Լիլիթ Գալստեանի Թարգմանութեամբ «20 Դար. Ռուսական Պոէզիայի Ընտրանի» Գիրքին Շնորհահանդէսը

0 0
Read Time:2 Minute, 17 Second

Վերջերս, Երեւանի մէջ, տեղի ունեցաւ Լիլիթ Գալստեանի «20 դար. ռուսական պոէզիայի ընտրանի» հատորին շնորհահանդէսը։

Անտրէ Պելի, Ալեքսանտր Պլոկ, Աննա Ախմատովա, Մարինա Ցուեթայեւա, Վլատիմիր Վիսոցքի, Իոսիֆ Պրոդտսքի` այս եւ այլ բանաստեղծութիւններու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները ամփոփուած են այս հատորին մէջ:

Բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան գիրքի յառաջաբանին մէջ գրած է. «Բացառիր` յոյզերը, ապրումները, սէրը, նուիրումն ու կարօտը, խամրող հայեացքդ նորէն պայծառացնող մանկութեան տաք յուշերու գգուանքը, եւ տակը ոչինչ կը մնայ: Ապրածդ ժամանակահատուածը դատարկ տհոլի պէս ուժեղ պիտի զարնուի ամբողջ անյայտութեան տանող քամիի մատներուն: Այդպէս ալ է, հիմա մարդկութիւնը անով կը մղուի, եւ բանաստեղծութիւնն է, որ երբեմն-երբեմն հնչելով, ոգեղէն ամէնէն քիչ հրայրքներուն պէս հաղորդակից կը դարձնէ անմեռ զմայլանքներուն` մեր մէջ արթնցնելով մեր իսկ ինքնութեան աստուածային խորհուրդը: Այս անգամ մարդուն պահող արժէքներուն ապրեցնող կածանով անցնելու հրաւէրը Լիլիթ Գալստեանի կողմէ է` «XX դար. ռուսական պոէզիայի ընտրանի»-ն իր թարգմանութեամբ ներկայացնելով ընթերցողին»:

Խաչիկ Մանուկեանի ձեւակերպումով, այս գիրքը ո՛չ միայն ռուսական բանաստեղծութեան կրկին հաղորդուելու հրաւէր է, այլեւ` երկու դարաշրջանները զիրար կապող իւրօրինակ կամուրջ, անոր խօսքով, փայլուն կերպով կ՛արտացոլան գիրքին մէջ ներառուած Մանտելշթամի տողերը:

Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ կայացած շնորհահանդէսին ընթացքին Երեւանի Կինոյի եւ թատրոնի պետական հիմնարկի փրոֆեսէօր, շարժապատկերի մասնագէտ, գրող Դաւիթ Մուրատեան ըսաւ, որ իր թարգմանութիւններով Լիլիթ Գալստեան վեհն ու գեղեցիկը վերադարձուցած է ընթերցողին, եւ շատ կարեւոր է, որ անոնք կարդան յատկապէս երիտասարդները, որոնցմէ շատերը անհաղորդ են բարձր գրականութեան, որովհետեւ չկան համարժէք թարգմանութիւններ:

Լիլիթ Գալստեան ըսաւ, որ երկար մտածած է` նշե՞լ գիրքին ծնունդը, թէ՞ ոչ. «Գիրքը 2019-ին աւարտած էի եւ 2020-ին պէտք էր տպագրուէր, բայց պատերազմ եղաւ, ու բոլորին հետ մենք բոլորս քիչ մը մեռանք: Ես ալ մեռայ, ու տեսակ մը գիրքին ժամանակը չէր, եւ երկար ժամանակ գիրքին ժամանակը չէր… Հիմա ալ տեսակ մը կարծես գիրքին ժամանակը չէ, որովհետեւ մռայլ, անյոյս, շարունակ մղձաւանջի մէջ տեսակ մը մեղաւոր կը զգաս… բայց միւս կողմէ, այնուամենայնիւ, այս մռայլութեան մէջ շողեր պէտք են: Ու ես որոշեցի, որ գիրքին ծնունդը պէտք է նշեմ ու պէտք է նշեմ զայն հարազատներուս հետ, այն մարդոց հետ, որոնք ապրումակից են, ու այստեղ բանալի բառը ապրումակիցն է… եւ հարցը ո՛չ թէ դահլիճ լեցնելն էր, այլ` ապրումակից, հարազատ մարդոց հետ ըլլալը, յատկապէս որ բոլորս քիչ մը ջերմանալու կարիքը ունինք այս օրերուն: Ու կը կարծեմ` այսօր գրականութիւնը, լաւ տողը կրնայ ջերմացնել…»:

Լիլիթ Գալստեան ընդգծեց, որ յուսահատութեան, նահանջի եւ դժուարին իրավիճակներու յաղթահարման ճանապարհները նաեւ կ՛անցնին մշակոյթով, ինքնութենական արժէքներով, որոնք այսօր տեսակ մը ուրացած ենք. «Այս ժողովածուն պարզապէս թարգմանիչի ընտրութիւնն է, պահի զգացողութիւնը… Ինչ-որ պահ մը ինքնութենական պահանջ կը զգայի, արարելու կարիք ունէի, մէկ ալ տեսայ, որ բանաստեղծութիւնն ալ կը ստացուի: Պրոտսքին յիշեցի, որ կ՛ըսէր` բանաստեղծութիւնը մարդկային խօսքի բիւրեղացած տաճար է, ու փորձեցի մտնել այդ տաճարը, մնացածը դուք դատեցէք»:

«20 դար. ռուսական պոէզիայի ընտրանի» գիրքին խմբագիրն է Վահէ Արսէնը, ձեւաւորումը կատարած է Մկրտիչ Մաթեւոսեանը: Լիլիթ Գալստեան հեղինակած է նաեւ` «12 պատմուածք եւ մէկ փիես», «20 դարու ամերիկեան արձակ» ժողովածուները:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles