ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԱԾ ՉԵՆՔ, ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ՝ ԻՆՉՈ՞Ւ, ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ՝ ԻՆՉՊԷ՞Ս

0 0
Read Time:5 Minute, 6 Second

Յ. Պալեան 

            Այսօր մտածեցի ֆրանսացի Ի դարու իմաստասէր Ժագ Մարիթէնի հետ, որ ըսած է. «Ժողովուրդ մը որքան աւելի խելացի ըլլայ, անոր ներքին բաժանումները այնքան աւելի լուրջ կըլլան»: 

            Չեմ գիտեր թէ Ժագ Մարիթէն հայերը ճանչցա՞ծ էր, թէ՞ ոչ: Բայց  եզրակացուցած եմ, որ մենք մեզ համարելով ուրիշներէ եւ իրարմէ աւելի խելացի, տեւաբար կը բաժնուինք եւ սուղ վճարած ենք այս ինքնագնահատման համար: Եւ դեռ պիտի վճարենք: Մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ւր հասնելու համար:

            Ձմրան գիշերները շուտ կը հասնին, իրենց հետ կը բերեն  լռութիւն, քաղաքէն եւ դրացիէն անջատում, եթէ մեզ չեն գերած հեռատեսիլը, համացանցը եւ հեռախօսը: Կը յանձնուինք ինքնախօսութեան, մենք մեզ կը դիտենք եւ կը լսենք: Եթէ քաջութիւն ունինք, կը հասկնանք, որ միայն արտադրող, սպառող եւ զբօսնող չենք եւ մենք մեզ կը գտնենք, հայելիի մէջ նայելու պէս: Ինքնաճանաչման փորձ:

            Հայը, նման պահերու, եթէ ինքզինքէն փախուստ չտայ, եթէ ինքզինքէն չէ օտարուած,  կը հասկնայ,  որ համախմբուած չենք: Այդ կը կրկնենք ատամի ցաւ ունեցողի  պէս, կը դժգոհինք, եթէ տնական եւ տնավարի փակ հանդիպումները համախմբուածութիւն չհամարենք: Միշտ՝ մենք ու մերոնք կամ ԽԾԲ… Ոչ ոք գոհ է որ համախմբուած չենք եւ կը խօսինք երազային համախմբուածութեան մասին, որուն համար  հնարած ենք բազում եզրեր, ինչպէս՝ համերաշխութիւն, համագործակցութիւն, միացում, միասնութիւն…: Հաստատումին կը հետեւին ամէն չափի քննադատութիւններ, վերլուծումներ, մեղաւոր եւ յանցաւոր փնտռելու բանաւոր եւ գրաւոր արշաւանքները, որոնց բեմը մեր  անցեալն ու ներկան են, պատմահայր Խորենացիի «փոքրիկ ածուն», զոր միշտ կը փոքրացնեն, զոր միշտ կը փոքրացնենք մենք, անհատաբար եւ հաւաքաբար, առարկայական դաշնակից դառնալով ամէն գոյնի եւ տարողութեան փոքրացնողներուն: Ո՞վ առարկայական, անվիճելի եւ համոզիչ եղանակով կրնայ պատճառաբանել համախմբուածութեան բացակայութիւնը: Ան թաղային, ընտանեկան, անհատական շահախնդրական սովորութիւններո՞ւ հետեւանք է, թէ՞ այլ հիմնաւորումներ ունի: Ի հարկէ միշտ պատասխանատու է ՄԻՒՍԸ: Այդպէս կ’արդարանան թերն ու դէմը,  կարծիք,  դատում եւ բաժանումներ:

            Կը փիլիսոփայենք եւ կը յայտնենք անառարկելի վճիռներ, որոնք ենթակայական դատումներ են, կարծիք են: Ոչ ոք բաւարար ողջմտութիւն ունի տեսնելու եւ խոստովանելու, որ մեր փոքրացման, տկարացման եւ պարտութիւններուն մեծ ու պզտիկ դերակատարաները նախ մենք ենք: Վկայ՝ մեր պատմութիւնը՝ իր պառակտումներով եւ ներազգային պայքարներով: Վկայ՝ մեր ներկան, իր տեւաբար աճող կուսակցութիւններով, թաղային, քաղաքական, կրօնական տարբերութիւններով, փառասիրութիւններով եւ փոխադարձ մերժումներով:

            Միշտ պէտք է յիշել, որ հայ թագաւորը գահընկեց ընելու համար մենք դիմեցինք պարսից արքային եւ վերջ տուինք հայկական թագաւորութեան: Ճակատագրական պահերու, մեր հայեացքները ուղղեցինք մեզմէ դուրս եւ հեռու, գումարեցինք մենք մեզի եւ իրարու դէմ      գործելու ամէն կարգի փորձութիւնները եւ չարութիւնները, դարձանք բիւզանդասէր եւ պարսկասէր, ռուսասէր, սովետասէր, արեւմտասէր, ամերիկասէր, ունեցանք եւ ունինք տարբեր կրօնասիրութիւններ, զորս չեմ թուեր: Իբրեւ թէ նոյն նպատակը հետապնդելու առաջադրանքով, ստեղծեցինք կուսակցութիւններ, բազմաթիւ, որոնք մեր բանգիտութիւններու պարարտ հողին վրայ տեւաբար իրենք զիրենք կը բազմապատկեն: Ինչպէս ամենուրեք, կուսակցութիւններու բազմացումը             անկառավարելիութիւն կը յառաջացնէ, նպատակը կ’այլասերի եւ կը մոռցուի, կը մնայ ֆրանսացի իմաստասէր Մոնթէնեի «Ատելի Եսը», LE MOI EST HÄISSABLE ըսած էր իմաստունը: Կը մնան փառասիրութիւնները, ընչաքաղցութիւնը, երեւելիութեան արշաւը, տեսակաւոր խօսափողերը, որոնք երբեք բարիք չեն բերած մարդուն, ընտանիքներու, ժողովուրդներու:

            Մեր մոռցուած գրաբարով պատգամուած է. «Մի՛ բարձընտիր լինել ի կոչունս», այսինքն՝ աթոռ մի՛ հետապնդեր:  Իրարու դէմ կը խաղանք,  թատրոն,  մոռնալով յաւելեալ պարտք եւ պարտաւորութիւն: Կը մնայ            զանազան արտայայտութիւններով կուռք դարձած ԵՍը:

            Հոգեբարոյական յաղթանակ պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ չենք համախմբուիր:

             Իրարու դէմ ըլլալու մշակոյթ կը զարգացնենք,  չենք ուզեր ըմբռնել եւ ընդունիլ, որ ոչ թէ այս կամ այն անձը, այս կամ կուսակցութիւնը կը պարտուին, այլ կը պարտուի ազգը, որուն փրկութիւն»-ը կը թուի հասարակաց նպատակ ըլլալ, բայց կը յայտնուի դատարկ եւ անարձագանգ զուարճացնող թաղային աղմուկի, կամ շաբաթավերջի զբօսի վիճակներու մէջ:

            Կոշտ իրականութիւնը կը մնայ ինչ որ է, կը խտանայ «ԿԸ ԹՈՒԻ»-ի մէջ:          Եթէ լսած ըլլայինք, եւ այսօր ալ լսենք «մի՛ բարձընտիր լինել»ի  իմաստութիւնը, եւ առաջնորդուինք երբեմն «դուն ալ իրաւունք ունիս» ըսելու առաքինի ազգայինի  յանդգնութեամբ, թշնամին նուազ մեր մէջ կը փնտռենք, զայն կը ճանչնանք եւ ըստ այնմ միանալով ճակատ կը յարդարենք եւ նուազ կը պարտուինք:

            Չենք համախմբուիր, քանի որ համախմբուիլ կը նշանակէ Մէկ ըլլալ, իսկ այդ կը  նշանակէ բազմագլուխ չըլլալ եւ սահմանափակել բան չնշանակող առաջին կարգի աթոռներու վրայ հանգչելու եւ նկարուելու  թաղային հանգամանաւորական  եսասիրութիւնը:

            Վերջին երեսուն տարիներուն խոշոր անուններով բազմանդամ ժողովներ գումարուեցան: Ոչ ոք համարձակեցաւ խօսիլ այդ ժողովներու մասնակիցներու բերելիք-բերած  իրաւ նպաստի եւ իրաւ որակի մասին: Մի ոմն, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ եկած էր, կ’ըսէր, թէ՝ կը յուզուի, երբ նման տեղեր կը գտնուի, ուրիշ մը, միայն կարգախօսներ  գիտէր, չէր գիտեր հայերէն, հայ մշակոյթ եւ հայոց պատմութիւն, «խորհրդաժողով»-ի եկած էր, երբ ըսելիք չունէր եւ ըսուածները չէր հասկնար, բայց թաղային հեղինակութիւն էր, ուրիշ մը աւելի համեստ, կ’ըսէր թէ եկած էր սորվելու: Դեռ ուրիշ մըն ալ գոհունակութիւն կը յայտնէր ըսելով, որ «ի՞նչ լաւ կերանք»… Ամէնքն ալ, վերադարձին, իրենց տարած լուսանկարներով փառք պիտի ցուցադրէին:

            Հայկական գաղութի մը մէջ, ճառախօս մը, ամէն հանդիսութեան աւարտին, երբ բեմէն իջած է , սովորութիւն ունեցած է ըսելու, «այսօր ալ կլլեցուցինք», իսկ այլ տեղ, միամտացած մարդիկ, լսելէ եւ ծափահարելէ ետք ըսած են, թէ «ի՜նչ լաւ կը խօսի, մարդ բան չի հասկնար»: Ինքնագոհութեան հանդէս եւ աւանդութիւն: Յաջորդ օրը ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանի համար պիտի համախմբուէին…

            Եթէ ուսումնասիրական հարցախոյզ մը կատարէինք, եւ կուսակցութիւններու անդամներուն եւ պատասխանատուներուն հարցնէինք, թէ ի՞նչ են իրենց սկզբունքային եւ հետապնդած նպատակներու տարբերութիւնները, իրատեսական մշակոյթ կը զարգացնէինք, փոխանակ քաղաքականութիւն համարելու ժամանակավրէպ դարձած դատարկ քէներու աղբիւսին վրայ քաղաքական նիզակախաղերու զուարճութիւններով եւ դիրքեր գրաւելու մրցումները:

            Ինչո՞ւ, Հանրապետութիւն եւ Սփիւռքներ Խորհրդաժողովներ  չենք գումարեր, պարզ համարատուական օրակարգով մը. Ի՞նչ պէտք էր ընել, ի՞նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք, եւ ինչո՞ւ չըրինք:

          Եւ կը ճգնինք արդարանալ՝ ուրիշներու քննադատութեամբ, որ մեր ամլութեան աւանդութիւնն է:

            Փակուղիէն դուրս գալու համար անպայման պէտք է սկսիլ ֆրանսացի բանաստեղծի պարզ յեղափոխութիւնը մեր մէջ փոխադրելով, մեր խօսքին  մէջ, որպէսզի վարժուինք նոյն նպատակին համար նոյն ձեւով խօսիլ: Վիքթոր Հիւկօ ըսած է. «Ես կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին»:

            Այսինքն՝ հոգեկան եւ իմացական յեղափոխութիւն՝ վասն վերականգնումի:

            Նոր բառարան՝ իրարու հետ խօսելու, զիրար հասկնալու եւ միասին ըլլալու, անմիջականէն անդին եւ ճիշդ ուղղութեամբ նայելու եւ ընթանալու համար: Այս արդէն ազգային իրաւութեան աշխատանք է, յեղափոխական փրաքսիս, դասական քաղքենիացման յառաջացուցած նահանջներու լճացման դէմ:

            Մեր ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, պիտի ունենա՞յ ողջախոհական Միացման եւ նոյն ուղղութեամբ նայելու իրաւ յանձնառութիւնը, թէ՞ պիտի շարունակէ տեւաբար կքիլ եւ ընդունիլ այլոց որոշումները: Մինչեւ ե՞րբ կրնայ տեւել այս խաղը, ան ո՞ւր հասցուցած է  եւ պիտի առաջնորդէ: Պիտի շարունակ՞ենք ընթանա՞լ նոյն ուղիով, առանց յոգնելու եւ յուսահատելու բազմապատկելով ամբոխային եւ ամբոխհաճոյական ուղղութիւնները, որոնց գումարը լաբիւրինթոս է:

            Ի դէպ, երբ կ’ըսենք ժողովուրդը կամ մեր ժողովուրդը, միթէ՞ նոյն մարդկային հաւաքականութիւնը կը տեսնենք:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles