Ճամբու Ուրախ Եւ Անուրախ Նօթեր․- 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ 2024

0 0
Read Time:3 Minute, 48 Second

Յ. Պալեան

Պատահեցաւ այնպէս, որ սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութեան օրէնքին տուրք տալով, Յունուարի առաջին օրերուն, այր, կին, որդիներ, հարս, թոռներ, Մանշ ծովը ընդյատակէն կտրեցինք եւ յայտնուեցանք ՄԵծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքի կեդրոնը: Ամանորը եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով, ծովու երկու ափերը բնակող եղբայրներ, հարսեր ու փեսաներ, զարմիկներ, թոռներ ու թոռնուհիներ պահ մը իրարու պիտի հանդիպէին:

Կրնա՞նք մոռնալ որ գաղթական ենք: Կ’անդրադառնա՞նք, որ օր մը պիտի ճոխացնենք ինքնագոհ «ծագումով հայեր»-ու աճեցողներու թիւը:

Դեռ տեւող առհաւական սովորութեամբ, փակագիծի մէջ դնելով զբօսաշրջութեան պարտադրանքները, «Թաուըր Պրիճ»-ը, «Պիկ Պէն»-ը, «Պաքինկհամ Փալաս»-ը, մանկահասակներու ծնողները զանոնք բերին եկեղեցի, ուր հայ եպիսկոպոսը, հանդիսաւոր հանդերձանքով, Սուրբ Ծննդեան պատարագ կը մատուցէր:

Նախկին անկլիքան եկեղեցիի շէնքը գնուած, նորոգուած, կահաւորուած եւ վերանուանուած է Սուրբ Եղիշէ: Աւելի քան հարիւր հայեր, յարգելով աւանդութիւնը, եկած էին եկեղեցի: Թերեւս հարիւրէ աւելի տեղերէ եկած միշտ գաղթական հայեր, որոնց վրայ գումարուած են հայրենիքէ արտագաղթած կամաւոր գաղթականներ: Պատարագեց եւ քարոզեց Մուսա լեռցիի ժառանգ (խտրպէքցի) եպիսկոպոսը: Պատարագէն ետք, եկեղեցիի մուտքին հաւաքուած էին «հաւատացեալ»-ները, որոնք եկած էին մին Հալէպէն, միւսը Գամիշլիէն, ուրիշ մը Պաղտատէն կամ Թեհրանէն, եւ դեռ՝ Կիպրոսէն, Պէյրութէն… Հայաստանցիներ ալ, որոնք արդէն անգլերէն կը փորձէին բարբառիլ: Իսկական համահայկական ազգափրկիչ համաժողովի անպաշտօն պատուիրակներ, մարդիկ՝ որոնք Նորին Վեհափառութեան մայրաքաղաքը հասած էին՝ չգիտնալով հայրենիք տանող ճամբան…

Տօնը շարունակուեցաւ եւ, ինչպէս կ’ըսենք, ընտանիքը, տասնըեօթը հոգի, մեծով եւ պզտիկով բոլորուեցաւ ճաշի սեղանին շուրջ, երեք սերունդ: Արդիականութիւնը այնպէս է, որ աւելի դիւրին է խմբուիլ չինական համադամներով ճոխ սեղանին շուրջ, քանի որ չկան դեռ մէկ կամ երկու սերունդ առաջ ապրած մեծ մայրիկները, իրենց մատներու շնորհով պատրաստուած աւանդական համադամներով: Չինական ճաշատեսակներուն կ’ընկերանար հայերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, երբեմն ալ արաբերէնի աղմուկը, կը փաստէինք որ «համաշխարհային» էինք: Նոյնիսկ վեց տարեկան թոռնիկս, որ հայկական մանկապարտէզ կ՛երթայ, չէր սորված «փռնգտալ» ըսել, կ’ըսէր «à vos souhaits »,անմիջապէս վարժուեցաւ ըսել նաեւ «god bless you»… Ան ինչպէ՞ս պիտի սորվի հոսանքին դէմ նաւարկել, պիտի կարենա՞յ այդ ընել: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այդ պիտի ընէ, երբ մենք օրինակ ենք  տնանկի, փարիայի մեր հոգեբանութեամբ, ան կը տեսնէ որ երէցները կը հիանան անգլերէնը՝ անգլիացիէն աւելի լաւ  խօսողին, ֆրանսերէնը՝ ֆրանսացիէն լաւ խօսողին, արաբերէնը՝ արաբէն աւելի լաւ խօսողին: Շարունակել՝ բոլոր հայերէնէ տարբեր լեզուներուն համար: Ազգի հոգեկան աւերը կը գործեն հայ մայրերը եւ հայրերը շարունակելով թուրքին գործած ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման աւերը: Գաղթական առաջին սերունդն ալ, գործնապաշտութեամբ, հիւղաւաննրու մէջ, կ’ըսէր «հայերէնը փոր չի կշտացներ»: Աստուծոյ հետ խօսելու կամ անկէ լսուելու համար հայերէնը չի բաւեր: Կուշտ պահող եւ յաջողութեան դռները բացող աստուածները հայերէն չեն հասկնար: Ամէն տեղ իրենց վրանները զարկած հայերը այդ իմաստութիւնը հասկցած են, միութիւն եւ յաղթանակ պարգեւող աստուածներն ալ դադրած են զիրենք լսելէ:

Անկլիքան եկեղեցին նորոգուած էր, դարձած էր հայկական, օժտուած էր երգեհոնով: Ե՞րբ հերթը պիտի հասնի Աղթամարի եկեղեցիին, Անիի մայր տաճարին, Շուշիի ռմբահարուած մայր տաճարին… Ո՞վ տիրութիւն պիտի ընէ անոնց: Այսպէս պիտի շարունակուի մինչեւ այնքան  ատեն, որ  հայրենահանուած գաղթականի վիճակը բնական դառնայ արմատներու մոռացումով, կամ մինչեւ այն ատեն, որ ոչ թէ ոչ թէ բանիւ, խոհանոցով եւ խօսափողով, եւ այլ՝ գործով, իրաւ հայրենատէր դառնանք:

Հայ գրողը, զոր սփիւռքի մէջ ոչ ոք կը յիշէ, Հայաստան ալ կը թուի մոռցած են, աստուածաշնչական տագնապեցնող խօսք ըսած էր, որ «օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:

Եթէ այս հասկցած ըլլայինք, սերունդներու հասկցնենք, բանտարկուած չըլլանք «օտարի դրան ծառայ»-ի վիճակին մէջ, մեր ներկան, եւ ապագան տարբեր կ’ըլլան:

Հայրենի գրողը ո՛չ նախագահ էր, ո՛չ կրօնապետ, ո՛չ գանձապետ: Հայու կացութեան իրապէս գիտակցած Հայ էր: Իր խօսքը ազգային-քաղաքական իրաւութիւն է:

Եթէ գիր-գրականութեան հանդէպ խորթացած չըլլայինք, յունական դիցաբանութեան Արիանի առասանը լքած չըլլայինք, մենք մեզ չէինք դատապարտեր սոսկ ծագումով հայ ըլլալու վիճակին, ուղեկորոյս չէինք ըլլար  մոլորակի հայրենիք չտանող ճամբաներու վրայ:

Մեր ընդարմացման պատճառները հասկնալու, ժամանակակից  եւ գիտական իմաստութիւն ձեռք բերելու համար, եթէ եկեղեցիներու, թատերասրահներու, ակումբներու, համալսարարաններու, եւ պետական պաշօնատուներու առջեւ կանգնէինք եւ հարցախոյզ մը ընէինք, Հայաստան եւ բազմանուն սփիւռքներ, գիտնալու համար, թէ լսա՞ծ են Վիգէն Խեչումեանի եւ անոր Գիրք Լինելութեան անունները, մենք մեզ պիտի գտնէինք անջրպետային լռութեան դիմաց: Այդպէս բաներ հարցնել ինքզինք դիտելու եւ ճանչնալու հայելիի պիտի նմանէր:

Եւ թերեւս կը հասկնայինք, թէ ի՞նչ ենք, ի՞նչ է այդ «ծագումով հայը» : Եւ հասկնալ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել այդ վիճակին մէջ չաւազախրելու եւ հայավիճակ ըլլալու համար: Ըլլալու համար նախահայրերու շարունակութիւն:

Իմաստուն մը ըսած է, որ հարցումները աւելի կարեւոր են՝ քան անոնց պատասխանները:

Պատասխանը, բացասական կամ դրական, միշտ յանձնառութիւն է: պատասխանէ խուսափումը՝ վատութիւն, որ  մարդը կը վերածէ սոսկ մարսողական խողովակի:

Իրաւութեամբ պէտք է ընդունիլ մեր մարդու եւ հայու կացութիւնը եւ ըստ այնմ ոտքի կանգնիլ:

Ֆրանսական թերթ մը «հայկական առած մը յիշած էր, որ «ձի մը տուէ՛ք անոր որ ճշմարտութիւնը կ’ըսէ»: Պատահա՞ծ է, որ մենք հետեւինք հայուն վերագրուող իմաստութեան:

Եւ հասկնալ՝ որ օտարի դրան ծառայ ենք: Եւ միշտ կ’արտագաղթենք՝ այդ ըլլալու համար:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles