Ֆրանսայի Ծերակոյտը Որդեգրեց Պատժամիջոցներ` Պաքուի Դէմ
ՓԱՐԻԶ․- Ֆրանսայի Ծերակոյտը որդեգրած է բանաձեւ մը, որ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ կը դատապարտէ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի զինուորական յարձակումը։ Ծերակոյտը կոչ կ՛ուղղէ կանխարգիլելու յարձակումի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան խախտման հետագայ փորձերը, ներառեալ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրարկումով եւ Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորումով:
Բանաձեւը եւրոպացի գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղէ` հետեւելու Ֆրանսայի օրինակին եւ աւելցնելու Հայաստանին տրամադրուող մարդասիրական օգնութիւնը` երկրին մէջ ապաստանած Արցախի քաղաքային բնակչութեան հիմնական կարիքները բաւարարելու համար:
Բանաձեւը կը յիշեցնէ, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը, որ կը վերաբերի Արցախի հայ բնակչութեան, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան միակ կարելի ճամբան է, եւ որ պետութիւնները պէտք է յարգեն ու պաշտպանեն այս իրաւունքը, հետեւաբար միջազգային ընտանիքի պարտականութիւնն է պահանջել, որ Ատրպէյճանը ընէ ամէն ինչ` երաշխաւորելու հայ բնակչութեան Արցախ վերադարձի իրաւունքը` անոր անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը ապահովելու հնարաւոր պայմաններով: Նաեւ, բանաձեւը կը դատապարտէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարներու, օրինական ներկայացուցիչներու կամայական ձերբակալութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ ազատ արձակելու զանոնք: Բանաձեւը կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` պատժամիջոցներու տակ Ատրպէյճանի Հանրապետութենէն պահանջելու ազատ արձակել իր մօտ գտնուող քաղաքային եւ զինուորական գերիները եւ անյապաղ վերադարձնելու զոհուած հայ զինուորներու դիակները:
Նշենք, թէ Փարիզի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւնները վերջին ամիսներուն սրած են։
Դեկտեմբեր 26-ին Պաքուն արտաքսած էր երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ` պատճառաբանելով, որ անոնք զբաղած են ապօրինի գործունէութեամբ, որ անհամատեղելի եղած է անոնց դիւանագիտական կարգավիճակին հետ: Փարիզ իր կարգին Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունէն երկու դիւանագէտներ վտարած էր` հակադարձելով Պաքուի քայլին:
Իսկ Յունուար 9-ին, Պաքուի մէջ ֆրանսացի գործարար մը ձերբակալուած էր լրտեսութեան կասկածանքով:
Միւս կողմէն, Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ կը փոխանցէ, որ այդ երկրին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ:
Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբեր Փեթեր Սթանոն (Սլովաքիա), անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ ու սպառնալիքներ պարունակող վերջին յայտարարութիւններուն, ըսաւ, թէ․- «Եւրոպական Միութիւնը կ՛օգտագործէ բոլոր կարելիութիւնները Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ հաղորդելու, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ մեր յարաբերութիւններուն վրայ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ: Մենք կը մնանք հաստատուն այս դիրքորոշումին մէջ: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը, բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելը եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը կը շարունակեն իրենց ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար»: