ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ՓՐՈՖ. ՔՐԻՍԹԻՆԱ ՄԱՐԱՆՍԻԻ

0 0
Read Time:1 Minute, 9 Second

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14-ին, «Փրկենք հայկական կոթողները» (Save Armenian Monuments) եւ Հայագիտական Ուսմանց եւ Հետազօտութեանց Ազգային Ընկերակցութիւնը (NAASR) միասնաբար հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էին ի պատիւ փրոֆ. Քրիսթինա Մարանսիի, որ վերջերս նշանակուած է Հարվըրտ համալսարանի «Մաշտոց» հայագիտական ամպիոնի վարիչ։ Հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ Վըրճինիա Տէյվիս եւ Ուիլըրտ Թէյլըր ամոլի տան մէջ։ Ամերիկահայ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստի ու մշակութային ժառանգութեան փորձագէտներ մասնակցեցան այս հաւաքոյթին, որ շահեկան ու բովանդակալից էր իր տեղեկատուական բաժինով։

Հիւրասիրութեան ներկայ էին Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Դանիէլեան, դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ Արամ Յովակիմեան։

Ձախէն աջ՝ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, «Փրկենք հայկական կոթողները» կազմակերպութեան հիմնադիր Վըրճինիա Տէյվիս եւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Վահրամ Այնիլեան

Փրոֆ. Մարանսի հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան ու զարգացման լաւագոյն գիտակներէն մէկն է։ Անոր հետաքրքրութեան առանցքը հայ հին եւ միջնադարեան ճարտարապետութիւնն է, աշխատած ըլլալով նաեւ մշակութային ժառանգութեան խնդիրներու մէջ, յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի վանքերու վերաբերեալ։ «Հարվըրտ»-ի հայագիտական ամպիոնը ստանձնած է 2022-ին, դառնալով առաջին կինը, առաջին հայը եւ առաջին արուեստի պատմաբանը որ այդ պաշտօնը կը վարէ։ Հայագիտական Ուսմանց եւ Հետազօտութեանց Ազգային Ընկերակցութիւնը շուրջ 70 տարուան պատմութիւն մը ունի՝ հայագիտութեան զարգացման ի նպաստ ամերիկեան գլխաւոր համալսարաններուն մէջ։ «Փրկենք հայկական կոթողները» կազմակերպութիւնը, որ հիմնուած է 2020-ին ու կ՚աշխատի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ, կը հետապնդէ հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումը, յատկապէս եկեղեցիներ, վանքեր, դամբարաններ, խաչքարեր, եւ այլն։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles