ԶԱՐԵՀ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ․- ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՈՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀԱՅՈՐԴԻՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second

 

Միացեալ նահանգներու Նիւ Եորք նահանգի Ալպընի քաղաքի հայութիւնը վերջերս կորսնցուց իր ականաւոր դէմքերէն՝ Զարեհ Ալթունեանը, որու յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15-ին, Ալպընիի մէջ: Անողոք հիւանդութեան պատճառած երկամեայ տառապանքին հետեւանքով անոր մահուան գոյժը խոր սուգ պատճառեց իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Անոր ծնողները, յատկապէս՝ մայրն ու մօրեղբայրները բռնագաղթուած են Պոլսոյ արուարձաններէն՝ Ատապազարէն (այժմ՝ Սաքարիա) դէպի Եգիպտոս, Գահիրէ, ուր մեծ ներդրում ունեցած են քաղաքի եւ անոր հայկական գաղթօճախի ծաղկումի ճիգերուն մէջ: Հայրը՝ Քերոբ, եղած է Գահիրէի ականաւոր դեղագործներէն: Իսկ երկու հօրեղբայրները գերազանց իրագործումներ արձանագրած են որպէս ճարտարապետ եւ ճարտարագէտ, անջնջելի հետք ու դրոշմ թողելով եգիպտական կառավարութեան մօտ: Հայկական արմատներու տեսլականներու հետքերով շնչող ընտանեկան ջերմ յարկին տակ ուսանող Զարեհ եւ Զաւէն Ալթունեան եղբայրներ Գահիրէի ամերիկեան համալսարանին մէջ իրենց արձանագրած կրթական փայլուն արդիւնքներով կ՛արժանանան կրթաթոշակի: Այս իրագործումը կ՛ըլլայ այն կանաչ լոյսը, որ զոյգ եղբայրները կը խթանէ դիմելու հեռաւոր արեւմուտքի մէջ կատարելագործելու իրենց բարձրագոյն ուսումը: Զաւէն կը դիմէ Մոնրէալ, ուր կը վարէ Մըքկիլ համալսարանի բնագիտութեան ամպիոնի տնօրէնի, դեկանի պաշտօնը: Մինչ Զարեհ կը յաճախէ Նիւ Եորքի Թրոյ քաղաքի Ռենսելըրի բազմարուեստ Rensselaer Polytechnic Institute/RPI հիմնարկը, ուր գերազանցօրէն կ՛աւարտէ որպէս Կառուցուածքային ճարտարագէտ: Տաղանդաւոր ճարտարագէտը ընտանեկան երջանիկ բոյն մը կը կազմէ ամուսնանալով Անահիտ Օհանեանի հետ, որ իր մահկանացուն կնքեց մարտ 2022-ին: Իրենց մասնագիտական ասպարէզի կողքին, Ալթունեան ամոլը կը լծուին նաեւ միութենական կամաւոր աշխատանքի, մեծապէս օգտակար դառնալով իրենց պատկանած հայկական թէ ամերիկեան տեղական հաւաքականութեան ծառայութեան, օժանդակութեան պատրաստակամութիւն յայտնելով հոն՝ ուր որ պէտք էր: Անոնք սիրուած, յարգուած ու բարձր գնահատուած էին բոլոր անոնց կողմէ, որոնք բախտը ունեցած էին զիրենք մօտէն ճանչնալու:

Անոնք մարդկային ու ազգային առողջ դաստիարակութեամբ ու խոր գուրգուրանքով կը պարուրեն ու կը կրթեն իրենց զաւակը՝ Ռաֆֆին:

Ալթունեան ամոլի ամուսնական սկզբնական տարիները խճողուած ու զբաղեցուած էին միջազգային յանձնարարականներու իրականացմամբ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ: Ճարտարագէտ Զարեհ իր հմտութեամբ ելեկտրակայաններ կառուցած է զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Պրազիլ, Չինաստան, Սէուտական Արաբիա, Ինտոնեզիա …: Իր պաշտօնավարած ընկերութեան մէջ, Զարեհի ցուցաբերած նուիրումն ու տքնաջան աշխատասիրութիւնը յանգեցան անոր պաշտօնի բարձրացման որպէս Ծրագրի աւագ ճարտարարգէտ «Ճենըրըլ ելեքթրիք» ընկերութեան մէկ յատուկճիւղին մէջ, Նիւ Եորք՝ անջնջելի դրոշմ ձգելով իր շուրջիններու կեանքին վրայ:

Հանգուցեալ տիկին Անահիտ Ալթունեանի ընկերային թէ բարեսիրական նուիրեալ գործունէութեամբ ու անոր ամուսնոյն՝ հմուտ ճարտարագէտ Զարեհ Ալթունեանի գերազանց իրագործումներով, Ալթունեան ամոլը ցոլացուց հայու նկարագրային հիմնական յատկանիշներէն՝ աշխատասիրութեան, ծառայասիրութեան ու խաղաղասիրութեան տարրական գիծերը: Ի վերջոյ, այս չէ՞ աշխարհասիւռ հայու մարդկային թէ ազգային գաղափարախօսութեան տեսլականն ու առաքելութիւնը՝ ազատ, անկախ ու գերիշխան հայրենիքի մէջ թէ այլուր ապրիլ խաղաղ ու անդորր կեանք, միաժամանակ ծաղկեցնելով ու ծառայելով սեփական ընտանիքին, հաւաքականութեան, հայրենիքին ու մարդկութեան: Իսկ ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան «մշակոյթը» կարելի է իրագործել այլազան ոլորտներու մէջ, անձնուիրութեամբ ու զանազան ոճերով եւ միջոցներով: Ոմանք գրիչով, ուրիշներ՝ զէնքով ու մարտունակութեամբ, արուեստի ստեղծագործութեամբ ու վրձինով, նիւթական բարեսիրութեամբ, մտաւորական ներուժով, շինարարութեամբ, մարզական թէ ազգօգուտ ու օգտակար ճիգերով ու այլ հնարքներու իրագործումով: Զարեհ եւ Անահիտ Ալթունեան ամոլը պարկեշտօրէն ծառայեց իր ազգին ու հաւաքականութեան ու կատարեց իր ներդրումը, հատուցեց իր «ճիտին պարտքը»:

Խունկ ու ծաղիկ շիրիմիդ, ազնիւ հայորդի:

 

Սգակիր  մը                                                                                                                                                     

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles