Լրահոս

Ստեփանակերտի Մէջ Ատրպէյճանի Բանակը Կատարեց Զօրահանդէս

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Նոյեմբեր 8-ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախագահութեամբ, բռնագրաւուած Արցախի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ զօրահանդէս մը, նշելու համար 44-օրեայ պատերազմին  յաղթանակը։

Ալիեւ խօսք առնելով, յայտնեց, որ այլեւս անջատողականութիւն չկայ եւ Ատրպէյճան կը վերահսկէ իր ամբողջ տարածքը։ Ան նշեց, թէ 2020-ի պատերազմէն ետք, Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ կատարուած գործողութիւնները, մասնաւորաբար՝ Փառուխի գործողութիւնը, Հայաստանին յղուած ուղերձներ էին:

Ալիեւ անդրադարձաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ տասնամեակներ շարունակուող միջնորդական ջանքերուն: «Միջնորդները, ըստ էութեան, կը փորձէին սառեցնել իրավիճակը: Անոնք այն տպաւորութիւնը ունէին, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը պիտի հաշտուի այդ իրողութեան հետ: Բայց ես տարբեր հարթակներէ կը յայտարարէի, որ եթէ միջնորդական ջանքերը արդիւնք չտան, մենք ուժի կիրարկումով եւ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ պիտի ազատագրենք մեր պապենական հողերը։ Հիմա արդէն Ատրպէյճան հասած է բոլոր նպատակներուն եւ նոր պատերազմ չ՛ուզեր Հայաստանի հետ», ըսաւ ան՝ նոյն ժամանակ հաստատելով, որ կը շարունակէ բանակի հզօրացումը եւ ամրապնդումը: Մենք բոլոր հարցերը լուծած ենք, բայց հարցերը, որոնք կը վերաբերին բանակաշինութեան, մեզի համար առաջնային պիտի մնան: Թող ամէն մարդ գիտնայ, որ այսուհետեւ մեզի հետ կարելի չէ կատակել, մենք ենք հոս թելադրողը», նշեց Ալիեւ:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ալիեւի՝ յայտնելով, թէ Անգարան պիտի շարունակէ Պաքուի կողքին ըլլալ։

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button