ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ԲԱՐԵՋԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱԻՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 11 Second

 


Կիրակի, Դեկտեմբեր 17-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան ներկայ եղաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Պատարագին։ Պատարագիչն էր Արժպ. Տ․ Մեսրոպ Քհն․ Լագիսեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։

Առաջնորդ Հայրը քարոզի աւարտին յայտնեց, թէ այսօր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն վախճանման 20-ամեակին առթիւ հոգելոյս Տ․ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսին, որուն առաջնորդութեան օրերուն Ազգային Առաջնորդարանը ճոխացած էր նոր բաժանմունքներով եւ Թեմը աշխուժացաւ բազմակողմանի յայտագիրներով։ Սրբազան Հայրը նաեւ գուժեց Կիլիկեան ուխտի երիցագոյն անդամներէն՝ հոգելոյս Գերշ. Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցած էր նոյն առաւօտ։

Յաւարտ սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ նուիրատուներու ցուցատախտակի օրհնութիւնը, որ եկեղեցւոյ մուտքին հաստատոած էր բարերարութեամբ Թաշճեան ընտանիքին, ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Եդուարդ եւ Լուիզ Թաշճեաններու։ Արժպ․ Տ․ Մեսրոպ Քահանայ բարձրօրէն դրուատեց Թաշճեան ընտանիքի հաւատարմութիւնը եւ օժանդակութիւնը եկեղեցւոյ, յատկապէս պսակաձեւ ժահրի շրջանին եւ որ շարունակուեցաւ մինչեւ օրս։ Ան յայտնեց, թէ ցուցատախտակին վրայ պիտի գան աւելնալու բոլոր նուիրատուներու անունները։

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, «Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յուշ-յայտագիր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի վաստակին։ Խօսք առին հոգեւոր հովիւը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, լուսարձակի տակ առնելով հոգելոյս Սրբազան Հօր օրինակելի եկեղեցականի տիպարը, որ բազմատաղանդ ձիրքերով արժեւորած էր իր ծառայութիւնը Սփիւռքի թէ Հայրենիքի մէջ։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Տոքթ․ Հրանդ Մարգարեանի մէկ գողտրիկ գրութիւնը՝ ձօնուած լուսահոգի Սրբազան Հօր։

Զուգահեռ ոգեկոչման յայտագրին, տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան տարեկան պազարը։ Տ. Մեսրոպ Քահանայ քաջալերեց ներկաները որ իրենց լայն օժանդակութեամբ գնահատեն այս ձեռնարկը, որուն հասոյթը լրիւ պիտի յատկացուի տեղահանուած արցախահայութեան։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles