մէջ մխրճուիլ չէ, ո՛չ ալ սա կամ նա արդարացնելը կամ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելը: Նպատակ չունինք մանաւանդ ցանկագրելու բոլոր այն չարիքները, ահաւոր ու ՊԱՏՄԱԿԱՆ կորուստները, որոնք արձանգրուեցան թաւիշի այս վաճառականներուն ձեռքով, այլ կ’ուզենք լուսարձակ բերել կարգ մը ծալքերու վրայ, որոնք հիմա աւելի՛ բացորոշ կերպով կը տեսնենք, ամէն օր անոնց մասին կը խօսին իրա՛ւ մասնագէտները, հայրենիքին ու ազգին ճակատագիրով մտահոգները, փրկութեան նախանձախնդիրները:

Հիմա կը տեսնենք, բայց… կը տեսնե՞նք, որ «հիներ» ըսելով՝ այս վարչախումբը ի մտի չունէր լոկ զինք կանխած իշխանական խումբերը, այլ այդ հասկացութիւնը ունի շա՜տ աւելի լայն տարածք, անպարագիծ հորիզոններ, որոնք ծալք առ ծալք կը պարզուին իրերայաջորդ օրերու, շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին:

Հիմա արդեօք կը տեսնե՞նք եւ կ’ըմբռնե՞նք, որ «հիներ»-ու ցանկին են, Հայաստանի վերանկախացման օրերուն, Սահմանադրութին եւ անոր ազգապահպան-հողապաշտպան նախաբանը մշակողները, Արարատին, Արցախին ու Արեւմտեան Հայաստանին տիրութիւն ընողները: Կը տեսնե՞նք, որ «հիներ» են եղեր մեր պատմութեան՝ իրա՛ւ պատմութեան ուսանողներն ու դասախօս-ուսուցիչները, պատմագիրներն ու պատմաբանները: Եթէ փորձենք հետեւիլ այս ան-տրամաբանութեան, կը հասնինք հոն, ուր հիներու ցանկին կ’արձանագրուին Սեւակներն ու Թումանեան, Իսահակեան ու Չարենց (փակագիծի մէջ՝ նաեւ Պարոնեան եւ սերնդակիցներ, Ազգային Սահմանադրութիւնը մշակողներ), ինչո՞ւ չէ՝ Խրիմեան Հայրիկը, ազգային կուսակցութեանց հիմնադիրները եւ անոնց բացած ուղիները ընդարձակողները. ետ երթալով՝ կը հասնինք մինչեւ Աբովեան, Դաւիթ Բեք, Մխիթար Սպարապետ, Իսրայէլ Օրի ու մեր բոլոր պատմագիրները, անոնց ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ մէջ տեղ գրաւած արքաները, իշխաններն ու ազգ-հայրենիք այլ պահպանողները, Եկեղեցւոյ ազգանուէր ու ազգապաշտպան ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՐՏՈՂՆԵՐԸ:

«Հիներ»-ու ցուցակը կրնանք հարստացնել մեր ազատամարտիկներով ու նահատակներով, Ցեղասպանութեան զոհերով ու ֆետայիներով, «ազերիական հողերու վրայ» Հայաստանի Հանրապետութիւն արարողներով: Եւ նոյն թռիչքներով՝ կրնանք հասնիլ մինչեւ… Հայկ Նահապետ ու հետնորդներ, որովհետեւ հիմա ազերիները նոր «պեղումներ» կ’ընեն (եղեր), փաստելու, որ Բելը… թուրք-ազերի էր:

«Հիներ»ու ցանկին են եղեր «հայ-դատական»-ները, որոնք Հայաստանի քարտէսը կը տեսնեն ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ հայրենիքի տարածքով, ցեղասպան թուրքին կը ներկայանան իբրեւ պահանջատէր (իսկ նորերը «որեւէ մէկէն հողային պահանջ չունինք» կը յոխորտան), կը մերժեն խաղալիք դառնալ միջազգային այս կամ այն (իբրեւ թէ) օրէնքի պարտադրանքներուն, որոնք կը փորձեն, ի շարս այլ իրաւազրկեալներու՝ մեր կոկորդէն վար հրել այն, որ «ճանչցուած սահմանները անփոփոխելի են» (իսկ ո՞ր դասակարգին մէջ են անոնք, որոնք ճանչցուած սահմանները կը բռնաբարեն, դրացիներէ հողեր կը խլեն եւ… քաջալերանք կը գտնեն): «Հիներ»ն են եղեր, որ բարձր կը պահէին Արդարութեան եւ Պահանջատիրութեան դրօշը (եւ անոնք հաւասարապէս «ռեւանշիստ» կը կոչուին թէ՛ Երեւանի եւ թէ թուք-ազերիական ճակատին կողմէ): Այդ «հիներ»-ուն տեղը հիմա Երեւանի ու Պաքուի բանտերն են:

Շարունակենք. «հիներ»-ուն մեղքերուն շարքին են մեր մշակոյթի պահպանման նախանձախնդրութիւնը, Եկեղեցւոյ նման ազգային հաստատութեանց պաշտպանութիւնը: Չարամիտ եւ ռազմատենչ «հիներ»ն են, որ կը մերժեն հողային եւ այլ զիջումներ կատարել Ատրպէյճանին:

«Հիներ»ն են, որ կը կրկնեն ու կը կրկնեն, թէ Արցախը տալով՝ խաղաղութիւն պիտի չունենանք, աւելին, թուրք-ազերիին ախորժակին դիմաց արգելքները մեր ձեռքով պիտի վերցնենք…

Այլ տարածքնե՞ր կ’ուզէք. խնդրե՜մ. «հիներ»-ն են որ կը մերժեն քոչուոր ազերիներուն Հայաստան վերադարձը: «Հիներ»ն են որ կը յիշեցնեն, թէ Արցախէն վերջին բռնագաղթը եւ ցեղասպանութեան համազօր ոճիրները միայն նորագոյն օղակներն էին տասնամեակներու վրայ երկարած ոճիրներու, որոնց նախերգանքը հնչած էր անցեալ դարասկիզբին, Շուշիի ջարդերով եւ հրկիզումով, ապա շարունակուած՝ ԼՂԻՄ-ի հանդէպ Պաքուի խտրական վարքագիծով: Նո՛յն «հիներ»-ն են որ կը յիշեցնեն, թէ երբ կը խօսինք 100 հազար կամ քիչ մը աւելի բռնագաղթուած հայերու մասին, մենք իսկ լուսանցքի վրայ կը ձգենք հսկայական զանգուածներ, կը մոռնանք, որ վերջին բռնագաղթէն երեք տարի առաջ, Արցախի գրաւեալ շրջանէն շուրջ 100 000 հայ փախուստ տուած էր, յետոյ անոնց մեծ մասը վերադարձած էր չգրաւուած հողերուն, սակայն աւելի քան 30 հազար գաղթական մնացած էր Հայաստան: Ինչո՞ւ մոռնալ Արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն բռնագաղթուածները՝ Գետաշէնէն, Շահումեանէն, իսկ անկէ կարճ ատեն առաջ՝ նոյնինքն Պաքուէն: Ո՞վ արձանագրած է բոլոր բռնագաղթուածներուն ընդհանուր թիւը, եւ բացի «հիներ»-էն, ո՞վ է որ երբեմն կը յիշեցնէ մեր Դատին այդ երեսը:

Եւ հիմա, երբ Ատրպէյճան կը պնդէ, որ Հայաստէնէն ու Արցախէն «բռնագաղթուած» ազերիները պէտք է վերադառնան «իրենց հողերը», նոյն այն «հիներ»ուն ճիտին պարտքն է հաւաքագրել մեր Դատին այս մասնիկը եղող փաստերն ու հետապնդել զայն:

***

Կայ հինի-նորի քարոզչութեան (եւ անոր՝ ի վնաս Հայաստանին ու ազգին շահագործման) սնանկութեան մէկ այլ երեսը, որ ընդհանրապէս կը վրիպի մեր քննարկումներէն:

Հարց տանք. արդեօք միայն Հայաստանի՞ մէջ է, որ կան հին ու նոր իշխանաւորներ: Ի՞նչ պիտի պատահէր աշխարհին, ՄԱԿ-ը կազմող աւելի քան 200 երկիրներուն, եթէ հիներուն հանդէպ մի՛այն մերժողական կեցուածք ունեցող նորերը փորձէին յաւերժացնել իրենց իշխանութիւնը…

ԲՆԱԿԱՆ, տրամաբանութեամբ շարժող երկիրներու մէջ (Հայաստանը, տեսնե՛նք, որ անբնական վիճակի մատնուած է), որոշ կուսակցութիւններ կը պայքարին առանձինն կամ այլոց հետ ճակատ կազմելով, իշխանութեան կը հասնին ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կիրարկումով, քանի մը տարի ետք կը ձախողին, մրցակիցներ կը փոխարինեն զանոնք, իսկ ճգնաժամային պահերու (դուք ձեզի հարցուցէք, թէ Հայաստան վերջին տարիներուն քանի՞ ճգնաժամէ անցաւ), ամէնէն ոխերիմ հակառակորդներն անգամ կը գտնեն գործակցութեան եզրեր, որպէսզի ԵՐԿԻՐԸ ՓՐԿԵՆ այս կամ այն վտանգէն (տնտեսական, արտաքին սպառնալիք եւ այլն): Եւ սա քաղաքական կեանքի ԲՆԱԿԱՆ զարգացման մաս կը կազմէ, որքան ալ որ խոցելի բաներ ունենան որոշ կուսակցութիւններ: (Կուսակցութիւնները անհատներով չեն պայմանաւորուիր):

Կրնանք բազմաթիւ օրինակներ ցանկագրել: Երեւակայեցէք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Թրամփի պէս ապիկար մը եւ կործանարար մը «հին» չի նկատուիր այն մտայնութեամբ, որ տիրող է նիկոլական Հայաստանին մէջ: Հակառակ դատարաններու մէջ արձանագրուած անժխտելի յանցանքներուն՝ Թրամփ մը հիմա դարձեալ աչքերը տնկած է Սպիտակ տան աթոռին (չմտնենք քաղաքական խաղերու ոլորապտոյտին մէջ): Նոյն բնական մրցակցութիւնները կ’իրականանան Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, մինչեւ իսկ հարաւամերիկեան, ափրիկեան ու ասիական բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Հոն, մարդիկ իշխանութիւնը կը դիտեն իբրեւ ԵՐԿՐԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ՅԱՆՁԱՆՁՈՂ, եւ ո՛չ թէ գրպան լեցնողներու եւ պարգեւավճարներ շռայլողներու խմբակ: Ամէն տեղ ալ (ի մտի չունինք մենատիրական երկրիրները) իշխանաւորները քիչ թէ շատ կը խաղան կամայական կերպով, սակայն կան կարմիր գիծեր, իսկակա՛ն կարմիր գիծեր, որոնց խախտումը արդար պոռթկումի, մինչեւ իսկ պայթումի կը հասցնէ պահանջատէր զանգուածը:

Մէկ խօսքով, երկիրն ու ազգը պառակտող սնանկ «տեսութիւնները» պէտք է չքանան անյապաղ: Երկրի փրկութեան նախանձախնդիր, նման առաքելութիւն իրագործելու ատակ մարդոց՝ մասնագէտ ու գիտակ հայրենասէրներու ճիտին պարտքն է (ի շարս այլ բաներու) բանալ ժողովուրդին աչքերը, հասկցնել, որ այս իշխանաւորները մեզ հասցուցած են այնպիսի՛ ահաւոր վիճակի, որմէ դուրս գալու, փրկուելու համար պէտք է միացնել ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ԲՈԼՈՐ ԱՏԱԿ ՁԵՌՔԵՐԸ, տեսնել, թէ ամէնէն անբնական վիճակներուն մէջ իսկ կայ գլխագիր ԲՆԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ մը, որ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր խախտած է Հայաստանի մէջ, պէտք է վերագտնել ու վերականգնել այդ ուղին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles