Երազիս Քրիստոսատիպ Այցելուն

0 0
Read Time:4 Minute, 30 Second

Պօղոս Գուբելեան

Ռիչմընտ, Վիրճինիա

    Եթէ գիշերները տեսած երազներուս մասին գրել սկսիմ, պէտք է գործ բան թողած, գրելով զբաղիմ ու զզուեցնեմ ընթերցողներս եւ անմիջական շրջանակս: Գրելու մէջ ալ մարդ պէտք է չափի զգացում ցուցաբերէ… Օր մը յանկարծ չգլտորուելու համար մոռացութեան գիրկը:

Բայց  այս մէկը պէտք է պատմեմ ինչ որ ալ ըլլայ գլխուս գալիք պատուհասը: Կարելի չէ երկար ատեն ճակատագրին տնօրինումէն հեռու ապրիլ,  ոչ ալ անոր ձեռքէն պրծիլ:

Տարիքի բերմամբ գիշերուայ ընթացքին, նուազագոյնը՝ հինգ վեց անգամ կ՝արթննամ ու կը փորձեմ վերստին քունի մատչիլ: Մինջ այդ օրուան ընթացքին պատահած բազմաթիւ եւ բազմաբեւեռ դէպքեր, կը տողանցեն երեւակայութեանս  պաստառին վրայ, յաճախ իրենց երթին առանց հետք մը ձգելու: Երբեմն ալ, չսպասուած մէկ պահուն, երազի վերածուելով,  յանկարծ առանց դռան զարկի կը յայտնուի ու ներս կը մտնէ այդ գիշերուայ այցելուն ու մեր միջեւ կը սկսի երկխօսութիւն մը կամ ալ բնաւ չսպասուած դէպքերու հետաքրքրական վերլուծումը: Սակայն գիշերուայ աղօթքներուս ըթացքին յիշատակուած դէպքերու հերոսները կամ ալ մահամերձ հիւանդները, քիչ անգամ այցի կու գան իրենց խոցուած սիրտը բանալով, քիչ մը թեթեւնալու ու ազատ շնչելու:

Թէեւ երազիս մէջ ամէն անակնկալ  կը սպասէի եւ ամէն տեսակ պատկառելի անձնաւորութեան այց կ՝ընկալէի…  բայց ոչ այս մէկը: Իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեայ, ութ տասնամեակներէ իվեր ծունկի գալով ջերմեռանդ աղօթքի պահերուն, Սուրբ Պատարագի ատեն կամ տանը մենութեանս մէջ փորձած էի զրուցել այդ նոյն Խաչեցեալ Արարիչին հետ, անոր տառապեալ Մօր ու միւս սուրբերուն հետ, սակայն իբրեւ նուիրու-միս երկնային պարգեւ,  օր մը օրանց անոնցմէ որեւէ մէկը երազներուս մէջ չէր յայտնուած: Ոչ ալ այդպիսի հրաշք մտքէս անցուցած էի: Կ՝երեւի աշխարհիկ ու հոգեւոր մեր կեանքին կարգն ու  սարգն էր այս:

Արդ, այդ գիշեր պատահած անակնկալ այցելութիւնը՝ ուղղակի շշմեցուց զիս: Եղբայր, այս մեղաւոր անձը ո՜վ է որ երկնային նման շնորհի արժանանար: Ի դէպ ըսուած է որ երկրաւոր մեր կեանքին մէջ անկարելի բան չկայ, ոչ հոգեւոր տարածքին մէջ, եւ ոչ ալ առօրեայ վազքի ընթացքին:

Ուրեմն թոյլ տուէք որ պատմեմ երազիս պարունակութիւնը:

«Յետ միջօրէ էր երբ հիւրասենեակը, լէփթափիս  ետին նստած կը պարապէի: Անկեղծ ըլլալու համար գրութեան մը մէջ մխրճուած էի հեռուստատեսիլին կողմը ատենը անգամ մը հետաքրքիր ակնարկ մը նետելով, փորձելով զոյգ հաճոյքները միախառնել, եթէ այս օրերուս հեռուստակայան մը դիտելու արարքին մէջ կռիւէ ու նախճիրէ զատ հոգիդ բաւարարող լուր ու դէպք մնացեր է:   Առանց տատամսումի, տեղէս ելայ ու դէպի մուտքի դուռը ուղղուեցայ: Այցելուն երեսուն տարիքը նոր թեւակոխած, հայախօս գեղադէմ երիտասարդ մըն էր, որուն խանդավառութիւնն ու վարակիչ ժպիտը զինք հաճելի ներկայութիւն մը կը դարձնէին:                        -Յիսուս Քրիստոս… ըսելով անայլայլ ինքզինք ներկայացուց նորեկը:

Ես ալ կատակելու սիրոյն՝

-Պօղոս Առաքեալ… պատասխանեցի ենթադրելով որ նորեկը զիս ձեռք կ՝առնէր:

Առաջարկուած բաժակ մը խմիչքը  չմերժեց, հայկական գինին նախընտրելով ու միշտ իրեն յատուկ ժպիտը պահելով, ընկերական մտերմիկ խօսակցութեան ձեռնարկեց, առանց վերէն առաքուածի հովեր առնելու:

Օրուան հրատապ հարցերու մատչեցանք, նորոգ հանգուցեալ Գոջունեանին մահը սգալէ  ու երկուորեակ եղբօրս՝ Փիէռին եւ ընտանի-քիս միւս անդամներուն առողջական վիճակին անդրադառնալէ ու զա-նոնք օրհնելէ ետք, անցանք օրուան քաղաքական հրատապ հարցերուն:

-Տէր իմ… Ի՜նչ պիտի ըլլայ մարդկութեան վերջը, նախամարդէն իվեր,  չենք դադրած իրար կոտորելէ ու զիրար ոչնչացնելու փորձեր կատարելէ…

-Ես ալ չեմ հասկնար կոր անասնական այդ կիրքն ու բնազդը, որ տեղ գտած է այնպէս կոչուած քաղաքակիրթ ժողովուրդներու մէջ, ինչպէս  այսպիս պարագաներուն հայերդ կ՝ըսէք՝ այն տիրելատենչական վերաբերմունքը, իրենց հպատակեցնելու սաղ մարդկութիւնը, տիրելու անոր հարստութեան եւ ինչքերուն…  Ձեր պարագային՝ տակաւին թուրք ցեղը իր մէջ պահած է տիրելու, ջարդելու գազանային բնազդը որ դարձեալ դրսեւորեց Ղարաբաղեան պատերազմին: Ազերին, առանց Թուրքիոյ նեցուկին ու թրթումին, պիտի չհամարձակէր Ղարաբաղի վրայ յարձակիլ: Արեւմուտքն ու Ռուսիան, ձեռնածալ դիտեցին այդ սոսկալի ողբերգութիւնը, առանց մատը մատին դպցնելու:

-Հապա Ռուսիոյ սարքած նախճիրը, Ուքրանիոյ մէջ…

-Հոն ալ Արեւմուտքին մատը տեսանելի է… Որուն հոգը Ուքրանեան Նաթոյի անդամ եղեր է կամ ոչ…

-Այդ քու մարդասէ՜ր Ամէրիկան, միլիարտներ կը ներդրէ Ուքրանիոյ եւ Իսրայելի պատերազմական ճիգերուն, երբ իր փողոցները կը վխտան օրուայ հացին կարօտ անտունիներով…

-Տէր իմ, պաղեստինցի-հրեայ անհոգի կոտորածները եւ անմեղ մանուկներու ջարդը ինչպէ՜ս բացատրել…

Յիսուս յուզուած պահ մը լռեց… ապա՝ Քրիստոսը խաչող հասարակութիւնը, պաղեստինցի արաբին պիտի խնայէ՜ր…

 Գալով կրօնական հարցերուն՝ այն հարցումիս թէ ինք Աստուած-Որդին, մարդկութեան խոնարհութեան պատգամ մը տալու համար, նախընտրեց ախորի մէջ ծնիլ, երբ կարող էր Հռովմի կայսէր պալատը աշխարհ գալ… Իսկ իրէն ծառայողները, թագավորական վեղար ու թագ կը կրեն պատարագի ատէն եւ անկէ դուրս ալ… այս ի՝նչ հակասութիւն է զոր հաւատացեալներու խոշոր մէկ տոկոսը կը գայթակղեցնէ…

-Աղբարիկ, կղերը մի այպանէր… մեծ մասամբ խոնարհ դասակարգի ծնունդ է: Հայերէն ասացուածք մը կայ եթէ չեմ սխալիր,  ( Չտեսաւ ծառից կախ, տեսաւ ճակտից կախ…) Ասոր հետ մէկտեղ, դարերու աւանդութիւն է, որուն համար դարձեալ կը կրկնեմ, կղերը կարելի չէ մեղադրել…

-Զիս չարչրկող ուիշ հարց մը Տէր իմ… Հապա Քրիստոսի եկեղեցիին բաժան բաժան ըլլալու պարագան, ինչո՜վ բացատրել… Ինչ՜ու միանալով հզօր ուժ մը չդառնան… Մենք, Կիլիկեան Աթոռի վրայ կաթողիկոս մը ունինք, Արամ Ա անունով, որ մտաւորական գետնի վրայ այնքան կարող է ու զօրավոր անհատականութեան տէր… կրնար Հռովմի ապագայ Քահանայապետը դառնալ եթէ միանայինք…

Քրիստոսին պատասխանը՝

-Այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանինք կոր… Մեր ալ իղձն է ամբողջ մարդկութիւնը միացած տեսնել քրիստոնէութեան մեծ ընտա-նիքին մէջ… Հոգ մի ըներ, ախպեր ջան, բոլոր քրիստոնեաները վերջին հաշուով նոյն հաւատալիքներու, նոյն ծիսակատարութեան կը հետեւին…  մնացեալը երկրորդական է ու ժամանակի հարց :

-Իսկ քու գրական ստեղծողական կեանքդ ի՜նչ ջուրի վրայ է… հարց տուաւ Քրիստոս:

-Տէր իմ այդ էջը չբանանք… հրատարակութեան պատրաստ՝ տասնեակ մը անտիպ գործեր ունիմ… Առաջ, երկու հազար օրինակով կը հրատարակուէին նոր գործերս ու ամբողջութեամբ կը սպառէին: Հիմա գիրք կարդացող չի մնաց: Նուէր ալ տաս կը մերժուիս: Հայ գրողներս երկնային հրաշքի կը սպասենք մեր անտիպներու հրատարակութեան համար…

Ու Քրիստոս շուարած գինիի գաւաթը քովընտի սեղանիկը դնելով, ոտքի կանգնեցաւ ու մեր յարկը օրհնելէ ետք մեկնելու պատրաստուեցաւ:

-Մի յուսահատի՜ր լոյսը տեղէ մը կը ծագի… եղաւ անոր յուսադրիչ պատասխանը:

Առիթ չունեցայ սրտիս ծանրացող կուսակրօնութեան հարցը արծարծելու…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles