Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Զեկուցական Ժողովը

0 0
Read Time:3 Minute, 12 Second


ԵՐԵՒԱՆ.-  Շաբաթ,Նոյեմբեր 18-ին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած զեկուցական ժողովը` մասնակցութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանի եւ տարբեր մարզերէ եկած մեծ թիւով Հ.Օ.Մ.-ուհիներու:

Ժողովը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան բարի գալուստի քաջալերական խօսքէն ետք զեկուցեց Հ.Օ.Մ.-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովի արդիւնքներուն մասին` անդրադառնալով անոր որդեգրած բանաձեւերուն, նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անուանացանկին եւ ապա կեդրոնացաւ հայրենազուրկ դարձած արցախահայութեան ցարդ տրամադրուած եւ մօտ ապագային տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն:

Արցախահայերու օգնութեան հասնելու առաջին արձագանգը ստացուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Աւստրալիոյ միաւորէն, որ տեղի պետական մարմիններու եւ Հայ Դատի յանձնախումբին համագործակցութեամբ հանգանակեցին 24 հազար ամերիկեան տոլար: Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի միաւորի տնօրինութեամբ Արցախի ներկայացուցչութեան միջոցով արցախահայութեան տրամադրուեցան 440 արկղ սննդամթերք եւ մաքրութեան առնչուող ապրանքներ: Վերոնշեալ արկղերուն պատրաստութեան մասնակցեցան նաեւ Աւստրալիայէն Հայաստան եկած պետական պատուիրակութեան անդամները:

Օգնութեան առաջին այս փորձը յաջողութեամբ կատարելէ ետք շրջանի Հ.Օ.Մ.-ը` համագործակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան, աւելի քան հարիւր արկղ սննդամթերք, հագուստ եւ մաքրութեան առնչուող իրեր տարին Գորիս եւ բաժնեցին այնտեղ հանգրուանած արցախահայութեան:

Այնուհետեւ, Հ.Օ.Մ.-ը ընդարձակելով օգնութեան իր շրջանակը եւ համագործակցելով շրջանի ուղեկից կազմակերպութիւններուն եւ արտասահմանեան զանազան երկիրներէ կամաւորաբար հայրենիք եկած հայորդիներուն հետ, աւելի քան հազար արկղ սնունդ եւ մաքրութեան առնչուող ապրանքներ պատրաստեց եւ բաժնեց հայրենի տարբեր մարզերու մէջ հաստատուած արցախցիներուն:

Այս աշխատանքներուն զուգահեռ, ամէնօրեայ յաճախականութեամբ Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոն կ՛այցելեն հարիւրաւոր անձնազոհ հայեր եւ իրենց օգնութիւնը կ՛առաջարկեն Հ.Օ.Մ.-ին, կ՛այցելեն արցախցիներու տուներ եւ օգտակար կը հանդիսանան անոնց նիւթապէս եւ կը տրամադրեն սնունդ, հագուստ, անկողնային եւ խոհանոցային իրեր:

2023 թուականի Հոկտեմբեր 16-21 Հայաստանի մէջ գումարուած Հ.Օ.Մ.-ի Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական ժողովի մասնակից պատգամաւորները եւս մեծապէս օգտակար հանդիսացան արցախահայութեան: Անոնք եւս այցելեցին եւ իրենց օգնութեան ձեռքը մեկնեցին արցախցի իրենց հայրենակիցներուն:

Բռնագաղթուած արցախահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները առաւել կազմակերպուած կատարելու հեռանկարով ստեղծուած է կեդրոնական յանձնախումբ, որուն ծրագրային աշխատանքներուն մէջ ներառուած են կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներ:

Կարճաժամկէտ ծրագիրներու առաջնահերթութիւնը սնունդի բաժանումն է, որուն համար Հ.Օ.Մ.-ը շաբաթներ շարունակ արձանագրութիւններ կատարեց, որպէսզի բաժանումը կանոնաւոր կատարուի: Ներկայ դրութեամբ աւելի քան հինգ հազար ընտանիք արձանագրուած է: Այս ծրագրի ծիրին մէջ Հ.Օ.Մ.-ի հետ համագործակցած է «Մենք ենք մեր սարերը» հասարակական կազմակերպութիւնը` քսան հազար թոն դդմաճեղէն, Լինտա Հաննան` երկու թոն խնձոր նուիրելով: Նկատի ունենալով, որ Հ.Օ.Մ.-ի օգնութեան դաշտը շատ ընդարձակուած է, ինչպէս նաեւ ակնարկուած հինգ հազար ընտանիքներուն համար սնունդի օժանդակութիւնը կազմակերպելը եւ արագ հասցնելու կարեւորութիւնը էական է, Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է արցախցիներու արձանագրութիւնները: Արձանագրումներու նոր թուականը պիտի յայտարարուի Հ.Օ.Մ.-ի դիմատետրի էջին միջոցով:

Երկարաժամկէտ ծրագիրներու մասով յանձնախումբը ծրագրած է բանալ Ընկերային ծառայութեան կեդրոն, մատուցել հոգեբանական ծառայութիւն եւ բժշկական ծառայութիւն (Մօր ու մանկան ծննդատան օրինակով): Այս ծրագիրներու իրականացումը ուսումնասիրութեան փուլի մէջ է, եւ միջոցներ կ՛որոնուին զանոնք լաւագոյնս նախաձեռնելու համար:

Իսկ կրթական-մշակութային աշխատանքները արդէն իսկ նախաձեռնուած են Համազգայինի եւ սկաուտական-երիտասարդական Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.) ճամբարներու միջոցով:

Պէտք է ընդգծել, որ Հ.Օ.Մ.-ի մարդասիրական այս ծրագիրներուն մէջ մեծ է ներդրումը Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան գրասենեակին եւ մասնաճիւղերուն, որոնք Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ընդհանրական աշխատանքներուն (սնունդի արկղեր պատրաստել, բաժնել) մասնակցութիւն ունենալու զուգահեռ, առանձին օգնութիւններ կը ծրագրեն եւ կը տրամադրեն իրենց շրջապատին մէջ ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած արցախահայութեան: Այս իմաստով առանձին ներկայացուեցան Հ.Օ.Մ.-ի գրասենեակի եւ մասնաճիւղերու հարիւրաւոր ընտանիքներուն մատուցուած տարաբնոյթ օգնութիւնները:

Ժողովի վերջին բաժինին մէջ իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի միաւորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանը: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն, որոնք գրկաբաց ընդունեցին եւ օժանդակեցին արցախահայութեան:

Արդիւնաւէտ այս զեկոյցէն ետք լուսաբանական հարցումներու առիթ տրուեցաւ: Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ հրաժեշտ տուին` իրենց օգնութիւնը աւելի ընդարձակ եւ ոգեւորութեամբ շարունակելու պատրաստակամութեամբ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles