Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան Այցելեց Մէրիլենտ

0 0
Read Time:41 Second

Կիրակի, Դեկտեմբեր 24-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան այցելեց Մէրիլենտ, ուր տեղւոյն Սուրբ Խաչ (Պէթէստա) եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ եղաւ Սուրբ Պատարագին։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ Նախասարկաւագ եւ Առաջին վկայ՝ Սուրբ Ստեփանոսի տօնին առթիւ հակիրճ արարողութիւն մը։ Սուրբ Սեղանին ծառայող Գէորգ Սրկ. Զապունեան եւ Սարգիս Սրկ. Ագթաւուգեան՝ քահանայական սաղաւարտով զարդարուած, աւանդատունէն մուտք գործեցին եւ Սուրբ Սեղանին խնկարկելէ ետք ծունկի եկան եւ ստացան Առաջնորդ Հօր օրհնութիւնը։

Այնուհետեւ, արեւմտեան եկեղեցիներու Սուրբ Ծնունդի տօնին առթիւ, եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայ հաւատացեալներուն հրամցուց Ծննդեան հոգեւոր երգերու գողտրիկ ծաղկեփունջ մը, մէջընդմէջ երգելով անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով։

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա․ Քհն․ Ագթաւուգեանի, հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց համագործակցութիւնը, որ վերջերս անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան առթիւ ամբողջ շաբթուան մը վրայ տարածուած յայտագրի գործադրութեամբ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles