ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝ ՄՕՏԱՒՈՐ ԱՆՑԵԱԼէն ԵՒ ՆԵՐԿԱՅէՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 5 Second

Արիս Սեւակի գիրքերու գրադարանը՝ ԼԱՐՔ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆին մէջ, 
Ձախէն աջ՝ Արփի Պարսումեան, Աստղիկ Սեւակ եւ Վաչէ Պարսումեան։
Յ. Պ. 
Գիրքի եւ գրադարանի մասին հայերու հետաքրքրութիւնը մասնաւորներու փակ շրջանակին մէջ  մնալու դատապարտուած է:
Ի հարկէ՝ մանաւանդ՝ հայերէն գիրքի: Գիրք եւ գրադարան ռազմական կամ քաղաքական դաշտ չեն, յայտնի երգիչ կամ ակնախտիղ շնորհներով բեմական աստղ չեն, որպէսզի խօսուի եւ գրուի անոնց մասին: Համազգային եւ համատարած մակերեսնայնութիւնը եւ քաղաքական համարուած աղմուկը հայերէն գիրքը քիչ մը աւելի հեռացուցած են հրապարակէն: Չի խօսուիր անոր մասին: Ան քարոզչական անմիջականին չի ծառայեր, թեր ու դէմի աղմկարարութիւն չէ:
Պէտք է մխիթարուիլ, որ դեռ կան շարունակութիւն-յիշողութեան սպասարկողներ: Անոնք անցեալը կը բերեն ներկայի մէջ, հայկական նկարագրով ապագայի երաշխիք են:
Գիրքը, նոյնիսկ փոշեծածկ, անտեսուած, չգնահատուած, այն մենաշնորհեալ վայրն է, ուր յիշողութիւն եւ շարունակութիւն կը նոյնանան, ժամանակի գիծին վրայ եղող ասուպի հաստութիւն անգամ չունեցող կեանքերը անոր էջերուն վրայ կը յամառին տեւել:
Մանաւանդ՝ հայերէն եւ հայագիր գիրքը, որ «համաշխարհայնացող» ժողովուրդի շնչառութիւնը պէտք է ըլլար եւ չէ:
Երեւանի Մատենադարանին մէջ եթէ սոսկ լուսանկարող զբօսաշրջիկ չէք, կը նուաճէք անցեալ եւ ինքնութիւն, կը հաղորդուիք, նոյնիսկ եթէ չէք հասկնար թէ որոնց եւ ինչ բանի հետ: Հաղորդութիւն՝ բառին միսթիք առումով:
Մոռացման դատապարտուած գիրք պահած եւ գիրքի ծառայած հայ մարդիկ եղած են: Այդ ըրած են ազգային ներիմացական հաւատարմութեամբ:
Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ բնակող հայրենահանուած հայ մը կար, որ իր հայրենի քաղաքին յիշողութիւնն էր: Պատմաբան չէր, բայց այդ մասին կը գրէր, իր համեստ տան մէջ հայերէն գիրքերու գրադարան ունէր: Ազգի անդամի իմաստութեամբ հասկցած էր, որ իր հայերէն հայագիր գրադարանը ինքնութեան կրող էր, պատնէշ՝ «սոսկ ծագումով հայ» դառնալու սպառնալիքին դէմ: Այդ  խնամքով պահուող  հայերէն գիրքերու իր գրադարանը իր հպարտութիւնն էր: Որպէսզի այդ գիրքերը անտէր չմնային, ուզած էր, որ անոնք իրենց առաքելութիւնը շարունակեն հայկական հաստատութեան մը մէջ, չկորսուին աղբամանի մէջ: Այդ գիրքերը տարուեցան հայկական նորաբաց վարժարան մը: Բայց այդ հայ մարդուն անունը ոչ մէկ տեղ կը յիշուի, անոր գիրքերը կը ծառայե՞ն նորահաս սերունդին, տեղ մը, ընթերցասրահի պատին կամ գրադարանի մը ապակիին վրայ արձանագրութիւն կա՞յ:
Նիւ Եորք ինքնատիպ հայ մտաւորական մը կար, որ կը կոչուէր Արիս Սեւակ: Ուսուցիչ էր, լրագրող, թարգմանիչ: Գիրի եւ գիրքի սէր ունէր: Օր մը, իր տան մէջ, զրոյցի մը ընթացքին ըսի, որ, կը փնտռէի Գուիտոն Լուսինեանի ֆրանսերէն-հայերէն բառարանը եւ չէի գտներ: Արիս իր բնակարանի քանի մը սենեակները գրաւած գրադարան ունէր: Ըսաւ որ ինք ունէր այդ բառարանը: Գնաց, բերաւ եւ ինծի տուաւ այդ հաստափոր գիրքը:
Հետագային այդ գիրքը Հալէպ տպագրուեցաւ Զաւէն Եկաւեանի ջանքերով եւ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան օժանդակութեամբ: Պէյրութի հայ գրավաճառէն քանի  մը օրինակ գնեցի, բարեկամներու տուի, օրինակ մը տունը պահեցի, օրինակ մըն ալ Հայաստան տարի: Արիսի նուէրը գրադարանիս մէջ է: Հնութիւն ունեցող արժէքաւոր գանձ մը, յիշատակ՝ հոսանքէն չտարուած ՀԱՅ ՄԱՐԴԷՆ: Գուիտոն Լուսինեանի բառարանի  միայն նոր տպուած հատորը կը գործածեմ, Արիսի նուէրը խնամքով կը պահեմ, որպէսզի չմաշի, կազմը չքանդուի:
Արիսի մահէն ետք իր գրադարանը որբացաւ: Ամէն անգամ որ իր այրիին այցելութեան կ’երթայի, գրադարանի դարակներուն առջեւ կանգ կ’առնէի: Ամերիկա ծնած եւ մեծցած հայու մը ամբողջ կեանքի վկայութիւնն էին խիտ շարքերով կանգնած այդ գիրքերը: Միշտ կը խորհէի, որ ինչպէս սովորութիւն է սփիւռքի պարագային, այդ գիրքերը պիտի տարտղնուէին, կամ աղբաման դրուէին, քանի որ գիրքը, մանաւանդ հայերէն գիրքը, ընթերցող չունին։ Փոխարինուած են համացանցով, «եութուպ»-ով, «ֆէյսպուք»-ով:
Զրոյցի մը ընթացքին, Աստղիկ Սեւակ, Արիսի այրին, փափաք յայտնեց,  որ հայկական կրթական կամ մշակութային միութիւն մը առնէր եւ պահէր  այդ գիրքերը, հայերէն, անգլերէն, գրական, պատմական, ուսումնասիրական: Քանի մը միութենական եւ կրթական պատասխանատուներու հետ խօսեցայ այդ մասին: Այդ գիրքերու փոխադրութիւնը դժուար էր, եւ ծախսալից: Խանդավառուող չգտայ:
Կինս եւ ես Լոս Անճելըս կը գտնուէինք: Յաճախ կը հանդիպէինք Վաչէ Պարսումեանին եւ իր տիկնոջ՝ Արփիին, որ Պէյրութի ճեմարանին մէջ փիլիսոփայութեան  ուսուցչութեան տարիներուս, աշակերտս եղած էր:
Վաչէ Պարսումեանին ծանօթացած էի, երբ Փարիզ եկած էր իր հիմնած  եւ իր կողմէ ղեկավարուող Լոս Անլճելըսի ԼԱՐՔ երաժշտական կազմակերպութեան երգչախումբով, որ ելոյթ ունեցաւ Էյֆէլի Աշտարակի շինութեան համար օգտագործուած երկաթեայ գերաններով եւ սիւներով կառուցուած ինքնատիպ եկեղեցիին մէջ: Հրաւիրեցի հայկական ձայնասփիւռ եւ զրոյց ունեցանք:
Արիսի գրադարանին տիրութիւն ընելու համար, խօսեցանք Վաչէ Պարսումեանին: Մշակոյթի ուժին եւ դերին հաւատացող արուեստագէտը համոզուեցաւ, եւ կանգ չառաւ նիւթական եւ կազմակերպական դժուարութիւններու առջեւ, եւ հայ մտաւորականին գրադարանը փոխադրուեցաւ Լոս Անճելըս, ԼԱՐՔ երաժշտական կազմակերպութեան կեդրոնը: Մշակութային իրաւութիւն ունեցող գործիչի մեծ իմաստութիւն էր գիրքը եւ երաժշտութիւնը չանջատել:
Հիմա այդ գրադարանը «Լարք»ի կեդրոնին զարդը եւ հարստութիւնն  է:
Եթէ մեր մամուլը քարոզչական արշաւ մը կազմակերպէր, Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Հայաստան, նախկին խորհրդային երկիրներ, ամենուրք ուր հայ կայ, փրկելու եւ հաւաքելու համար հայերէն եւ հայութեան նուիրուած այլալեզու հրատարակութիւնները, մշակութային մեծ գործ կատարած կ’ըլլայինք: Հաւանօրէն ակումբներու, մշակութային միութիւններու փակ փեղկերով գրադարաններու եւ նկուղներուն մէջ արժէքաւոր եւ անգտանելի ժառանգութիւն կայ:
Օր մը Պիտի պատահի՞ հրաշքը, որ հայերէն գիրքը վերստին հայու տան տէր եւ զարդ ըլլայ, որպէսզի ըսենք՝ թէ վերականգնած ենք , մահաքունի մէջ չենք: Այս թութակաբար կրկնուող կարգախօս չէ, սովորութիւն դարձած նիզակ ճօճելու ինքնահաստատման խաղ չէ, ան ազգի ինքնոււթիւնը վերանուաճելու կռիւ է:
Լրջօրէն պէտք է մտածել, թէ ի՞նչ կ’ըլլան բովանդակային հետեւանքները՝ հայութեան եւ Հայաստաններու համար, երբ խորթացած կ’ըլլանք հայերէն գիրին եւ գիրքին:
Մտածել՝ համաշխարհային ազգի՝ մասին համաշխարհայնացման թոհուբոհին մէջ անոր ունենալիք-չունենալիք տեղի մասին: Հայերէն գիրքը եւ գրադարանը լինելութեան վկայութիւն են:
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles