ԷՎՐԵԿԱ, EUREKA… ՎԻԼՔԻՖԻՔԱՑԻԱ… ՎԱՍՆ «ԱՐԴԻ»-ԱՑՄԱՆ
Երեւանաբնակ արեւմտահայ մտաւորական մը, ելեկտրոանային նամակով հայերէնի մէջ որպէս նորարարութիւն եւ հարստացում մուծուած նոր բառ մը ղրկած էր, որպէսզի ճոխացնեմ «նորահայերէնի բառարան»ս: Հայ լեզուի նոր «սիթիզըն»ը՝ ՎԻԼՔԻՖԻՔԱՑԻԱ: Ճիգ ըրած էր իմաստը հասկնալու: Արդիականները իրենք ալ նոյն ճիգը թող ընեն, եթէ արդէն չեն գիտեր:
«Վիքիֆիքացիա»ն աւելցուցի ամերիկահայերէնէ եւ այլ լեզուներէ ներածուող «նորահայերէն» բառերու վրայ, որպէսզի համեստ ընթերցողները չփախցնեն յառաջդիմութեան( եւ օտարման) ճեպընթացը: Քանի որ համաշխարհային ազգ ենք եւ ամերիկերէնը (գրեթէ) համաշախարհային լեզու է, հետեւաբար հայերէնը փոխարինող հայու լեզու:
Վիլքիֆաքցիական նորահայերէնը եթէ կ’ուզէք հասկնալ, պէտք է սորվիք նաեւ գործածել գործածական ուրիշ բառեր ալ, ինչպէս՝ սքոլըրշիփ,ստվերային դիրիժոր, ստրատեգիա, ստրուկտուրա, սցենար, սքրոլերի դիզայն, վալերյանկա, վալյուտային, վակխանալիա, վակուում, վակցինա, վակցինացիա, վաուչեր, վասալ, վդրուգ, վեկտոր, վենդետա, վենտիլյացիա, վերապլոֆիրավորել, վերաֆորմատաւորման, վերբալ, վերբալիզացիա, վերբալ ագրեսիա, վերբովկա, վերդիկալացնել, վերսիա, վերտիկալ, վերտուուոզությամբ, վիզուալ, վիզուալիզացիա, վինտ, վիբրացիա, վենտիլյացիա, վիքենդ, վիտրաժ, վիտրինա, վիրտուալ, վճարային տերմինալներ, վոլյունտարիզմ, վոլոնտյոր, վոկալ, վոյաժ, չմոռնալ մեր դրացիի «վախտվա»ն, վակուում,վակցինա, վասաածալ, վենդետա,ագրեսիա, վերբովկա, վերիֆիկացիա, վերսիա, վերտիկալ, վերտուուոզությամբ, վիզուալ, վիզուալիզացիա, վինտ, վիբրացիա, վենտիլյացիա, վիքենդ, վիտրաժ, վիտրինա, վիրուս, վիրտուալ...
Այս ճիգը ըրի, որպէսզի մէկ ազգ ըլլալու համար նոյնբառերով նոյն լեզուն խօսինք:
Եթէ ամէն բան չհասկնաք, դիմեցէ՛ք դեսպանին, հիւպատոսին կամ լեզուի պետական տեսչութեան: Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ պատասխան կը ստանաք:
Թէեւ այս միտքերը «վախտվա» են: Եթէ անհանգստանաք, Կրնայ պատահիլ որ կը հրաւիրուիք կամ դիմէք… որպէսզի ՎԵՐԱՖՈՐՄԱՏԱՒՈՐՄԱՆ ենթարկուիք: Ազգի միութիւն-միացումը տեղէ մը պէտք է սկսիլ:
Կը զարմանամ որ, Երեւան բնակող արեւմտահայ-սփիւռքահայը դեռ չեն դատած եւ ՎԵՐԱՖՈՐՄԱՏԱՒՈՐՄԱՆ չեն կանչած… Արտագաղթած հայաստանցիները որ սփիւռքահայ են արդէն, մեկնումէ առաջ ՖՈՐՄԱՏԱՒՈՐՈՒԱԾ կ’ըլլան: Ոմանք ալ կարծէք իրենք զիրենք կոչած են «հին» սփիւռքահայերը, անոնց դպրոցները, լրատուամիջոցները եւ բեմերը ֆորմատաւորելու դերին: Հաւկուրութենէ տառապող, կապկող եւ ծափահարող կրպակային բանգէտներ ալ կան:
Մակար ի Գաղիա, 6 Դեկտեմբեր 2023