ՇԱՀԵՐՈՒ ԲԱԽՄԱՆ ՄՐՑԱԴԱՇՏԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍՆ Է
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խոր տարակարծութիւնները տարածուած են նաեւ միջնորդ հարթակներու նկատմամբ կասկածներու եւ մերժողական կեցուածքներու վրայ։ Միացեալ Նահանգներ- Եւրոպական Միութիւն առանցքը ներկայիս բանակցութիւններու համար ընդունելի եւ վստահելի հարթակ մըն է Հայաստանի համար, իսկ Ռուսիան՝ Ատրպէյճանի համար։ Պաքու նոյնիսկ յառաջ կը քշէ « երեք առաւել երեք» հարթակին վրայ Հայաստանի հետ բանակցութիւններ կատարելու ընտրանքը՝ շեշտելով,որ Հայաստանի հետ բանակցութիւններու միջնորդութիւն չեն կրնար կատարել արտատարածքային ուժեր։ Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան։
Ատրպէյճանի այս դիրքորոշման հիմնական պատճառները կը գտնուին ամերիկեան եւ եւրոպական քուլիսներուն մէջ, ուր, ըստ Պաքուի իշխանութիւններուն, ձեւաւորուած են հակաատրպէյճանական կեցուածքներ, դիրքորոշումներ եւ մտադրութիւններ, որոնք կը միտին Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչել՝ յատկապէս Արցախի հայաթափման առաջնորդող զինուորական գործողութիւններու եւ ցեղասպանական ոճիրներու համար։Հետեւաբար թրքական ճակատը՝ Անգարա- Պաքու առանցքով, իր նախընտրութիւնը տուած է Ռուսիոյ՝ իբրեւ ամէնէն վստահելի եւ լիազօրուած միջնորդը, որուն հովանիին ներքեւ կարելի է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կատարել բանակցութիւններ՝ խաղաղութեան հասնելու տեսլականով։
Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի միջնորդութիւնները մերժելով՝ Պաքուի իշխանութիւնները նաեւ ամերիկեան իշխանութիւններուն եւ Եւրոպական Միութեան համապատասխան կառոյցներուն կ՛ուղղեն աննախընթացօրէն սուր քննադատութիւններ, զանոնք ամբաստանելով երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն վարելու, հայամէտ կեցուածքներ դրսեւորելու, հայկական կողմը զինելու, Հայաստանի իբրեւ թէ «վրէժխնդրական մտադրութիւններ ունեցող կողմերու» նեցուկ կանգնելու յանցանքներով։ Անոնք նաեւ, ըստ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, չեն հասկնար, ըմբռներ եւ ընդունիր, որ Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացք առած է «խաղաղութեան եւ արդարութեան ժամանակաշրջան մը», Թուրքիոյ ամբողջական նեցուկը եւ զօրակցութիւնը վայելող Ատրպէյճանի կողմէ, որուն շահերը այս շրջանին ամբողջականօրէն կը համընկնին նաեւ Ռուսիոյ պատկերացումներուն եւ շահերուն, ինչ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրութեան ուղիներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ամբողջական վերաբացման, հակառակ անոր որ մինչ ատրպէյճանցիները օրն ի բուն կը հոլովեն այսպէս կոչուած «Զանգեզուրեան միջանցք» բանալու իրենց որոշումը, ռուսերը կը պնդեն,որ իրենք ոչ մէկ ատեն Զանգեզուրի միջանցք եզրը գործածած են, այլ կը խօսին շրջանին մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ փոխադրութեան ուղիներու ամբողջական վերագործարկման եւ բացման անհրաժեշտութեան մասին։
Ներկայիս, երբ սպասողական վիճակ եւ տրամադրութիւնները չափելու եւ փորձարկելու կացութիւն մը կը տիրէ ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր նաեւ իր միջնորդական առաջարկներով աչքի կ՛իյնայ ընդհանրապէս չէզոք դիրք մը ճշդած Վրաստանը, շրջանային մրցադաշտին մէջ կան իրարու հակադիր ուժեր։ Մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, միւս կողմէ Ռուսիան։Երկու կողմերուն միջեւ մղուող պայքարի դաշտին վերածուած կովկասեան շրջանին մէջ Հայաստանի նախընտրութիւնները կը թեքին դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն, իսկ Ատրպէյճան ներկայիս աւելի մօտեցում կը ցուցաբերէ Ռուսիոյ, հոգ չէ,թէ օգնութիւններ կ՛առաքէ Ուքրայինա։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ օրէ օր աւելի թափ կը ստանայ Ատրպէյճանի հակաամերիկեան հռետորաբանութիւնը, որուն շարժառիթը ամերիկեան իշխանութիւններուն որդեգրած հայամէտ քաղաքականութիւնն է։ Կը պարզուի, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հիմա կը նախընտրեն Ռուսիան, պարզապէս որովհետեւ հայեւռուս յարաբերութիւնները որոշ լարուածութիւն մը կ՛ապրին եւ ռուսերը այս կացութիւնը կը շահագործեն՝ յառաջ մղելով ատրպէյճանամէտ քաղաքականութեան մը զարկ տուող իրենց դիւանագիտութիւնը։
Հայեւատրպէյճանական լարուածութիւնը պարզապէս առիթ մըն է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան համար, որպէսզի վարեն իրենց հակառուսական քաղաքականութիւնը, շահագործելով ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը։Քաղաքական շահերու բախման վայրը Հարաւային Կովկասն է, շահագործուող կողմերը յստակ է, որ տկար դիրքի վրայ գտնուող Հայաստանն ու պատերազմէ յաղթական դուրս եկած Ատրպէյճանն են, իսկ շահառուները՝ Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, իւրաքանչիւրը իր շահերով եւ ակնկալութիւններով։Ուրիշ ոչինչ։