ՅԻՇՈՂՈՒԹԵՆԷ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԷ ԵՒ ԽԻՂՃԷ ՄԵՐԿԱՑԱԾ ԽՌՈՎ  ԱՇԽԱՐՀԻ ԴԻՄԱՑ

0 0
Read Time:5 Minute, 46 Second

Յ. Պալեան

                        Եթէ աշխարհի մեծերը եւ անոնց հետքով ընթացող մեծ ըլլալու կիրքով վարակուածներ, փառասէրներ, ցեղապաշտներ եւ նիւթապաշտներ, որոնք իրենք իրենց շնորհած են մարդոց եւ ազգերու ճակատագիրը տնօրինելու, անոնց կեանքերուն հետ խաղալու իրաւունք, ունենային ճշմարիտ բարոյականութիւն, մարդիկ աւելի խաղաղ կ’ապրէին:  Եթէ անոնք տարրական իրատեսութիւն ունենային, կեղծիքը բարոյականութիւն չհամարէին,կը  հասկնային, որ կը մեղանչեն մարդկութեան դէմ, ոչ ասոր կամ անոր դէմ: Անոնք գլխիվայր շրջած են հազարամեակներու քաղաքակրթութեան նուաճումները, արժէքներու համակարգը, վերադարձ կատարուած է անտառ-ջունգլիի օրէնքին, որ վաղ թէ ուշ, արձակուած պումըրանկի պէս պիտի հարուածէ նաեւ զիրենք:

            Այս խառնարանին մէջ, մեր ժողովուրդը, խոստումները հնչուն դրամ համարելու միամտութենէն պէտք է բուժուի: Կը բուժուի՞: Անհատներու ընչաքաղցութեան եւ փառասիրութիւններու վարակի պատճառով չի բուժուիր եւ ազգը կ’ընթանայ շարժող աւազներու ուղիներու վրայ, տէր չ’ըլլար իր ճակատագրին եւ ինքնութեան:                       

            Վերջին երկու դարերուն գործուեցան ցեղասպանութիւններ: Անոնք կրնան կրկնուիլ, եթէ մարդկութիւնը վատութեամբ լռէ, եւ չարիքները համարէ պարզապէս կատարուած իրողութիւն:   Մարդոց եւ ժողովուրդներու զլացուեցաւ արեւին տակ տեղ ունենալու, իրենց հայրերու հողին վրայ ապրելու եւ անոնց կողքին հանգչելու իրաւունքը:

            Հայրենիքներ բռնագրաւուեցան եւ ժողովուրդներ հայրենահան եղան, դարձան տնազուրկ, արմատախիլ, դատապարտուեցան շարունակութիւն չըլլալու եւ այլանալու: Այդ եղաւ մեր ժողովուրդին վիճակուած ճակատագիրը, եւ այդպէս  կը շարունակուի կրկնուելով: Առատաբան միջազգային համայնքը կը դիտէ, այդպէս ալ մեղսակից կ’ըլլայ եւ անդին կը նայի:

            Հակառակ մասնակի մնացած եւ շահախնդրական-թատերական խօսքերով դատապարտութիւններու, որոնք թուղթեր փճացուցին, բեմեր եւ խօսափողեր զբաղեցուցին, ցեղասպանական ժահրը կը մնայ հզօր, անոր աղէտ-աւերները եւ հետեւանքները մեր առօրեան են: Պատերազմներ եւ արիւնահեղութիւններ արդարութիւն եւ իրաւունք չհաստատեցին, չստեղծուեցան այն պայմանները, որ մարդիկ կողք-կողքի ապրին, առանց նախամարդուն յատուկ անասնական ջունգլիիանտառի օրէնքի բնազդներու ազատ ընթացք տալու:

            Մեր մոլորակային  դարձած եւ  մէկութիւն ըլլալու պայմաններէ բրտութեամբ զրկուած ժողովուրդը եւ ընդհանրապէս մարդկութիւնը,  ինքնախաբէութեան հնարներով կ’ապրին, որոնցմէ ամենախոշորը Միացեալ Ազգերու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆն  է, ՄԱԿը: Ինչպէս իր անունը կ’ըսէ, ան ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ է ՄԻՈՒԹԻՒՆ եւ  միացնող չէ: Ան շահերու համակարգման բեմ է, ուժի եւ բրտութեան համակեցութեան կազմակերպուած թատրոն է,  բայց ոչ ԳԼԽԱԳԻՐ ԻՐԱՒԱՆՑ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՄԱՐՄԱՐԻ ՎՐԱՅ ԴԱՋՈՒԱԾ ԿԱՆՈՆ: Ան հզօրի իրաւունքի շպարումով օրինականացման եւ հանդուրժողութեան  հանդիսավայր  է, ուր տեւաբար կը խաղցուի առակագիրի «ամենազօրաւորի օրէնքը միշտ լաւագոյնն է» դիպաշարով (սենարիօ) կատակերգութիւնը:

            2023 տարուան նոյեմբեր ամիսը ահաւոր չարութիւններու եւ չարիքներու հանդէս եղաւ. առեւանգում,  պատանդներ, ահաւոր ոճիրներ, աւերներ, քաղաքային բնակիչներու սպանութիւն, փլատակներ, ծնելու իրաւունքէ զրկուածներ: Համագումար՝ մարդու եւ կեանքի դէմ նմանին կողմէ գործուած սպանդ, ժամանակի գիծին վրայ կրկնուող քաղաքական համարուած  հանդէսներ: Մենք ալ հեռատեսիլի պատուահանին առջեւ նստած անզօր կամ անտարբեր հանդիսատես

            Այդպէս եղաւ հայուն կեանքը, դարուն սկիզբը, կրկնուեցաւ նաեւ այսօր, դարը չաւարտած: Իրենք զիրենք իրաւարարութեան կոչածներ, օթեակներու մէջ նստած՝ դիտեցին եւ կը դիտեն:

            Քաղաքակիրթ համարուած մարդկութիւնը, անմիջականի պատկերներէն հեռանալով, այսօր ալ ինչո՞ւ չտեսաւ, չուզեց տեսնել, որ իր պատմական ՀՈՂ-ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ մէջ ապրող ժողովուրդ մը, արցախահայութիւնը, տեղահանուեցաւ, հայրենիք կորսնցուց, իր յիշողութեան առանցքը կազմող յուշարձաններ եւ սրբավայրեր զինու զօրութեան աւար եղան,  Կովկաս կոչուած աշխարհագրական բացատրութեամբ քարտէսի անտես կէտին վրայ: Հազարամեակներու ներկայութիւն ունեցող ժողովուրդը, ջունգլիի օրէնքով գործող եկուորներու կողմէ օտարուեցաւ իր հող-հայրենիքէն եւ հոգեմտաւոր ժառանգութենէն: Ան միլիոններ չէր, նաւթհորեր չունէր, նաւահանգիստներ եւ նաւատորմ չունէր: Ինչպէս տիւ եւ գիշեր կը շեփորուի, ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔով սահմանուած մարդ էին, բայց աղմկակար շեփորահարները զանոնք չլսեցին, խուլ մնացին: ՄԱԿը, հնչեղ անուններով ժողովները, բազմապատիկ յանձնախումբերը եւ երկինքները ակօսող փողկապաւոր խօսքի եւ բառի աճպարարները մնացին քաղաքական համարուած իրենց փերեզակի դերին մէջ :

            Ի՞նչ ըրաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, եթէ զանց ընենք քանի մը օդին մէջ կորսուած դատարկաբանութիւննեըը  եւ զբօսաշրջութենէ չտարբերող օդանաւային եթեւեկը, որպէսզի, հայոց ցեղասպանութենէն եւ հայրենահանումէն դար մը ետք, կրկին հայոց չպարտադրուի նոյն աղէտը: ՄԱԿը մնաց չանհանգստացող հադիսատես, գոհացաւ սուլիչ փչելով:

            Եւ հարիւրահազարով մարդիկ դարձան գաղթական, կորսնցուցին տուն, օտարուեցան իրենց պատմութիւնը կրող սրբութիւններէն եւ սրբավայրերէն, իրենց հայրերու եւ նախահայրերու կողքին թաղուելու իրաւունքէ, թափառականներ՝ աշխարհի եւ վաղն ալ՝ անդենականի:

            Ի՞նչ բանեցաւ եւ կը բանի Ազգերու համակեցութեան եւ օրէնքի դափնիով ինքզինք զարդարած չանհանգստացած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը:    Տեղական-տեղայնական մանրուքներով զբաղեցաւ:

            Մենք արդէն վարժուած ենք, կամովին, ջնարակուած դատարկ խօսքերով գոհանալու, ինչպէս այդ ըրած ենք ողորմութեան նմանող ցեղասպանութեան ճանաչումներով: Պատեհացա՞ւ որ ՄԱԿի բեմէն, ՄԱԿի անդամներուն եւ բոլոր անոնց որոնց հետ կը կարծենք բանակցութիւններ վարել, ըլլանք Պետութիւն թէ Սփիւռք(ներ), ամէն առիթով, բարեկամ համարուածներու եւ միւսներուն, բացորոշ կերպով եւ առանց ծեքծեքումներու ըսենք, որ իրենք չեն յարգեր Մարդու Իրաւունքը, մեղսակից էին եւ այսօր ալ են, հայութեան իրաւազրկումին, ցեղասպանութեան, հայրենահանման:

            Եթէ յանդգնինք այս ըսել, միթէ՞ աւելի վատ կ’ըլլայ մեր ազգի կացութիւնը, թէ՞ կ’ըլլանք յարգելի:

            Ի՞նչ պիտի ըլլայ վաղը: Ի՞նչ կ’ընեն այսօր: Միջազգային սովորական բարեսիրական վատութիւնը պիտի կրկնուի:  Գաղթական դարձած արցախցիներուն պիտի յատկացնեն քանի մը միլիոն, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, Նոր Զելանատայի եւ Եւրոպայի դռները լայն պիտի բանան, իրենց քաղաքակրթութիւններուն եւ մորթի գոյնին պաշտպանութեան միշտ ալ չխոստովանուող «բարեսիրական» իմաստութեամբ: Մեծերու եւ ուժատէրերու ճատրակի տախտակին վրայ, երէկ հայրենահանուած հայութեան, այսօր բռնագաղթւոած Արցախցիին, անոնց իրաւունքին, վանքերուն, ժառանգութեան տեղ չկայ: Ինչպէս տեղ չկար արեւմտահայութեան, Վանի, Աղթամարի, Անիի, Մուշի, Սիսի, Կիլիկիոյ համար:

            Ո՞վ յանցաւոր պիտի ըլլայ, եթէ վաղը իրաւազրկուածները դառնան, Չարենցի բառերով, «խելագարած ամբոխներ» Եւ կրկին ժողովներ պիտի գումարենք, պիտի գումարեն «Մեծ»երը, հասկնալու համար ,թէ ինչո՞ւ այդպէս եղաւ:

            Միթէ՞ Այնշթայն կամ Կոմփիւկիոս պէտք է ըլալ, հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ կը խելագարին ամբոխները:

            Եթէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը եւ մեծանունները այդ չհասկնան եւ բաւարար իմաստութիւն չունին կանխելու խելագարած ամբոխներու խմորուող զայրոյթը, պէտք է խոնարհիլ յիշատակին առջեւ իմաստուն զօրավար տըԿոլին, որ ՄԱԿը կոչած էր LE MACHIN,            «ԱՅԴ ԲԱՆԸ»: Այսինքն՝      աննշանութիւն:         

            Աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ քաղաքական, տնտեսական, պատերազմական, բռնութեան հետեւանք անարդարութիւններ, նախայարձակումներ, եւ նուաճողական ոճիրներ: Պատահա՞ծ է երեք, որ ՄԱԿը, անոր Ապոհովութեան Խորհուրդը, Իւնեսքոն, իրենք առանձնացնեն Մարդու եւ Ժողովուրդներու դէմ եղած հարց մը, հարցեր, արդար որոշում կայացնեն եւ այդ որոշումը գործադրելու հաւաքական կամք ցուցաբերեն:    Ստալինեան կայսերականութեան եւ կամայականութեան հետեւանք էր Արցախի ներառումը Ազրպէյճանի կազմի մէջ, այդ որոշումը ջնարակելով որպէս «ինքնավար մարզ:

            Այսօր ՄԱԿը քաջութիւն եւ արդարամտութիւն կ’ունենայ ԲՆԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՉԸՆԴՈՒՆԻԼ ՈՐՊԷՍ ԵԿՈՒՈՐ ՆԵՐԽՈՒԺՈՂԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔ: Այս ըմբռնումով, ո՞վ ՄԱԿը պիտի կանգնեցնէ իր պատասխախանատուութեան առջեւ: Ի հարկէ, առաջին հերթին հայ պետութիւնը, նաեւ՝ բազմադէմ սփիւռքը, ոչ միայն ՄԱԿ կազմակերպութիւնը, այլ նաեւ ու մանաւանդ անոր անդամ երկիրները, մէկ առ մէկ:

            Մեր ժողովուրդը, առանց ծեքծեքումներով շնորհակալ ըլլալու եւ գոհանալու բան չնշանակող ճանաչումներով եւ աղքատաց պնակին մէջ նետուած մխիթարութիւն-կրծօն լումաներով, մէկութեան կամքով ինքնիրեն տէր պիտի ըլլայ, հասկցած ըլլալով որ այդ դերը իր փոխարէն ոչ ոք պիտի ստանձնէ:

            Ազգի կեանքի եւ հայրենիքի իրաւունքը չի գնուիր ոչ խօսքի եւ դրամի մխիթարութեամբ:

            ՄԱԿի գոյութիւնը կ’արդարանայ եւ կ’իմաստաւորուի Իրաւունքի վերականգնումով: Այլապէս կը մնան աճպարարի փուճ խօսքեր՝ պարտուածները եւ միամիտները ոտքի քնացնելու սահմանուած:

            Նախ մեր ժողովուրդը ինք պիտի որոշէ իր գոյութենական իրաւունքերուն տէր մնալ եւ անբովանդակ խօսքերը, ինչպէս ըսի, որպէս հնչուն դրամ  չընդունիլ:Միթէ՞ ժամանակը չէ խորհելու, ներկայէն անդին, հեռանկարային ԻՆՉՊէ՞Սի մասին: Ազգի իրաւունք եւ ինքնութիւն կը պաշտապանուի՞ն սպառողական եւ զբօսի ընկերութեան մէջ ծուարած մնալով, այդ ալ յաջողութիւն եւ յաղթանակ համարելով:

            Միթէ՞ իրաւ առաքինութիւն չէ սրբազան խելագարութիւնը, հռոմէացիին ՎԻՐԹՈՒՍը, որ կը նշանակէ հոգեկան ուժ, որ այսօր հայածնունդին համար, անկախ ամէն կարգի  շահախնդրութիններէ եւ իմաստակութիւներէ (սոփեստութիւններէ, կը խտանայ հայրենատիրական յանձնառութեան մէջ, որմէ անդին կ’աճին բառեր չարչրկող  դատարկաբանութիւնները:

            Պէտք է լսել մեծ բանատեղծ Վիքթոր Հիւկոն, որ ըսած էր. «Կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին» (Jai mis un bonnet rouge au vieux dictionnaire):

            Ինչերո՜ւ եւ որոնց վրայ այդ գլխարկը պէտք է դնել: Պէտք է դրած ըլլայինք:    Մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

             Այդ կ’ըլլար հաշուետու եւ հաշուառու իրաւ ազգային-քաղաքական բարոյականութիւն:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles