ԱՂՕԹՔ ԱՄԱՆՈՐԻ

0 0
Read Time:3 Minute, 28 Second

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Դեկտեմբեր 9, 1996

Քանկըրս, Նիւ Եորք

 

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…

Կաթիլներու ջուրին նման

վեր բարձրանան եւ ամպանան

ծածկեն գունտն այս ապականած

ու վար ցoղեն դանդաղօրէն եւ համօրէն

իջնեն գլխուն մէն մի մարդու եւ սրտերո՛ւն,

մաքրեն մաղձը ու նախանձը

մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

Սերմերու պէս դաշտին նետուած

ԽՈՀը ցնցուղ ցանեՍ մտքին մէն մի մարդու

եւ տաՍ անոր գիտակցութիւն՝

վեհին անեղծ

եւ վսեմին սրբամաքուր։

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր

Որ մարդուն մէջ

– կաւովն ափիԴ մարդկայնացած-

Որ մարդուն մէջ,

– Քու պատկերով ճիշդ քանդակուած-

Որ մարդուն մէջ,

– ՄԱ՛ՐԴԸ… ՄԱ՜ՐԴԸ չմահանայ…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

Ծանօթ- Սոյն բանաստեղծութեան երաժշտութիւնը յօրինեց երջանկայիշատակ Մեղրիկ Բարիկեան, եպիսկոպոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան, Անթիլիաս, Դեկտեմբեր 1998-ին եւ որը վերանայած է Օգոստոս 1, 2018-ին, Անթիլիաս:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝ «ԱՂՕԹՔ ԱՄԱՆՈՐԻ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

 

ՓՐՈՖԷՍՕՐ ՃԷՅՄՍ ՌԱՊԸՐԹ ՌԱՍԸԼ

Հարվըրտ Համալսարան, Մասաչուսէց

Հոկտեմբեր 1997

 

 

Լաւ բանաստեղծութիւնները կը ձեւաւորուին խոր մակարդակներու վրայ, որոնք անծանօթ են զիրենք ստեղծող գրողներու գիտակցական աշխարհին: Բանաստեղծութիւններ կան, որոնք պատկերներ կը բովանդակեն, յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ հնչիւնային համակարգեր կը ստեղծեն: Ասոնք դժուար կը հասկցուին առաջին ընթերցումով, կամ՝ խտացած հիւսուածքով ուղղագիծ տրամաբանութեամբ:

Մարգարեանի բանաստեղծութիւնը կը սկսի աղօթքով, որ՝ … ծառերը չմահանան:

«Ծառերը» բառը երեք բաղաձայն կը բովանդակէ: Առաջինը պայթուցիկ «ծա»ն է, երկրորդը, զօրաւոր թրթիռով «ռա» տառն է, որ կը խարսխէ «ծառերը» բառին պատկերը:

Երկրորդ տողը կրկնութիւնն է առաջինին, սակայն բանաստեղծը այս անգամ կ՛աղօթէ, որ՝ սէրերը չմահանան: «Ծառեր» բառին համանման այս բառը, «սէ» եւ «րէ» տառերով  կը մեղմացնէ նախկինին մէջ նշուած բաղաձայնային կարծրութիւնները՝ զանոնք վերածելով մեղմ հնչոյթներու, ե՛ւ էութեամբ, ե՛ւ ստորադասութեամբ:

Ծառերը ջուրով կը սնանին, եւ սէրը, բանաստեղծութեան առաջին տան մէջ, կը դառնայ ջուր, կը դառնայ ամպ, եւ երկրագունտին վրայ ցoղելով կը մաքրէ եւ կը սնուցանէ մարդուն ոգեկան էութիւնը:

Առաջին մասի երաժշտական աւարտին, բանաստեղծը կը հրամցնէ իր երկրորդ պատկերը, որը նոյնպէ՛ս, անձրեւի՝ դէպի-վար հոսքին նման, կրկին կը կամրջուի «ծառ» բներգին՝ այս անգամ ցանուած սերմին հետ – իմաստութիւն եւ լուսաւորուած խղճմտութիւն մատուցելով մարդ արարածին:

Մենք բանականօրէն մտային հունտ կը ցանենք, որը կ’աճի եւ դէպի վե՛ր կը սլանայ մեր գիտակցութեան մէջ:  Եւ այսպէս, Մարգարեան իր գրութեան երկրորդ տունով,  անձրեւի դէպի վար հոսքի ուղղութիւնը կը փոխէ դէպի վե՛ր՝ վեհ եւ վսեմ… բառերով: Վերջին երկու բառերը քրիստոնէական սրբութեան խորհրդանշաններ կը մատնանշեն …անեղծսրբամաքուր…:

Դէպի-վեր սլացքը մեզի դէպի Աստուած կը տանի, կերտողը մարդ արարածին, այն արարածին, որ ծառերու նման կաւով կամ կաւին մէջ կազմուած է: Բանաստեղծութիւնը կ՛աւարտի աղօթքով՝ որ մարդ արարածը չմահանայ – բառացիօրէ՛ն:

«Մարդուն մէջի մարդուն մահացում» արտայայտութիւնը տրամաբանական մեղմ հակադրութիւն մը կը ստեղծէ: Ինչպէ՞ս կարելի է իքսի մէջի իքսը մահանայ, առանց ամբողջական իքսը մահանալու: Յետագայ տողերը աակայն եւ բանաստեղծութեան հոլովոյթը կը լուսաբանեն այս հարցադրումը եւ կը լուծեն հակադրութիւնը:

Մարդը  նուաստացած էակ է առանց կարեկցութեան ջուրին եւ լուսաւորութեան հունտին: Առանց անոնց, ան չի կրնար հասնիլ մարդկային կարողականութեան իսկութեան: Կարեկցութիւնն եւ լուսաւորութիւնը վերուստ տրուած պարգեւներ են, եւ որոնց կարելի է հասնիլ միմիայն աստուածային շնորհքով, որը կը տրուի ի պատասխան աղօթքի աղերսին:

Հոմերոսեան իսկութեան տեսութիւնը, մարդը կը ներկայացնէ որպէս ծառ: Ծառին փոփոխուող տերեւները իր սերունդներն են, իսկ ճիւղերը, իր զաւակները. իսկ պատերազմը, սուր կացին է, որ սարերուն վրայի կաղնիները կը հատէ:

Երբ մարդը կը ձախողի մարդ ըլլալէ, պատերազմելու կը դիմէ:

Մարգարեան իր բանաստեղծութեան մէջ ներմուծած է հին հնդեւրոպական՝ մարդ-արարած-ծառ յարակցութիւնը, որը կը բացայայտուի նաեւ հայկական աւանդութեան՝ ծառն կենաց բառակցութեամբ: Մարգարեան ներմուծած է նաեւ Քրիստոնէական խորհուրդը՝ զայն  դրսեւորելով մտային, կառուցուածքային եւ լեզուական հնչեղականութիւններով:

Այս փոքրիկ գլուխ գործոցը իր արժանի տեղը կը գրաւէ Հայ բանաստեղծութեան անդաստանին մէջ:

Քսաներորդ դարու շարական մըն է այս բանաստեղծութիւնը եւ աղօթք՝ յաջորդ հազարամեակին

համար:

 Ծանօթ․- Փրոֆէսօր Ճէյմս Ռասըլ շրջանաւարտ է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա Համալսարանէն: Տոքոթորայի թէզը պաշտպանած է Լօնտօնի Համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան Բաժանմունքին մէջ: Դասաւանդած է Քոլոմպիա Համալսարան ապա ստանձնած է Փրոֆէսորի պաշտօն Երուսաղէմի Հիպրու Համալսարանին մէջ:

1993 – 2016 Պաշտոնավարած է Հարվըրտ Համալսարան, որպէս Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Փրոֆէսօր, Մերձաւոր Արեւելքի Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութեան Բաժանմունքին մէջ: Վարչական Անդամ է՝ Տէյվիս Կեդրոնի Ռուս եւ Եւրոասիական Բաժանմունքին մէջ: Փրոֆէսօր է նաեւ Հին Մերձաւոր Արեւելքի, Իրանական եւ Հայկական Կրթական Բաժանմունքին մէջ:

Համաշխարհային համբաւ վայելող գիտնականը, բազմաթիւ գիտական ուսումնասի-րութիւններու տէր է եւ  հեղինակ վեց համաշխարհայնօրէն ընդունուած անկիւնադարձային գիրքերու:

Ներկայիս կ’ապրի Ֆրէզնօ, ուր կը շարունակէ իր ուսումնասիրութիւնները: Ան նաեւ այցելու փրոֆեսօր է կարգ մը համալսարաններու մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles