«Դէպի Երկիր»-էն 35 Տարի Յետոյ. Սփիւռքեան Հանգրուանի Մը Լրումը

0 0
Read Time:13 Minute, 44 Second

Խ. Տէր Ղուկասեան

«Սփիւռքը ունի Նիցչէի գերմարդը իր մէջ, ունի գերհա՛յը, այդ կենարար էութիւնն է, որ պէտք է վերջապէս յայտնուի». Վեհանոյշ Թեքեան

Երեսունհինգ տարի առաջ, Փետրուար 1988-ին, Ստեփանակերտի եւ Երեւանի մէջ զանգուածային խաղաղ ցոյցերը ծնունդ տուին Ղարաբաղեան Շարժումին: Հազիւ քանի մը ամիս ետք, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 24-րդ Ընդհանուր Ժողովը կ’առնէր Դէպի Երկիր լոզունգով բանաձեւուած անկիւնադարձային որոշումը՝ կազմակերպականօրէն հայրենիք վերադառնալու եւ արդէն հոն հայ ժողովուրդի ճակատագիրը ճշդող գործընթացներուն մասնակից դառնալու մասին: 1988-ի ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը կուսակցութեան պատմական տարբեր հանգրուանները ճշդած Ընդհանուր Ժողովներու շարքին վերջինն էր: Նման Ընդհանուր Ժողովներու կարգին են 1892-ի, 1907-ի, 1919-ի եւ 1972-ի Ընդհանուր Ժողովները, որոնք, կարելի է ըսել, «առաջ եւ յետոյ» մը ճշդեցին կուսակցութեան զարգացման ուղիին վրայ, ի դէմս հետեւողաբար՝ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կուսակցականացման եւ առաջին Ծրագրին, Երկրորդ Միջազգայնականին անդամակցելու եւ Կովկասեան Նախագիծի որոշումներուն, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի վախճանական նպատակի բանաձեւման եւ յեղափոխական արմատներու վերադարձով Հայ Դատի պայքարի նորագոյն հանգրուանի ազդանշանին:

Որպէս հայկական իրականութեան առաջնային դերակատարներէն, Դաշնակցութեան պատմական զարգացումը իր անդրադարձը ունեցած է նաեւ հայ ժողովուրդի պատմական զարգացման վրայ, դրական ըլլայ այդ անդրադարձին մեկնաբանութիւնը թէ ժխտական: Յստակացնենք, որ «անդրադարձ» չի՛ նշանակեր պատմական զարգացման բացարձակ որոշիչ եղած ըլլալու յաւակնութիւն: Պարզապէս՝ կացութիւններ ստեղծելու թէ տուեալ կացութեան մը վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու կարելիութիւն, որ որեւէ քաղաքական կազմակերպութեան կ’ընձեռէ իր ղեկավար դիրքն ու զօրաշարժի կարողութիւնը, որ ունի առաւել կամ նուազ պատկառելի քանակով յանձնառու կամ հետեւորդ ու համակիր հատուածի մը մօտ: Այս իմաստով, ՀՅԴ 20-րդ (1972) եւ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովները սերտօրէն առնչակից են Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կազմաւորուած Սփիւռքին: Առաջինը՝ անոր քաղաքականացման իմաստով, իսկ երկրորդը՝ սփիւռքեան գործունէութիւնը եթէ ոչ բացառաբար ապա գոնէ կեդրոնացած ձեւով ուղորդելու դէպի հայրենիք:

Երեսունհիգ տարի առաջ, Սփիւռքի մէջ հասակ առած, Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցէն ետք քաղաքականացած, համասփիւռքեան մասշտապով Հայ Դատի պայքարին յանձնառութեան զօրաշարժի կարողութեան փաստը տուած եւ անոր յաջողութիւններով ինքնավստահ երրորդ սերունդին համար Դէպի Երկիրը տարօրինակ չթուեցաւ: Հայ Դատի յաջողութիւնները կը վերաբերին «մոռցուած» Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առաջին փաստացի արձանագրումներուն՝ ՄԱԿ-ի, Եւրոխորհրդարանի եւ տարբեր երկիրներու պետական ներկայացուցչական մակարդակներու ոլորտներուն մէջ: Մարուշ Երամեան շատ պատկերաւոր կը ներկայացնէ քաղաքականացած այդ սերունդը, երբ կը գրէ.  «Աչքերուս առջեւէն կը տողանցեն նախ ջարդի եւ գաղթականութեան պատկերները, ապա խեղճութեան մէջ արժանապատիւ կերպով կրող որբերը, որոնցմէ եկած սերունդները սորվեցան ո՛չ միայն օտարին հետ յարաբերելու նրբագոյն կերպերը, այլ ժամանակին հետ սորվեցան նաեւ օտար պետութիւններու հետ դիւանագիտականօրէն վարուիլ, իրենց յարմար որոշումներ առաջ մղել խորունկ համոզումով եւ անկոտրուն կամքով: Անոնք կրցան իրենց/մեր թէզը պաշտպանել եւ կարեւոր որոշումներ կորզել: Այս բոլորը արտաքին քաղաքականութեան, օտար պետութիւններուն հետ վարուելու մեծ փորձառութիւն ապահովեցին սփիւռքահայուն, սորվեցուցին անոր ինչպէ՛ս վարուիլ այդ դիւանագիտութիւն կոչուածին հետ, որ յաճախ խաբէութիւն է նաեւ»: («Միայնակ Աստղեր», Գանձասար, 28 Սեպտեմբեր 2023): Դէպի Երկիրը այդ սերունդէն ոմանց թերեւս յիշեցուց, որ Հայ Դատի ուժական պայքարի տարիներուն, քաղաքական բանավէճերու ընթացքին օրուայ ղեկավար ու մտաւորական դէմքերը կը զգուշացնէին, որ այդ մէկը չէր կրնար ինքնանպատակ ըլլալ, որ ազգային ազատագրական պայքարը պէտք էր նուաճէր իր բնական հողը, եւ այդ մտքերը հարազատօրէն կ’արտացոլային Արցախի մէջ զարգացումներու հայելիին ընդմէջէն…

Կարելի չէ նսեմացնել Արցախի խոր անդրադարձը այն ինչ կը սահմանուի որպէս հայկական ազգայնութիւն՝ հաւաքական լինելութեան ծրագրի մը իմաստով: Արժանթինցի Րիքարտօ Թորրէս, որուն դոկտորական աւարտաճառը Ռոսարիոյի Ազգային (պետական) Համալսարանի Միջազգային Յարաբերութիւններու ճիւղին մէջ նուիրուած է Արցախեան հարցին եւ հայկական ազգայնութեան վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան, դիտել կու տայ, թէ Արցախը «հայկական ինքնութեան տուաւ նոր իմաստ մը», որ «Սփիւռքի հաւաքական երեւակայութեան մէջ նշանակեց Ցեղասպանութեան ճանաչման յաջորդող տրամաբանական հանգրուան մը»: Անով, եւ Հայաստանի անկախացումով, Հայ Դատի մէջ իտէալականացած հայրենիքը իրականութեան վերածուեցաւ հողին վրայ ծաւալած ազգային ազատագրութեան պայքարին ընդմէջէն: Արցախը 1988-ին ծայր առած շարժումով վերածուեցաւ կենդանի դիւցազնավէպի, եւ որպէս այդպիսին ապրուեցաւ մասնաւորաբար առաջին պատերազմի տեւողութեան եւ անոր յաղթանակին յաջորդած տարիներուն:

Արցախը այն ժամանակ «հիմնարար իրադարձութիւնը» եղաւ միաժամանակ Հայաստանի անկախացման գործընթացին եւ Սփիւռքի համար Դէպի Երկիր տեսլականով սկսած հանգրուանին: Ճիշդ է, որ այդ բանաձեւումը ծնունդ առաւ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովին եւ, որպէս այդպիսին, իր ամենաուղղակի եւ ամենաորոշիչ ազդեցութիւնը ունեցաւ կուսակցութեան եւ ինչ որ չափով իր գաղափարակից կազմակերպութիւններու յաջորդ տասնամեակներու գործունէութեան ծրագրման եւ ուղորդման վրայ: Այդուհանդերձ, կարելի է ըսել, որ չկայ համասփիւռքեան ցանցով օժտուած եւ զօրաշարժի առաւել թէ նուազ կարողութիւն ունեցող որեւէ կազմակերպութիւն՝ քաղաքական, մշակութային, հասարակական, բարեսիրական եւ մինչեւ իսկ կրօնական, որ այս կամ իր համապատասխան ֆինանսական թէ մարդուժային ներդրումներով ի՛ր Դէպի Երկիրը չունեցաւ: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը… մէկ խօսքով՝ Սփիւռքի բոլոր այսպէս կոչուած «աւանդական» կազմակերպութիւնները, որոնք, իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ եւ իր կարողութիւններուն համաձայն, համասփիւռքեան ցանցով եւ զօրաշարժի կարողութեամբ օժտուած էին, իրենց գործունէութեան դաշտը հիմնականօրէն Սփիւռքն էր, անկախ թէ ի՛նչ գաղափարախօսական թէ գործնական կապեր ունենային Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւններուն, եւ 1960-ականներու կէսէն յետոյ արդէն Սփիւռքի հետ Կապի Կոմիտէին հետ: Բոլոր այդ կազմակերպութիւնները իւրաքանչիւրը իր դատողութեան համաձայն կազմակերպական իր կառոյցը ստեղծեց Հայաստանի մէջ: Այս իմաստով, Դէպի Երկիրը նաեւ համասփիւռքեան շարժում մըն էր՝ գաղափարատեսլական եւ գործնական իմաստով:

 

Արցախեան շարժումի ծննդոցէն երեսունհինգ տարի յետոյ, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին պարտութենէն երեք տարի անց, 19 Սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ստորագրեց հայկական երկրորդ պետութեան կազմալուծման փաստաթուղթը: Այդ ձեւով, հայկական պատմական տարածքը անցաւ Ատրպէյճանի 86600 քառակուսի քիլոմեթր հողային ամբողջականութեան մէջ, ինչպէս գրեթէ մէկ տարի առաջ Փրակայի մէջ արդէն ընդունած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, եւ այդ օրէն ի վեր առիթ չէր փախցուցած հաստատելու եւ վերահաստատելու Արցախի երբեմնի երաշխաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան օրուայ իշխանութիւններուն կեցուածքը: Սեպտեմբեր 19-ին նախորդած քանի մը օրերուն, հակառակ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան, եւ արդէն բացայայտօրէն յայտնի Մոսկուայի չմիջամտելու եւ դիտորդի իրավիճակի մէջ մնալու քաղաքական որոշումի տուած վստահութեամբ, Ատրպէյճան, ինը ամիս ամբողջական շրջափակման աքցանի մէջ պահելէ յետոյ Արցախը, անցած էր աննախընթացօրէն վայրագ յարձակումի:

Ըստ Շահրամանեանի հետագային Երեւանի մէջ տուած բացատրութիւններուն, Արցախի կազմալուծման փաստաթուղթի ստորագրումը «արցախցիներու կեանքը փրկել»ու նպատակով եղած է: Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ ամբողջական տիրապետութեան հաստատման փաստին դէմ յանդիման, ամբողջ բնակչութիւնը լքեց իր հողը եւ ապաստանեցաւ Հայաստան: Օգոստոսի սկզբնաւորութեան, Միջազգային Քրէական Ատեանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ հրապարակած էր տեղեկագիր մը զգուշացնելով, որ Արցախի շրջափակումը առաջացուցած էր ցեղասպանութեան իրականացման պայմաններ: Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն ետք ոչ մէկ նախաձեռնութիւն այնքան տեսանելիօրէն եւ այնքան հրատապ կերպով կարողացած էր միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութեան յանձնել Արցախի իրավիճակը: Հակառակ ահազանգին եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային մեքանիզմի բացակայութեան, Արցախը հայաթափուեցաւ, երբ բնաջնջման սպառնալիքի դէմ յանդիման գտնուող բնակչութիւնը զանգուածաբար ապաստան փնտռեց Հայաստան: Երեւոյթը, ինչպէս շատ դիտորդներ գնահատեցին, համազօր է բռնի տեղահանութեան, էթնիկ զտումի, ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանութեան տարբերակի:

Այդուհանդերձ, ոչ պատահածին քաղաքական գնահատականն ու անոր ենթադրած նախաձեռնութիւնները միջազգային բեմահարթակին վրայ, ոչ ալ Արցախի եւ բռնի տեղահանուած արցախցիներու կարգավիճակի հարցը օրակարգի վրայ եղաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար: Արցախի հայաթափումէն եւ բռնի տեղահանուած արցախցիներու Հայաստան ապաստանելէն անմիջապէս ետք, բնականաբար տիրապետող եղաւ անոնց մարդասիրական օժանդակութեան հարցը, եւ թերեւս անոնց արտագաղթի առաջքը առնելու նախանձախնդրութիւնը: Բայց մարդասիրական օժանդակութեան կազմակերպումն ու բռնի տեղահանուած արցախցիներու առաւելագոյն քանակին Հայաստան վերաբնակեցումը կրնան եւ Արցախի կազմալուծման եւ հայաթափման տագնապի լուծում համարուիլ: Արցախի կազմալուծումէն եւ հայաթափումէն անմիջապէս ետք, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու վճռակամ եւ «խաղաղութեան խաչմերուկ»ի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկող Փաշինեանական վարչակարգին համար բացառուած կը թուի արցախեան պետական հիմնարկութիւններու շարունակականութիւնը Հայաստանի մէջ, որովհետեւ այն կրնայ ազգային անվտանգութեան սպառնալիք ըլլալ, ըսաւ Վարչապետի յատուկ հարցերով յանձնակատար/կամակատար էդմոն Մարուքեանը: Պատահած աղէտէն աւելի քան ամիս մը անց, Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնը տակաւին որոշում չէր առած իր յաջորդ քայլերուն մասին: «Վտարանդի կառավարութիւն» եւ «վերադարձի իրաւունք» յղացքները, որ շրջագայութեան մէջ դրուեցան հանրային խօսոյթին մէջ, Արցախի ղեկավարութեան մակարդակով արձագանգի չարժանացան: Կազմալուծումէն եւ հայաթափումէն աւելի քան ամիս մը ետք, Արցախը կը թուէր անցնիլ «մոռցուած» դատերու շարքին: Յղացք մը որ, ինչպէս սփիւռքահայութիւնը թերեւս յիշէ, յատկանշած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ աղէտին յաջորդած հինգ տասնամեակներուն…

Եւ կամ ալ Արցախի կազմալուծումով եւ հայաթափումով հայութեան պատմական հայրենիքէն հողային այս նորագոյն կորուստը, որուն համայն հայութիւնը անզօր ականատեսը եղաւ, այնքա՛ն շոքային էր, որ անոր հաւաքական հոգեխոցը միայն ժամանակ մը անց զգացուի: Այսինքն՝ երբ Արցախը Սփիւռքի համար Հայ Դատ ըլլայ այնպէս ինչպէս հայաթափուած Արեւմտահայաստանը… Ոչ թէ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ անոր միջազգային ճանաչման ճիգը, որ Սփիւռքի մէջ հայկական «լոպպի»ին վստահուեցաւ 1994-ի Մայիսեան զինադադարէն ետք ստեղծուած իրավիճակի ստատուս քուօ-ի պահպանման վրայ գրաւ դրած Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ (անոնք որոնք բանակցային գործընթացին պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Փետրուար 1998-ի հրաժարականէն ետք): Մինչեւ որ Ապրիլ 2018-ի յաջորդած հանգրուանին, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն առաջ, Նիկոլ Փաշինեան որոշեց ամէն ինչ սկսիլ զէրօ կէտէն: Եւ յաջողեցաւ նշանաձողը զէրօ կէտէն շատ աւելի վար իջեցնել, շնորհիւ ակնբախ հակասութիւններէ բնաւ չխորշելու իր ձիրքին, որուն ամենաաչքառու փաստն են 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ» եւ անկէ երեք տարի յետոյ, Փրակայի մէջ, Արցախը Ատրպէյճանի 86600 քառակուսի քիլոմեթր կազմին մէջ ընդունող իր զոյգ յայտարարութիւնները…

Անցնող երեսունհինգ տարիներուն, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ճիգը Սփիւռքի «լոպպիստական» կազմակերպութիւններուն կողմէ արդիւնաւորուեցաւ ազգային պետութիւններէ նուազ մակարդակի կառավարական համակարգերու մէջ, ինչպէս քաղաքային խորհուրդներ կամ նահանգային իշխանութիւններ: Ոչ երկիրներու մակարդակով, թէեւ գոնէ մէկ պարագայի յաջողութեան որոշ նախանշաններ երեւացին առանց կոնկրետացումի հասնելու: Ինչ որ, սակայն, սփիւռքեան կազմակերպութիւնները իրենց քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ երբեք հարցականի չդրին, երբ երրորդ կողմերու կը դիմէին Արցախի անկախութեան ճանաչման առաջարկով, այն հակասութիւնն էր, որ երեւան կ’ելլէր, երբ այդ երրորդ կողմը բնականաբար հարց կու տար, եթէ Հայաստանը ճանչցած էր անկախութիւնը: Եւ հոն պատասխանը կ’ըլլար այն ինչ Երեւանէն թելադրուած էր՝ նախ երրորդ երկիր մը ճանչնայ ապա Հայաստանը, որովհետեւ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը կրնար ռիսկի տակ դնել բանակցութիւնները: Թէ ինչու երրորդ երկիր մը Արցախի անկախութեան ճանաչման ռիսկը միակողմանի պիտի առնէր՝ այնպէս ալ համոզիչ պատասխան երբեք չունեցաւ: Բայց այդ մէկը արգելք չհանդիսացա՛ւ, որ սփիւռքեան կազմակերպութիւնները այդ ուղղութեամբ աշխատին: Թէկուզ եւ երբեմն իրենք իրենց հարց տալով, թէ այն կողմը, որուն կը դիմէին Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու համար եւ որուն կը բացատրէին թէ ինչո՛ւ Հայաստանի իշխանութիւնները այդ քայլին չէին դիմած, ի՛նչ կրնար մտածել իրենց մասին…

Արցախը որպէս Հայ Դատի նորագոյն գլուխ Սփիւռքի քաղաքական զօրաշարժի օրակարգին անցած էր նոյնքան բնականօրէն, որքան բոլոր այն ներդրումները, որոնք եղան հոն առանց երբեք կասկածելու, որ պատմական յառաջընթացը, որ արձանագրուած էր, ետընթաց չէր կրնար ունենալ, որովհետեւ հայկական անկախ պետականութիւնը երաշխաւորն էր անոր: Այնքա՛ն հաստատ էր Սփիւռքին վստահութիւնը անկախ պետականութեան հանդէպ, անկախ թէ ով կամ որ քաղաքական ուժը ըլլար իշխանութեան վրայ:

Դէպի Երկիրէն երեսունհինգ տարի ետք, եւ դէմ յանդիման այն ժամանակաւոր թէ աւելի երկարակեաց պատմական յետընթացին, որ տեղի ունեցաւ Արցախի կազմալուծումով եւ հայաթափումով, դէմ յանդիման յատկապէս Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն ետք անկախ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին, իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, անկարողութեան ազգային միասնականութեան նուազագոյն համախոհութեան մը շուրջ համաձայնութեան գալու, Սփիւռքի համար ժամանակն է խորհրդածիլ հանգրուանի մը լրումին մասին: Եւ վերամտածել իր լինելութեան որոշիչներու, ինքնութեան յանձնառութեան, եւ անոր մէջ հայրենիքի հետ իր յարաբերութիւններու հայեցակարգին մասին:

Այս խորհրդածութիւնը տարբեր առիթներով արդէն սկսած է եւ կը շարունակուի: Քննական-քննադատական մօտեցումներ չեն պակսիր այն ենթադրութիւններուն, որոնք այնքան զօրաւոր կը թուէին այն ժամանակ, երբ Դէպի Երկիր հանգրուանը սփիւռքեան քաղաքական մտածողութեան մէջ ընկալուեցաւ որպէս շատոնց սպասուած ճակատագիր: Երեսունհինգ տարի առաջ թերեւս շատ դժուար էր, չըսելու համար անկարելի, Ստեփանակերտի թէ Երեւանի փողոցներու մէջ զանգուածային ցոյցերու յղած «Միացում» պատգամը չընկալել որպէս հայրենադարձութեան կոչ: Սակայն նաեւ պէտք էր զգաստ ըլլալ այդ առաջնային խանդավառութեան յաջորդած իրադարձութիւններու թելադրանքին, որ տարբեր առիթներով Սփիւռքին յիշեցուց իր քաղաքական մտածողութեան երբեմնի ենթադրութիւններու վերատեսութեան անհրաժեշտութիւնը: Խօսքը կը վերաբերի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «նարինջ ուտողներ»ու՝ առաջին անարգանքէն մինչեւ ցարդ շարունակուող խտրական վերաբերմունքը, ընդ որում քաղաքական դրդապատճառներով կարգ մը սփիւռքահայերու կ’արգիլուի Հայաստան մուտքը: Եւ որքան ալ որ նման խտրական վերաբերմունք առաջին հերթին թիրախաւորէ Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականները, անհրաժեշտ է հայրենիք-Սփիւռք բաժանման գիծի ա՛յդ եզակիութենէն անդին անցնիլ եւ տեսնել հայրենիք-Սփիւռք տարբերմա՛ն գիծը, ձերբազատուիլ տարբերումի ժխտումի թապուէն եւ, ընդհակառակը, անդրադառնալ թէ որքա՛ն անհրաժեշտ է այդ տարբերումին գիտակցումը՝ լեզուական, մշակութային, քաղաքական թէ դիւանագիտական ոլորտներու մէջ համարկումի եւ փոխ-լրացման, թերեւս մինչեւ իսկ փոխ-սնուցման ի խնդիր:

«Միացում»էն երեսունհինգ տարի ետք՝ «տարբերում», որպէսզի առաջքը առնուի հոգեխզումին եւ սփիւռքեան ներուժի ջլատման, համայնքներու ինքնամփոփման եւ սփիւռքահայութիւնը որպէս անհատներու գումար, եթէ ոչ՝ լոկ գումար…, ընկալած վարքագծի մը շարունակման: Այդ վարքագիծը կրնայ դրսեւորուիլ բիրտ եւ անյարգալից ինչպէս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի արդէն նշուած արտայայտութիւնը, կամ Ալեն Սիմոնեանի հայրենադարձ սփիւռքահայուն երեսին թքելու անկրթութիւնը: Բայց անոր խորքային խնդիրը նման գայթակղութիւնները չեն: Հայրենի քաղաքական վերնախաւին համար Սփիւռքը երբեք չընկալուեցաւ որպէս գործընկեր: Տարբեր հիմնաւորումներով, թէ՞ պատճառաբանութիւններով…, Սփիւռքին զլացուեցաւ հայրենի քաղաքական գործընթացներու ձայնով եւ քուէով մասնակցութեան իրաւունք համապատասխան հայեցակարգով՝ օրէնսդիր իշխանութեան մէջ համայնքային ներկայացուցչութեան թէ համահայկական խորհուրդի մը ճամբով: Մինչ, ինչպէս Վեհանոյշ Թեքեան իրաւամբ դիտել կու տայ՝ «Սփիւռքի ղեկավարները կուրօրէն նուիրուեցան հայրենիքին՝ առանց պահանջելու, որ իրենք ալ ներդրում ունենան, այսինքն նկատի առնուին որպէս իրաւասո՛ւ հայ, ո՛չ թէ կթան կով:» («Սփիւռքը կարեւո՞ր է», Ասպարէզ, 25 Հոկտեմբեր 2023): Քաղաքական մասնակցութիւն չէ՛ երբ Սփիւռքի ղեկավարները աներկբայ կ’ընդունին հետեւորդ ըլլալ եւ լուռ կը մնան Հայաստանի մէջ առնուած խնդրայարոյց որոշումներու հանդէպ: Հայրենասիրութիւն չէ՛ Սփիւռքի մէջ հայրենիքի համար դրամահաւաք կազմակերպել, բայց ընդունիլ ուղարկուած գումարին ոչ-համոզիչ հաշուետուութիւնը որ յաւուր պատշաճի կը հրամցուի պատկան մարմիններու կողմէ: Սնապարծութի՛ւն է «պատուոյ» չեմ գիտեր ինչ պաշտօններու հետամուտ քծնիլ օրուայ իշխանութիւններու առաջ: Ինքնախաբէութիւն է Սփիւռքի մէջ քաղաքական գործը ներՀայաստանեան տինամիքի հայելիին մէջ դիտելը…

Սփիւռքի ղեկավարութեան ամենէն մեծ բացթողումը անցնող երեսունհինգ տարիներուն եղաւ Սփիւռքեան ուրոյն օրակարգ մը կեանքի կոչելու անկարողութիւնը: Անկախութենէն առաջ Սփիւռք մը կար, ուր համայնքները հոգեմտաւոր կերպով իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ էին շնորհիւ համասփիւռքեան կազմակերպական ցանց եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կառոյցներու: Գլոբալ Սփիւռք մը կար համաշխարհայնացման գործընթացի քաղաքական, տնտեսական թէ հասարակական-մշակութային ամէն տեսութիւններէն առաջ, ծնունդ էր պետականազուրկ հաւաքականութեան մը վերապրումի եւ ինքնութեան պահպանման բնազդին, որ քաղաքականացաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան տարիներուն: Պետականազրկութիւնը արգելք չհանդիսացաւ բնաւ համասփիւռքեան զօրաշարժի, որուն ընդունակութեան փաստը տուաւ օրուայ ղեկավարութիւնը: Ընդհակառակը, պետականազրկութիւնը մինչեւ իսկ պատճառ եղաւ միջ-պետական յարաբերութիւններու սահմանափակումներէն զերծ համաշխարհային ցանցի մը հոսքային ու հաղորդակցային տրամաբանութեամբ ու տինամիքով օժտուած քաղաքական ինքնուրոյն գործօնի վերածուելու: Սփիւռքեան քաղաքական գործօնը իր անմիջական ներդրումը ունեցաւ աշխարհաքաղաքականօրէն խիստ աննպաստ իրավիճակի մէջ գտնուող փոքր պետութեան մը շատ արագ միջազգային ճանաչման, սկսելով աշխարհացրիւ հայ համայնքներու թէ սփիւռքահայ անհատ բարերարներու անմիջական ներդրումով բացուած Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն մինչեւ քաղաքական յարաբերութիւններու դիւրացում:

Անկախ պետականութեան առաւել թէ նուազ կայացումէն ետք սակայն, Սփիւռքի ղեկավարութիւնը կամայ թէ ակամայ եղաւ հետեւորդ հայրենիքի մէջ առնուած որոշումներու, եղաւ պետականակեդրոն անկախ թէ իշխանութեան վրայ գտնուող ուժին զօրակցէր թէ ընդդիմութեան, տարուեցաւ «հզօր պետութիւն» եւ նմանահունչ հռետորաբանութեամբ, որով եւ յատկանշուեցաւ իր խօսոյթը, առանց քննադատական հարցականի տակ դնելու նման յղացքներու իմաստն ու գործնականութիւնը Սփիւռքի համար, եւ Սփիւռքի մէջ քաղաքական գործը սահմանեց պետական քաղաքականութեան ֆեթիշացումով: Արդիւնքով՝ միջազգային բեմին վրայ ցարդ որպէս ինքնուրոյն քաղաքական գործօն հանդէս եկող Սփիւռքը մնաց անկախ պետութեան շուքին մէջ: Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութիւնը, որ կազմաւորուած էր Հայ Դատի պահանջատիրութեան զօրաշարժով, չկարողացաւ քսաներորդ դարէն փոխադրուիլ քսանմէկերորդ դար, վերահաստատել եւ վերանորոգել ինքզինք որպէս ուրոյն գործօն:

Զանգուածային կամաւոր հայրենադարձութեան համար նպաստաւոր պայմաններու բացակայութեան, սփիւռքեան համայնքները շարունակեցին իրենց առօրեան, սակայն առաջնահերթութիւն տալով հայրենիքի հետ յարաբերութիւններուն կորսնցուցին երբեմնի հորիզոնական հաղորդակցային կապն ու Սփիւռք ըլլալու գիտակցութիւնը, ինքնամփոփուեցան: Սփիւռք հասկացողութիւնը թարգմանուեցաւ համայնք-հայրենիք յարաբերութիւններով: Դէպի Երկիրի թերեւս անկանխատեսելի հետեւանքը եղաւ հայրենակեդրոնութիւն մը, որուն արդիւնքով ալ Սփիւռքը որպէս ամբողջութիւն մտածելու ճիգն ու անոր ծնունդ որեւէ համասփիւռքեան գործնական ծրագիր բացակայեցաւ, ի մասնաւորի քաղաքական զօրաշարժի ոլորտին մէջ, որ ինքզինք չկրցաւ տարանջատել պետական քաղաքականութեան տրամաբանութենէն – ներքաղաքական գործընթաց ըլլայ այն իշխանութիւն-ընդդիմութիւն տինամիքին մէջ, թէ արտաքին յարաբերութիւններու մարզին մէջ առնուած որոշումներ:

Հոս պիտի յստակացնել, որ երբ կ’ըսուի, թէ Սփիւռքի մէջ քաղաքական գործը պէտք չէ դիտել պետական քաղաքականութեան հայելիին մէջ, չի՛ նշանակեր, որ այդ մէկը կը նշանակէ խզում հայրենիքի հետ: Չի՛ նշանակեր, որ Սփիւռքի մէջ կարելի չէ դիրքորոշուիլ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան օրակարգի հարցերուն հանդէպ, չկողմնորոշուիլ ի նպաստ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան, կամ մասնակից չդառնալ քաղաքական-հասարակական զօրաշարժերու: Կը նշանակէ գիտակցիլ, որ Սփիւռքի մէջ բանավէճն ու կարծիքի ազատութիւնը լաւագոյն պարագային իրենց շատ սահմանափակ ազդեցութիւնը կրնան ունենալ ներհայաստանեան ոլորտի անցուդարձերուն վրայ, ինչպէս անցնող երեսունհինգ տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուաւ: Կը նշանակէ կարծիքի ազատութիւնը չպայմանաւորել իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բեւեռացման տրամաբանութեամբ, եւ երբեմն մինչեւ իսկ ունենալ երրորդ այլընտրանքի առաջարկ, եթէ սփիւռքեան գործօնը երբեւիցէ այնքան ազդեցիկ ըլլայ, որ կարենայ երբեմն «միջնորդ»ի դրական դեր ստանձնել հայրենիքի մէջ իրադարձութիւններուն: Կը նշանակէ ունենալ Սփիւռքի օրակարգ եւ զայն զերծ պահել ներհայաստանեան տրամաբանութենէն, չզիջիլ սփիւռքեան ինքնութեան համար այնքան կենսական խնդիրներու պարագային ինչպիսին են, օրինակի համար, արեւմտահայերէնն ու դասական ուղղագրութիւնը: Կը նշանակէ մանաւանդ ունենալ համահայկական խնդիրներու վերաբերեալ սփիւռքեան դիրքորոշում, նախընտրաբար համաձայնուած պետական քաղաքականութեան հետ, բայց հարկ եղած պարագային նաեւ ուրոյն եւ անկախ, անհամաձայնելու համաձայնութեամբ: Եւ այդ մէկը արդէն ցոյց կրնայ տալ, որ որպէս ազգային հաւաքականութիւն քաղաքական զարգացման աստիճանին կարեւոր ոստում մը տուած կ’ըլլանք դուրս գալով թերաճութեան այն մակարդակէն, ուր ինկած ենք ի մասնաւորի Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութենէն ի վեր:

Այն Սփիւռքը, որ հաւաքական երեւակայութեան մէջ կար որպէս գործօն մինչեւ 1988, փոխուած է, ինչպէս ցոյց կու տան Սփիւռքեան Հարցախոյզի իրերայաջորդ տեղեկագիրները (2019, 2021, 2022): Սփիւռքը որպէս ամբողջութիւն, որպէս էթնիկ իւրայատուկ ինքնութեան յանձնառութեան համաշխարհային քաղաքացիական հասարակութիւն, վերամտածումի, վերակազմակերպումի եւ իր յանձնառութեան վերամշակման մարտահրաւէրն է, որ կը դիմագրաւէ: Սփիւռքը քսանմէկերորդ դարուն որպէս անդրազգային հաւաքականութիւն ընկալող բանավէճը, քաղաքական զօրաշարժը ոչ-պետական տրամաբանութեամբ կազմակերպելու այլընտրանքները, համացանցին ու Արհեստական Բանականութեան բացած հորիզոնները հաւաքական երեւակայութեան նոր թռիչքներու համար… այս բոլորը եւ աւելին արդէն կան որպէս կազմաւորուող մտածողութիւն, որպէս աշխատանքային փորձառական դաշտ, զարգացան թերեւս անցնող քսան տարիներուն: Հոն է, որ Դէպի Երկիր հանգրուանի լրումին, սփիւռքեան յանձնառութեան նոր հանգրուան մը կ’ուրուագծուի, թերեւս մինչեւ իսկ ճիգ մը՝ Արցախի կազմալուծումի եւ հայաթափման ճգնաժամի հոգեխոցը մեղմելու եւ ապագային նայելու կարելիութիւն ստեղծելու: Հոն է, որ Վահէ Օշականի «սփիւռքահայ ըլլալ մը կայ» պատգամը կը վերաթարմանայ: Համասփիւռքեան կառոյցներու կազմակերպական ցանցերը լաւագոյնս կրնան դիւրացնել այս բոլոր գործընթացներու համակարգումը եւ համալրումը՝ ի խնդիր Սփիւռքի որպէս հայկական լինելութեան ուրոյն գործօնի վերիմաստաւորման: Անցնող երեսունհինգ տարիներուն այդ կառոյցներուն ղեկավարութիւնները չյաջողեցան անկախ պետականութեան համակարգին մէջ իրաւասու Սփիւռքի մը տեղն ու դերը ապահովել: Առիթ է, որ իրենց ուշադրութիւնը վերասեւեռեն դէպի Սփիւռք, ուր հայութեան կարողականութեան վերահամախմբումի ամբողջ մարտահրաւէր մը կայ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles