Լրահոս

Ռալֆ Երիկեան Ամանորեայ Նուէրներով Շնորհաւորեց Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Փոքրիկները

Արցախէն բռնի տեղահանուած 2-14 տարեկան աւելի քան հազար երեխայ Տաւուշի մարզի Դիլիջան, Իջեւան, Բերդ, Նոյեմբերեան, Ազատամուտ համայնքներու եւ Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ, Վայք, Եղէգնաձոր համայնքներու մէջ Ամանորի նուէրներ ստացան Հայաստանի ազգային կապի ընկերութենէն` Ucom-էն: Նուէրները Կաղանդ պապայի կառքեռով հասցուեցան մարզեր: Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան եւ Ucom-ի աշխատակիցները Եղէգնաձորի եւ Իջեւանի մշակոյթի տուներուն մէջ անձամբ յանձնեցին նուէրները:

«Ամանորեայ հրաշքը մենք պէտք է ապահովենք մեր արցախցի հայրենակիցներուն համար: Անոնք անոր կարիքը շատ ունին: Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն սատար կանգնիլը մեզի համար կարեւոր յանձնառութիւն է, որ մենք կ՛իրականացնենք մեծ սիրով ու հոգատարութեամբ: Ամանորը հրաշքներու սպասում է եւ անոնց իրականացման մեկնակէտը: Ucom-ը հետեւողականօրէն առաւելագոյնս կ՛իրականացնէ մեր երեխաներուն ու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ օգնութեան կարիք ունեցող մեր հայրենակիցներուն երազներուն գոնէ մէկ փոքր մասը», նշեց Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան, որ հանդիպեցաւ երկու մարզերու մարզպետներուն` Վայոց Ձորի մարզպետ Կոլեա Միքայէլեանին եւ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեանին:

Հանդիպումներէն ետք Ucom ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան նուէրները յանձնեց Արցախէն բռնի տեղահանուած փոքրիկներուն:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button