ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ

0 0
Read Time:1 Minute, 41 Second

Ա.Ա.

   2023 տարին հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ կը ձգէ սեւ էջ մը՝ Արցախի ամբողջական հայաթափմամբ։ Նախ ինը ամիս շրջափակման ենթարկուելէ ետք, Արցախի բնիկ ժողովուրդը քանի մը շաբթուան ընթացքին տեղահան եղաւ իր հայրենիքէն՝ ատրպէյճանական կարճատեւ զինուորական գործողութենէ մը ետք։ Արցախցիները մազապուրծ փրկուեցան ստոյգ մահէ եւ ապաստան գտան Հայաստանի մէջ, ուր տեղաւորուեցան եւ այսօր կացութիւնը այնպիսին է, որ արցախցիները կը գտնուին իրենց հայրենիքէն հեռու՝ հայրենիքի մէջ։ Այս կացութիւնը կատակաողբերգութեան բացառիկ իրավիճակ մըն է։ Արցախէն վռնտուած՝ բայց Հայաստան հայրենիքի մէջ, ուր արցախեան երազն ու հայաստանեան իրականութիւնը զիրար կը խաչաձեւեն։

    Ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն վտանգէն եւ ցեղասպանութենէ մը խոյս տալով, արցախցիները այսօր կը ջանան իրենց առօրեան յարմարեցնել նոր իրավիճակի մը, ուր գաղթական են մայր հայրենիքին մէջ։ Գէթ հոգեբանականօրէն, թէկուզ տուն- կացարան-աշխատանք կը դասաւորուի եւ դասաւորուած է։ Արցախցին իր հողէն պոկուած է։ Ասիկա է իրականութիւնը եւ հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական իրավիճակին մէկ շերտը ըլլալով՝ Արցախ այսօր ամբողջութեամբ ինկած է ատրպէյճանական գրաւման տակ։

     Բայցեւայնպէս վերադարձի յոյսը կ՛ապրի ու պիտի շնչէ, այնքան ատեն որ արցախցիները Հայաստանէն ալ չեն գաղթած եւ մայր հայրենիքին մէջ համախումբ կ՛ապրին, օրն ի բուն ջանալով եւ գործելով՝ Արցախ երազը իրենց հետ ապրեցնելով։ Ասիկա  այնպիսի կացութիւն մըն է, որ բարոյահոգեբանական մասնայատուկ իրավիճակներու կ՛առաջնորդէ արցախցիները։ Ըլլալ եւ ապրիլ մայր հայրենիքին մէջ՝ երազելով եւ սպասելով Արցախ վերադարձի ձեռնտու պայմաններու։

     Սակայն պէտք է ըլլալ իրապաշտ եւ ընդունիլ,որ Արցախ վերադարձի ձեռնտու պայմաններ ներկայիս չկան։ Հորիզոնին վրայ նոյնիսկ չեն երեւիր վերադարձի յոյսը իրականութիւն դարձնելու տուեալներ, որոնց ստեղծման համար չկան նաեւ համապատասխան լծակներ։ Այս դառն իրականութիւնը 2023 տարուան տարօրինակ յատկանիշերէն մին է եւ ամբողջ հայութիւնը դէմ յանդիման կը դնէ նոր իրավիճակին յարմարելու պահանջին հետ։ Պահանջ մը, որ ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ միասնականութիւն։ Նաեւ՝ պետական մակարդակի վրայ արտաքին կշռադատուած եւ հաւասակաշռուած քաղաքականութիւն, ուր ամէն բանէ առաջ նկատի կ՛առնուին հայութեան, ամբո՛ղջ հայութեան շահերը։ Զանոնք իրարու միահիւսելով, դրսեցիի եւ տեղացիի հոգեբանութենէն միանգամընդմիշտ ձերբազատելով, Արցախի հարցը մնայուն ուշադրութեան առարկայ դարձնելով, Հայաստանի պետութեան գերագոյն շահերը գերադասելով անձնական նեղմիտ շահերէ։ Միասնականութիւն եւ կշռադատուած արտաքին քաղաքականութիւն։ Երկու հզօր զէնքեր, որոնց կարիքը ունի ամբողջ հայութիւնը, Երեւանը, Ստեփանակերտը եւ Սփիւռքը։ Արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուները պարտին այս իրողութիւնը մտահան չընել։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles